«Արմէնփրէս».-ՀՀ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան եւ Ռուսիոյ Անվտանգութեան Դաշնային Ծառայութեան սահմանապահներու կողմէն իրականացուած աշխատանքներու հետեւանքով 19 Սեպտեմբերին Երեւանի ժամանակով ժամը 23:45-ին ատրպէյճանական կողմը վերադարձուցած է 18 Սեպտեմբերի երեկոյեան իր տարածքին մէջ յայտնուած ՀՀ երկու քաղաքացիները: «Սոյն թուականի 19 Սեպտեմբերին ՀՀ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը հաղորդագրութիւն տարածած էր այ, որ ՀՀ Կոտայքի մարզի Քասախ համայնքի երկու բնակիչներ Գորիս-Որոտան ճամով երթեւեկելու ընթացքին շեղած են մայրուղիէն եւ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքին մէջ յայտնուած են: Կը տեղեկացնենք, որ ՀՀ ԱԱԾ եւ ՌԴ ԱԴԾ սահմանապահներու կողմէն կատարուած աշխատանքներու հետեւանքով ժամը 23:45-ին ատրպէյճանական կողմը վերադարձուցած է վերոյիշեալ անձերը»,ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: