1.Հա­սա­րա­կած եւ հա­սա­րա­կաց
Ոմանք հա­կա­մէտ են շփո­թե­լու այս եր­կու­քը, յատ­կա­պէս անոնք, որոնք աշ­խար­հագ­րու­թիւնը հա­յե­րէն չեն սոր­ված, ինչ­պէս մեր օրե­րուն էր:
Հա­սա­րա­կած-ը այն երե­ւա­կա­յա­կան  շր­ջա­գիծն է, որ եր­կու­քի կը բաժ­նէ  երկ­րա­գուն­դը՝ յա­ռա­ջաց­նե­լով  հիւ­սի­սա­յին եւ հա­րա­ւա­յին կի­սա­գուն­դե­րը. «quateur կամ equator» ըս­ուածն է:
Այդ գի­ծին մօ­տիկ ցա­մա­քա­յին տա­րածք­ներն ալ կը կոչ­ուին  արե­ւա­դար­ձա­յին, որոնք կը բնո­րոշ­ուին իրենց  չո­րու­թեամբ, տա­քութ­եամբ եւ անձ­րե­ւա­յին տե­ղում­նե­րով:
Հա­սա­րա­կաց-ը հա­սա­րակ բա­ռին սե­ռա­կան հո­լովն է եւ կը նշա­նա­կէ հա­սա­րա­կու­թեան՝ հան­րու­թեան՝ հա­մայն­քին՝ ընդ­հա­նու­րին վե­րա­բե­րող:  Կը հա­կադր­ուի ան­հա­տա­կան, սե­փա­կան  ածա­կան­նե­րուն. օրի­նակ՝ «հա­սա­րա­կաց օգու­տին հա­մար» կը նշա­նա­կէ ոչ-ան­հա­տա­կան, այլ բո­լո­րին օգու­տին ծա­ռա­յող:
2.Բարձ­րա­հա­սակ եւ մե­ծա­հա­սակ
Ան­ցած օր տեղ մը այս եր­կու­քը մի­ա­տեղ կար­դա­ցի՝ իբ­րեւ իրա­րու հո­մա­նիշ:
Իսկ ասոնք միշտ ու ամէ­նուր հո­մա­նիշ չեն:
Բարձ­րա­հա­սակ-ը կ’ակ­նար­կէ միայն հա­սա­կի չա­փին՝ ան­կախ են­թա­կա­յին տա­րի­քէն: Կր­նայ մէ­կը բարձ­րա­հա­սակ ըլ­լալ՝ առանց ու­նե­նա­լու տա­րի­քը ու­րի­շի մը, որ սա­կայն նուազ հա­սա­կա­ւոր է:
Իսկ մե­ծա­հա­սակ-ին մէջ հա­սա­կի չա­փը խա­բու­սիկ է. այս բա­ռը «մեծ հա­սակ ու­նե­ցող» կը հասկ­նան անոնք, որոնք հա­յե­րէ­նին բա­ւա­կա­նա­չափ չեն տի­րա­պե­տեր: Մե­ծա­հա­սակ-ը տա­րի­քոտն է, պատ­կա­ռե­լի տա­րիք ու­նե­ցողն է: Այս այս­պէս է, նոյ­նիսկ եթէ շփո­թի որոշ տե­ղիք մը կայ:
Ու­նինք հա­սա­կա­կից բա­ռը, որ…թե­րեւս  առա­ջին  նուագ թե­լադ­րէ նոյն կամ իրա­րու շատ մօ­տիկ հա­սակ­ներ, սա­կայն ան շատ աւե­լի կը նշա­նա­կէ տա­րե­կից, նոյն կամ մօ­տա­ւոր տա­րի­քը ու­նե­ցող­ներ:
Նա­հա­պետ Ռու­սին­եան ու­նի հա­սակ-ի այս նշա­նա­կու­թիւնը հաս­տա­տող գե­ղե­ցիկ կի­րար­կու­թիւն մը.
«Հա­սակ մը կայ մեր կե­նաց մէջ,
Ուր ամե­նայն իղձ կ’աւար­տի»…
Ուր հա­սակ կը նշա­նա­կէ տա­րիք. «Տա­րիք մը կայ մեր կեան­քին մէջ, ուր ամէն իղձ կ’աւար­տի»,- այ­սինքն կը դադ­րինք ցան­կա­լէ…
Հար­կաւ այս բո­լո­րով հան­դերձ հա­սակ չի դադ­րիր մարմ­նա­կան  բարձ­րու­թիւն նշա­նա­կե­լէ:
3. Ձեռք բե­րած
Այս ասոյ­թը հա­մա­հայ­կա­կան հն­չե­ղու­թիւն ու­նի եւ հա­սա­րա­կօ­րէն կը նշա­նա­կէ ինչ-որ յա­ջո­ղու­թիւն մը ար­ձա­նագ­րած, բա­նի մը հա­սած՝ յետ եր­կար ճի­գի ու կամ­քի: Այլ խօս­քով՝ ան ու­նի բո­լո­րո­վին դրա­կան հն­չե­ղու­թիւն մը:
Ահա այս նշա­նա­կու­թե­նէն ալ մեկ­նած՝ շատ խորթ էր հայ­րե­նի լրագ­րո­ղի մը հետեւ­եալ  կի­րար­կու­թիւնը, ուր կ’ակ­նարկ­ուէր  վեր­ջին պա­տե­րազ­մի մաս­նա­կից­նե­րէն մէ­կուն, որ «Ար­ցա­խում հաշ­ման­դա­մու­թիւն ձեռք բե­րած է»:
Հաշ­ման­դա­մու­թեան հա­մար չենք կր­նար ըսել «ձեռք բե­րած»:
Պէտք է ըսել՝ են­թարկ­ուած, դա­տա­պարտ­ուած, հան­դի­պած կամ բա­ցա­սա­կա­նու­թիւն ար­տա­յայ­տող որե­ւէ ու­րիշ բառ: Հաշ­ման­դա­մու­թիւնը ձեռք­բե­րում չէ. փոր­ձանք ու խե­ղում է:
4. Բա­ւա­րար­ուիլ-բա­ւա­րար­ուած
Բա­ռա­գի­տա­կան յա­ջորդ թիւ­րի­մա­ցու­թեան հե­ղի­նա­կը այս ան­գամ արեւմ­տա­հայ մըն է, որ օրերս կազմ­ուած դահ­լի­ճի առ­թիւ կը գրէ.
«Ան հաս­տա­տեց, որ լի­բա­նան­ցի ժո­ղո­վուր­դը բա­ւա­րար­ուած է զինք հար­ուա­ծած փոր­ձանք­նե­րով»:
Բա­ւա­րար­ուիլ՝ չոփ-չոր մեկ­նա­բա­նու­թեամբ կը նշա­նա­կէ  բա­ւա­րար, բա­ւա­կա­նա­չափ ստա­ցած ըլ­լալ: Սա­կայն այս բա­ռա­ցի մեկ­նա­բա­նու­թիւնը բա­ռիս ողջ իմաս­տը չի ցո­լաց­ներ. անոր մէջ կը գտն­ուի հո­գե­բա­նա­կան երանգ մը, որ այս մեկ­նա­բա­նու­թիւնը չի տար:
Բա­ւա­րար­ուիլ կը նշա­նա­կէ բա­ւա­րար, բա­ւա­կա­նա­չափ ստա­նալ եւ… գոհ ըլ­լալ ստա­ցա­ծէն, գո­հա­նալ ստա­ցա­ծով: Բա­ւա­րա­րու­թիւն՝ գո­հու­նա­կու­թիւն կը նշա­նա­կէ: Այս մեկ­նա­բա­նու­թեամբ՝ մեր վե­րը մէջ­բե­րած օրի­նա­կը  պի­տի  նշա­նա­կէ. «Լի­բա­նան­ցի ժո­ղո­վուր­դը գո­հա­ցած  է զինք հար­ուա­ծած փոր­ձանք­նե­րով»,- ինչ որ չի հա­մա­պա­տաս­խա­ներ, չի կր­նար հա­մա­պա­տաս­խա­նել իրա­կա­նու­թեան: Ոչ ոք իր ստա­ցած հար­ուած­նե­րով  գոհ կր­նայ ըլ­լալ, նման ար­տա­սո­վոր արա­րած գո­յու­թիւն չի կր­նար ու­նե­նալ:
Այ­սու­հան­դերձ լրագ­րո­ղին նպա­տա­կը  այս չէ, խոր­քին մէջ ան կ’ու­զէ ըսել՝ լի­բա­նան­ցի ժո­ղո­վուր­դը լի­ա­ցած է…յա­գե­ցած է… աւե­լի պատ­կե­րա­ւոր՝ կշ­տա­ցած է, որ հա­մար­ժէք է «գա­նած է, զզ­ուած է» ըսե­լու:
5. Տի­րոջ եւ տէ­րոջ
Տէ­րոջ ձե­ւին կը հան­դի­պինք Աստ­ուա­ծա­շուն­չի աշ­խար­հա­բար թարգ­մա­նու­թիւն­նե­րուն մէջ, ան­կէ ալ ան­ցած՝ աւե­տա­րա­նա­կան քա­րո­զիչ­նե­րու, ինչ­պէս նա­եւ այդ հա­մայն­քի ան­դամ­նե­րու բա­ռամ­թեր­քին մէջ: Ան­շուշտ բա­ցառ­ուած չէ, որ ու­րիշ­ներ եւս կի­րար­կեն զայն:
Ստոյգ է. աղ­բիւ­րը 1853-ի թարգ­մա­նու­թիւնն է:
Տէ­րոջ ձե­ւը խորթ է անով, որ բա­ռիս հո­լո­վու­մը ոչ աշ­խար­հա­բար­եան է, ո՛չ գրա­բար­եան:
Աւե­լի ճիշ­դը՝ կէս աշ­խար­հա­բար­եան է, կէս գրա­բար­եան:
ևՈջ վեր­ջա­ւո­րու­թիւնը կը թե­լադ­րէ գրա­բա­րը:
ևԷ ձայ­նա­ւո­րի անհն­չիւ­նա­փոխ ներ­կա­յու­թիւնը՝ աշ­խար­հա­բա­րը:
Կա՛մ պէտք էր ըսել՝ տէ­րին, որ մա­քուր աշ­խա­հա­բար­եան է, սա­կայն…առայժմ ըն­դու­նե­լի չէ մեր ականջ­նե­րուն եւ ճա­շա­կին:
Կա՛մ պէտք էր ըսել՝ տի­րոջ, որ ըն­դու­նե­լի ձեւն է, եւ որուն մէջ  ըստ գրա­բա­րի թե­լադ­րու­թեան ու­նինք է>ի հն­չիւ­նա­փո­խու­թիւնը եւ    -ոջ հո­լո­վա­կան վեր­ջա­ւո­րու­թիւնը:
Բայց ո՛չ տէ­րոջ, որ կէս գրա­բար է, կէս աշ­խար­հա­բար, աւե­լի ճիշ­դը՝ ո՛չ գրա­բար է, ո՛չ աշ­խար­հա­բար:
6. Մոսի­եան-Մո­սիյ­եան
Այս օրերս շատ հո­լով­ուե­ցաւ այս յա­տուկ անու­նը. արե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նի մէջ՝ Մո­սի­յան, մեր մէջ…Մո­սիյ­եան: Խե­ղան­դամ գրու­թիւնը չթոյ­լատ­րեց, որ կեդ­րո­նա­նա­յի ան­ձին ինք­նու­թեան վրայ՝ գիտ­նա­լու հա­մար, թէ ո՛վ էր ան:
Պէտք է ըլ­լայ Մոսի­եան՝ առանց յ-ի:
Հա­յե­րէ­նը  իբ­րեւ ձայ­նա­կապ յ կը դնէ միայն  ա  եւ ո ձայ­նա­ւոր­նե­րուն յա­ջոր­դող մա­կան­ուա­նա­կան ածան­ցէն կամ այլ ածան­ցէ առաջ:
Այս­պէս՝ Բա­լա-յ-եան, Գա­յա-յ-եան, Գո­ճա-յ-եան:
Մի­նո-յ-եան, Շա­ռո-յ-եան, Բա­նո-յ-եան:
Միւս ձայ­նա­ւոր­նե­րէն ոչ մէ­կուն առ­թիւ կը դր­ուի այդ յ ձա­յնա­կա­պը:
Ու­րեմն՝ Մո­սի-եան, Եահ­նի-եան, Մահ­րու-եան, Մա­նէ-եան եւ այլն: