Երկուշաբթի, 29 Նոյեմբեր 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Ալեքսանտրեթի Սուրիայէն բռնագրաւուելուն 82-ամեակին առիթով, Սուրիոյ Խորհրդարանը հանդէս եկաւ հաղորդագրութեամբ, որուն մէջ շեշտեց, որ Ալեքսանտրեթը (Իսկէնտէրուն) սուրիական հողերուն անբաժանելի մասնիկ է, ուստի սուրիացիները իրենց կարելին ի գործ պիտի դնեն զայն Սուրիոյ ժողովուրդին վերադարձնելու համար։
Խորհրդարանը շեշտեց, որ 1936-ին Ֆրանսայի, Բրիտանիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ Ալեքանտրեթը Սուրիայէն պոկելու գծով ստորագրուած համաձայնութիւնը խախտում կը համարուի 1936-ին Ֆրանսայի Սուրիոյ հետ ստորագրած պայմանագրութեան, որուն համաձայն Սուրիա իրաւասութիւն ունէր Ֆրանսական բռնատիրութեան շրջանին անկախ իշխանութիւն ունեցող շրջանները իր վերահսկողութեան տակ առնելու։
Խորհրդարանը յայտնեց, որ օսմանացիներուն ժառանգորդը՝ Էրտողանը եւ անոր ենթակայ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումները կը շարունակեն իրենց ոտնձգութիւնները Սուրիոյ մէջ։ Անոնք կը շարունակեն հողատարածքներ գրաւել, սուրիական հարստութիւնը թալանել, Հասիչէի մէջ աւելի քան մէկ միլիոն քաղաքացի ջրազուրկ պահել, սպանել, քանդել եւ քաղաքացիներուն միջեւ սարսափի մթնոլորտ տարածել։
Յիշեցնենք, որ Ալեքսանտրեթի Սուրիայէն բռնագրաւուելու որոշումը օրին ՄԱԿ-ի կողմէ չէ ճանչուած, հետեւաբար միջազգային օրէնքներու դիտանկիւնէն՝ Ալեքսանտրեթը սուրիական հողերուն մաս կը կազմէ։