Չորեքշաբթի 17 Նոյեմբեր 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ առաւօտեան ժամը 12:45-ին, Իսրայէլ սուրիական գրաւուած Կոլանէն երկու հրթիռներ արձակեց Դամասկոսի հարաւային բաժինին ուղղութեամբ։ Սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրին հրթիռներուն եւ վար առին անոնցմէ մէկը։ Աղբիւրը աւելցուց որ վնասներ չեն արձանագրուած։