Երեքշաբթի, 16 Նոյեմբեր 2021-ին, «Arabic.Sputnik» կայքը հաղորդեց, որ Սուրիական-Յորդանանեան սահմանային «Ազատ Գօտի»ի տնօրէն Արֆան Խասաունէ յայտարարեց, որ Յորդարանի եւ Սուրիոյ միջեւ ապահովական իրավիճակը բարելաւուեցաւ, ուստի հաւանական է, որ սուրիական-յորդանանեան սահմանային «Ազատ Գօտի»ն վերաշխուժանայ նախքան 2021-ի աւարտը։ Խասատունէ յայտնեց, որ շրջանը պիտի տրամադրուի երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրական ապրանքներու փոխադրութեան։ Շրջանին մէջ բանիլ պիտի սկսին նաեւ կարգ մը գործարաններ, ինքնաշարժներու ցուցահանդէսներ եւ այլ գործունէութիւններ։ 6500 արտ. տարածութեամբ «Ազատ Գօտի»ն կը գտնուի «Նասիպ» անցկէտին յարակից։ Շրջանը փակուեցաւ 2015-ին ապահովական պայմաններուն բերումով։