Հայաստանի եւ թուրք-ազերիական հակամարտութեան տարեգրութեան մէջ, 16 Նոյեմբեր 2021-ը պիտի արձանագրուի իբրեւ 44-օրեայ պատերազմէն ետք առաջին մեծ, ամէնէն մտահոգիչ բախումը, որ այլապէս կրնայ նախաճաշակ մը տալ, թէ ցնորական խաղաղասիրութիւն հետապնդող Հայաստանի իշխանութիւններուն վարքագիծը ինչպիս՛ նոր պատուհասներ կրնայ բերել Հայաստանի գլխուն, նաեւ քանի մը աստիճան աւելի՛ շեշտել այն, որ Արցախի մեծ մասին (այսինքն՝ պաշտպանողական վահանին) կորուստէն ետք, Հայաստանի համար խաղաղութեան դարաշրջան չէ բացուած, այլ համաթուրանական ծրագիրներուն հետապնդումը յառաջ կ’ընթանայ ի նեճուկս մեր Սիւնիքին, Հայաստանին: Մէկ խօսքով, ճգնաժամերը չեն փարատած, այլ նոր անդունդներ «կը նուաճեն»:

***

Դէպքերու մանրամասնութիւնները ծանօթ են: Երեքշաբթի կէսօրին, բացայայտ դարձաւ, որ ազերիական լայնածաւալ (պատերազմէն ետք ամէնէն սաստիկ) յարձակում մը շղթայազերծուած է «Հայաստանի արեւելեան սահմանին վրայ»: Չմտնենք այն մանրամասնութիւններուն մէջ, թէ պաշտօնական յայտարարութիւններն ու հաղորդագրութիւնները ինչպիսի անորոշութեամբ հաստատեցին լուրը, ապա, երբ մի՛շտ ընդդիմադիր եւ օտար աղբիւրներու հաստատումներէն ետք, տուին աւելի մանրամասն տեղեկութիւններ: Ի յայտ եկաւ, որ նորագոյն թշնամանքը սկսած էր… 2 օր առաջ (իսկ թէ լուրերը ինչո՞ւ այսքան ուշացումով կը հրապարակուին՝ պէտք է հարցնել գաղտնապահութիւնը իմաստազրկած իշխանութեան), նշանաւոր Սեւ լիճին մօտակայ Իշխանասարի շրջանին մէջ. ինչպէս կարելի է տեսնել քարտէսին աչք մը նետելով՝ սա ունի ռազմավարական նշանակութիւն, եւ եթէ թշնամիին յառաջխաղացքը չկասեցուէր, Գորիսէն Սիսիան եւ աւելի հիւսիս տանող ճամբան ալ պիտի իյնար ազերիական վերահսկողութեան տակ, հոն ալ մարդիկը կրնային վաղը մաքսակէտեր հաստատել եւ վերջնականապէս կուլ տալ հողաշերտ մը եւս: (Ըստ վարչապետին, ազերիները ցարդ 41 քառ. քլմ տարածք գրաւած են Հայաստանէն: Հաւանաբար հաշուի չէ առնուած այն տարածքները, որոնք, ըստ վարչապետին եւ գործակից-խորհրդակից պատտօնատարներու, արդէն Ազրպէյճանին կը պատկանին… սահմանագծումով յստակացուելէ առաջ):

Հայկական պաշտպանական ուժերը հակադարձած են եւ, ըստ հաւաստիքներուն՝ «ետ մղած են ազերիական յարձակողականը». Մոսկուա յայտնեց, թէ միջամտած է ի խնդիր խաղաղութեան վերահաստատման: Տեղի ունեցած է Փաշինեան-Փութին հաղորդակցութիւն, նաեւ՝ հաղորդակցութիւն տեղի ունեցած է մէկ կողմէ՝ Ռուսիոյ, եւ միւս կողմէ՝ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարներուն միջեւ: Վարչապետը գլխաւորեց Ապահովութեան խորհուրդի նիստը, խիստ բառեր գործածեց Ազերիական յարձակողականին եւ խաղաղութեան ճիգերու խափանման անոր ճիգերուն մասին (հազուադէպ պարագայ), յետոյ, ընդհանրական բառերով կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին, որ անհրաժեշտ միջոցներուն դիմէ: Անվտանգութեան խորհուրդի վարիչ Արմէն Գրիգորեան յայտարարեց, որ Հայաստան բանաւոր դիմում ներկայացուցած է ՀԱՊԿ-ին, «կը մտածուի ներկայացնել նաեւ գրաւոր դիմում»: Եւ յանկարծ, Հայաստանի իշխանութիւնները յիշեցին, որ ներկայ նստաշրջանին, ՀԱՊԿ-ի նախագահութիւնը կը վարէ Հայաստանը, որ մինչեւ օրս, այսինքն, ազերիական առաջին թափանցումէն (Սեւ լիճի շրջան, 12 Մայիսին) ասդին, լուրջ կերպով չէ օգտագործած այս խմբակին անդամակցութեան «գործիքը»: Յայտնապէս Հայաստանի մէջ կայ այն կարծիքը, թէ ամբողջ աշխարհը, ներառեալ Մինսքի խմբակին անդամները օրն ի բուն կը հետեւին Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանի իրավիճակին եւ բաւարար է, որ այս կամ այն իշխանաւորը կամ պաշտօնատարը պատկերասփռուած կոչով մը դիմէ իրենց, որպէսզի իրենք ալ փէշերը հաւաքելով՝ օգնութեան ձեռք երկարեն Հայաստանի: (Անմիջապէս արձանագրենք, որ եթէ պաշտօնական դիմում, գրաւոր պահանջ ալ ներկայացուի, պէտք չէ մեծ գրաւ դնել արտաքին օժանդակութիւններու վրայ, այլոց ծանօթ հաշուարկներուն պատճառով: Եթէ միայն յիշեցնենք, որ ՆԱԹՕ-ն հազիւ թէ մատը մատին կը զարնէ, երբ Յունաստան անոր օգնութեան կը դիմէ ընդդէմ նոյնինքն ՆԱԹՕ-ի իր դաշնակից-թշնամին՝ Թուրքիոյ աղաղակող ոտնձգութիւններուն եւ յարձակողական արարքներուն առիթով…):

Օրուան աւարտին, երբ ասկէ-անկէ հաւաքագրուած տեղեկութիւններուն ընդհանուր հաշուեցոյցը աւելի յստակ էր, հաստատուեցաւ, որ հայկական կողմը կորսնցուցած է երկու դիրք, ունինք առ նուազն մէկ զոհ (կ’ըսուի, որ զոհերուն թիւը 15 է), ունինք անորոշ թիւով վիրաւորներ (թէ ինչո՞ւ թիւը անորոշ է, դարձեալ մի հարցնէք, որովհետեւ հանաւաբար մաս կը կազմէ պետական գաղտնիքներու ցանկին): Ազերիական կողմը գերի տարած է 12 զինուորական (որոնք ահա կը գումարուին անծանօթ թիւով հայ գերիներուն վրայ եւ, եթէ հարցնէք վարչապետին՝ պէտք է համբերութեան բազմաթիւ բաժակներով օժտուած ըլլան, սպասելով այն մտացածին օրուան, երբ այս իշխանաւորին խաղաղութեան տենչերը… ցնդին եւ ան սկսի ոտքերը գետին դնել, քայլ մը անդին անցնի Ազրպէյճաին եւ «զայն քաջալերողներու», իմանալ՝ Թուրքիոյ հասցէին դատապարտանքի անվաղորդայն խօսքերէն): Թշնամին ալ ընդունած է, թէ ունի կորուստներ, սակայն նաեւ փութաց հակաքարոզչութեան, հաւաստելով, որ հայկական կողմն էր որ երկու օրէ ի վեր յարձակումներ կը գործէ ազերիական դիրքերու վրայ: Չհաստատուեցան այն տեղեկութիւնները, թէ բախումներ եղած են նաեւ Տաւուշի սահմանին վրայ, թէ՝ Սոթքի շրջանին մէջ կարգ մը գիւղեր վտանգուած են, պարպուած են կամ կրնան պարպուիլ:

***

Երեքշաբթիի բախումները փաստեցին կարեւոր բան մը. երբ Հայաստան կը դիմէ ինքնապաշտպանութեան իր անվիճելի իրաւունքին, զինու ուժով կը հակադարձէ թշնամիին յարձակողականին եւ կը խորտակէ բանակայիններ ու զրահապատներ, սա չի նշանակեր, թէ անմիջապէս լայնածիր պատերազմ մը պիտի պայթի (կարելի չէ արհամարհել յարձակումներու կրկնութեան հաւանականութիւնը): Աւելին, սա գործնապէս ապացուցեց, որ Հայաստանի իշխանութիւնը պէտք է դուրս գայ ինքնախաբէութեան, ժողովուրդը պատրանքներով սնուցանելու ընթացքէն, թափ տայ, մէկ կողմէ՝ բանակի սպառազինման, սահմանային դիրքերու ամրացման (դէպքերը ցոյց տուին թէ տարիէ մը ի վեր պէտք եղած հոգածութիւնը չէ ցուցաբերուած. հաւանաբար բանակայինները դադրած են… ելակով սնուցուելէ), իսկ միւս կողէ, ճիշդ ձեւով եւ լիարժէքօրէն գործածէ քաղաքական-դիւանագիտական իր լծակները, որքան ալ որ անոնք, ի՛ր իսկ ձախաւեր վարմունքներով, տարած է սնանկութեան սեմին: Ճիշդ է, նոյնինքն Անվտանգութեան խորհուրդի վարիչը փութաց հանդիպումներ ունենալու Բրիտանիոյ եւ Իրանի դեսպաններուն հետ, ճիշդ է, որ Մինսքի խմբակէն Ազրպէյճանի դէմ արտայայտութիւններ արձակուեցան, բայց յստակօրէն չտեսնուեցաւ, որ հայկական դիւանագիտութիւնը անհրաժեշտ հզօրութեամբ եւ ծաւալով գործի անցած է, գործի լծելով դեսպաններ ու պետական այլ լծակներ: (Ի դէպ, կաֆ մըն ալ արձանագրուեցաւ, երբ հաղորդուեցաւ, թէ «ՀԱՊԿին դիմեցինք»ի հաւաստիքին դիմաց, Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանը յայտարարած է, թէ ՀԱՊԿին դիմում չէ կատարուած…):

***

Կացութեան բացայայտ վատթարացումին դիմաց, եւ փոխանակ համապատասխան հակազդեցութեան գործի անցնելու, վարչապետն ու այլ պատասխանատուներ երեկոյեան վերստին հագան «խաղաղասիրութեան պատմուճան»ը, հաւաստելով, որ սահմանին վիճակը խաղաղած է (այսինքն, շատ մի՜ մտահոգուիք): Ազրպէյճանի խափանարարութիւնը տեսնելէ եւ զայն դատապարտելէ ետք, վերստին հնչեցին «մենք կը նախընտրենք խաղաղ բանակցութիւններու ուղին» խօսքերը, փոխանակ դիմելու վտանգաւոր վիճակը աշխարհով մէկ, քարոզչականէն անդին՝ ազդելու կարողութիւն ունեցողներուն ահազանգելու ընտրանքին (ի դէպ, սա արձանագրելով, չթողունք այն տպաւորութիւնը, որ պատերազմի համակիր ենք, սակայն երբ թշնամիդ օրն ի բուն, եւ տարիներէ ի վեր ամէն բան կ’ընէ խաղաղասիրութիւնդ խորտակելու եւ նսեմացնելու համար, տեղ մը բան մը պէտք է փոխուի մտածողութեանդ, կացութիւնը դիտելու եւ դիմակալելու տրամաբանութեանդ մէջ, անշուշտ եթէ տեղ մը… տրամաբանութիւնը կը բանի):

***

Ներքին բեմին վրայ, կաֆերու շքերթը շարունակուեցաւ այլապէս:

Իշխանական խմբակը օր մը առաջ «ասֆալթին փռեց» ընդդիմադիրներու այն պահանջը, թէ պէտք է արտակարգ նիստ գումարել, քննարկելու համար սահմանի, Սիւնիքի, գերիներու եւ նման հրատապ հարցեր (հիմա ալ չի խօսուիր այն մասին, թէ ազերիական կողմը գրեթէ ամիսէ մը ի վեր արգելք կ’ըլլայ պատերազմի զոհերու մարմինները փնտռելու աշխատանքին, եւ Երեւանի ու Արցախի իշխանութիւնները այդ ալ կլլած են անաղմուկ): Խորհրդարանի նախագահը անիմաստ, մանկական եւ անհիմն պատճառաբանութիւններ շարեց, թէ ինչո՞ւ մերժուած է արտակարգ նիստի ընդդիմադիրներուն պահանջը: Սա առաջինը չէ, որ «պայմանագրեալներ»ը կը խափանեն ընդդիմադիրներուն լուրջ քննարկման պահանջները (եւ կան մարդիկ, որ իրենց աչքերը փակ կը պահեն ընդդիմադիրներու ճիգերուն դիմաց, կը նախընտրեն ընդդիմադիր ճակատը քննադատել՝ բան չընելու մեղադրանքներով: Իսկ ընդդիմադիրները ՃԻՇԴ Կ’ԸՆԵՆ, եթէ բիրտ ուժի չեն դիմեր եւ ներքին բախումներու չեն երթար, ինչպէս այսօրուան իշխանականները ընդդիմադիրի դիրքերէ ըրին 2018-ին եւ… 2008-ին): Հակադարձելով, ընդդիմադիր երկու խմբակցութիւնները մերժեցին մասնակցիլ Ազգային ժողովի Երեքշաբթիի նիստին, յայտարարելով, որ երբ սահմանին ու Սիւնիքի վրայ ստեղծուած է ահազանգային, օրհասական վիճակ, կարելի չէ նիստ գումարել եւ օրակարգի նախապատիւ հարց համարել պիւտճէական, հարկային-դրամատնային եւ սնդիկային հարցեր (կը համոզուի՞ք ու կը տեսէ՞ք, թէ ընդդիմադիրները որքան կը չափազանցեն, ինչպէս նկատեց Ալէն Սիմոնեան՝ քանի մը ամիս առաջ):

Իշխանաւորներու յերիւրածոյ ու ստապատիր ելոյթներուն ի տես, մարդ կը զարմանայ, թէ Փաշինեանի ու գործակիցներուն քիթերը ինպէ՞ս չեն երկարիր Փինոքոյին պէս: Աւելին, Երեքշաբթիի նիստին, երբ ընդդիմադիրները քաշուեցան սրահէն, «պայմանագրեալներ»ը, որոնք արժանաւորապէս շահած են «շիշ բռնող», «ուսապարկ», «քալող» եւ նման տիտղոսներ, ստեղծուած վիճակին մասին արդար մտահոգութիւններ բարբառելէ ետք (ըսենք՝ «աւելի լաւ է ուշ, քան երբեք»), փութացին մեղադրանքներ շռայլել ընդդիմադիրներուն հասցին, զանոնք այպանելով, թէ «այսպիսի ծանր վիճակի մէջ, անոնք քննարկումի չեն մասնակցիր»: Այս պարագային ալ, մարդս կը շուարի, թէ այս երկարալեզու  պատգամաւորներուն ականջնե՛րը ինչպէ՞ս չեն երկարիր…:

***

Հիմա յստակ է (ե՞րբ չէր որ…). Երեքշաբթիի յարձակումը ակնդարդային արարք չէր, ո՛չ ալ «խանդավառութեան արտայայտութիւն» (կը յիշէք, չէ՞, թէ Ա. Սիմոնեան ինչպէս լուսաբանեց Արցախի մէջ հայ մը սպաննող ազերիին արարքը): Ամիսներէ ի վեր, հիմնականին մէջ ընդդիմադիր աղբիւրներ ահազանգ ահազանգի ետեւէ հնչեցուցած են, որ ազերիները նոր յարձակումի կը պատրաստուին, իրենց բռնագրաւած գօտիներէն ներս ամրութիւններ կը հաստատեն, Թուրքիոյ հետ բազմիցս միացեալ ռազմափորձեր ըրին, զուգահեռաբար, թուրք-ազերիական քարոզչական մեքենան եւ քաղաքական-դիւանագիտական սարքերը անդուլ աշխատանք կը տանին (եւ պատահակա՞ն էր, որ միջազգային ազդեցիկ լրատու աղբիւներ Երեքշաբթիի բախումը նկատեցին «հայկական կողմի նախայարձակման հետեւանք»): Մինչդեռ ասդին, մեր «մարդիկը» կախուած են «խաղաղութեան դարաշրջան պիտի բանանք», «ճամբաները պիտի ապաշրջափակենք», «տնտեսական զարգացման դաշտ կը պատրաստենք» ու նման պատրանքներու պոչերէն:

Այս խմբակը կրկին ու կրկին անգամ ապացուցած է, թէ անկարող է իրականութիւնները «ճիշդ կարդալ», տուեալ պայմաններուն մէջ ըստ կարելւոյն ճիշդ կողմնորոշուիլ եւ օգտաբեր քայլերու ձեռնարկել: Սա կրկին ու կրկին կ’արդարացնէ ընդդիմադիրներուն այն համոզումը, թէ Հայաստանի ու Արցախի տագնապալի եւ անկումային, պարտուողական ընթացքը կարելի չէ կասեցնել, այնքան ատեն, որ անկարողներու եւ իմաստակներու այս խմբակը կը պահէ իշխանութեան ղեկը: (Ի դէպ, կը յիշէ՞ք. Արցախ մը ունէինք, որուն 75 առ հարիւրը հիմա չունինք, իսկ մնացեալն ալ «Դամոկլեան սուր»ի տակ ինկած է՝ ասոնց երեւակայած սահմանազատման-սահմանագծման ծրագիրներուն հետեւանքով, ծրագիրներ, որոնք պատերու ծեփուած են թուրք-ազերիական ԱՐԱՐՔՆԵՐով, ուր կը բանի «Գորդեան հանգոյցը» կտրելու տրամաբանութիւնը եւ արդէն «Զանգեզուրի միջանցք»ի հետամտութեամբ սկսած է մարմնաւորուիլ նա՛եւ Հայաստանի մէջ):

Ե՞լքը: Դժուար է, բայց ո՛չ անկարելի: Նախապայման է, որ ԱԶԳԱՅԻՆ ՇԱՀԵՐՈՒ ՀԵՏԱՄՈՒՏ ԲՈԼՈՐ ՁԵՌՔԵՐԸ միանան, վերստին բիւրեղացուի մեր շահերուն հիմամբ ամբողջական «ճամբու քարտէս» մը, որ աչքի առջեւ ունենայ ներքին ու արտաքին, նաեւ տնտեսական բեմերու բոլոր տուեալները, կարելիութիւններն ու ըստ այնմ, վերականգնէ խորտակուած ու նսեմացուած, սնանկութեան տարուած կարողականութիւնները: Նմանապէս դժուար է, բայց ո՛չ՝ անկարելի, որ իմաստնութեան ականջ տալու տրամադիր «պայմանագրեալնթր» միանան հայրենիքի փրկութեան ճիգերուն: Չէ՞ որ նախորդ խորհրդարանի անդամ՝ կարգ մը նախկին «քալողներ» հիմա շատ աւելի իրատես են եւ պայքարի դաշտ մտած են ընդդիմադիրներու շարքերէն…

Քաղաքական գործիչներ, պատմաբաններ եւ իմաստուն մարդիկ (որոնց շարքին՝ բազմաթիւ անկուսակցականներ) վերջերս աւելի յաճախ եւ աւելի՛ լսելի ձայնով կը յիշեցնեն, որ մենք, իբրեւ Հայաստան եւ Հայ ժողովուրդ, բազմիցս ինկած ենք մեր ուժերէն վեր յորձատուտներու մէջ, սակայն ի վերջոյ յաջողած ենք գտնել վերականգնելու բանալիները: Երբեք ամօթ չէ դիմել պատմաբաններու, քարտէսագէտներու, գիտնականներու եւ իսկապէս բանիմաց մարդոց խորհուրդներուն, ձեւականէն անդին՝ ի՛սկապէս ձեռք երկարել ընդդիմադիրներուն, որոնք բազմիցս ապացուցած են, որ հայրենիքի պաշտպանութեան, գերագոյն շահերուն համար, պատրաստ են մէկդի դնելու տարակարծութիւնները եւ բռնցքուելու թշնամիին դէմ:

Այսօրուան բանալին պիտի ըլլայ, միասնութեան վերականգնումի կողքին, ՍԵՓԱԿԱՆ-ԱԶԳԱՅԻՆ շահերով առաջնորդուելու կամքին ամրակայումը: Նոյնքան կարեւոր է վերջ տալ «այսինչը հիներէն է», «այնինչին կուսակցական ըլլալը հաճելի չէ» եւ նման մօտեցումներու, որոնք մտային կուրութեան մատնած են մինչեւ իսկ բանիմաց եւ իբրեւ իմաստուն ճանչցուած անհատներ: (Իսկ պէտք ունի՞նք յիշեցնելու, որ այլապէս ալ որոշ թուլացումէ անցած մեր միասնութիւնը իսկական աղէտի մատնուեցաւ՝ «հին»-«նոր»ի, «սեւ»-«սպիտակ»ի եւ նմանօրինակ այլանդակ նշանախօսքերու իրականացումով):

16 Նոյեմբեր 2021

Ս. ՄԱՀՍԵՐԷՃԵԱՆ

 

ՔԱՐՏԷՍԻ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆԸ

 

Թիւերով նշուած կէտերը. 1.- Սեւ լիճ,  2.- Գորիս-Կապան ճամբու գրաւեալ հատուածը