Աշխատանքային այցելութեամբ Հալէպ գտնուող ՀՀ դեսպան Տիգրան Գէորգեան 2 Դեկտեմբերին հանդիպում ունեցաւ Հալէպի նահանգապետ Հուսէյն Տիապի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին զրուցակ՛իցները քննարկեցին Հալէպ նահանգի առկայ ընկերային-տնտեսական հարցերը, հալէպահայ համայնքին առջեւ ծառացած դժուարութիւնները եւ անոնց յաղթահարման ուղիները, ինչպէս նաեւ նահանգի յետպատերազմեան վերականգնումի աշխատանքներուն ընթացքը:
Դեսպան Տ. Գէորգեան նահանգապետին տեղեկացուցած, որ Հալէպ ժամանած է Հայաստանի Հանրապետութեան ՙՄարդասիրական ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոնի առաքելութեան հերթական՝ 8-րդ խումբը: Դեսպանը տեղեկացուց նաեւ, որ մարդասիրական առաքելութեան նախորդ հերթափոխերու աշխատանքներուն հետեւանքով Հալէպ նահանգին մէջ ականազերծուած է աւելի քան 750 հազար քառակուսի մեթր տարածք, վնասազերծուած են 580 միաւոր պայթուցիկ սարքեր, իսկ առաքելութեան կազմին մէջ գործող հայ բժիշկները անհրաժեշտ բուժօգնութիւն ցուցաբերած են նահանգի մօտաւորապէս 36 հազար բնակիչի:
Նահանգապետ Տիապ իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին՝ դժուարին այս շրջանին Սուրիոյ ժողովուրդին օգնութեան եւ բարեկամութեան ձեռք մեկնելու համար: Նահանգապապետը պատրաստակամութիւն յայտնեց իր կողմէ անհրաժեշտ օժանդակութիւն ցուցաբերելու Հալէպի մէջ գործող հայկական եկեղեցիներուն, դպրոցներուն, մշակութային ու մարզական միութիւններուն եւ առհասարակ հալէպահայ համայնքին:
Նոյն օրը՝ դեսպան Տիգրան Գէորգեան այցելեց Հայաստանի մարդասիրական առաքելութեան կեդրոն, ուր հանդիպում ունեցաւ առաքելութեան ղեկավարութեան, մարդասիրական ականազերծում իրականացնող խումբի մասնագէտներուն եւ բուժանձնակազմի ներկայացուցիչներուն հետ: Դեսպանը ծանօթացաւ կատարուած աշխատանքներու ընթացքին, ինչպէս նաեւ քննարկեց Հալէպի մէջ յառաջիկային իրականանալի գործառոյթները: Տ. Գէորգեան բարձր գնահատեց մարդասիրական առաքելութեան ներկայացուցիչներու մասնագիտական հմտութիւններն ու կարողութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց հետագայ իրենց գործունէութեան մէջ:
Այցելութեան ընթացքին Սուրիոյ մէջ ՀՀ դեսպանը զրուցեց Սուրիոյ խորհրդարանի հայազգի երեսփոխան /ընտրուած Հալէպ քաղաքէն/, Սուրիա-Հայաստան միջխորհրդարանական բարեկամութեան խումբի ղեկավար Լուսի Իսկէնեանի հետ: Զրուցակիցները քննարկեցին երկու երկիրներու միջեւ միջխորհրդարանական կապերու աշխուժացման եւ գործակցութեան ընդլայնման կարելիութիւնները։
Դեսպանը հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ հալէպահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: Քննարկուեցան համայնքին առջեւ ծառացած եւ հիւպատոսական բնոյթի բազմաթիւ հարցեր:
3 Դեկտեմբերին դեսպանը աշխատանքային խորհրդակցութիւն կատարեց Հալէպի ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութեան հետ՝ աշխատանքներու աշխուժացման եւ արդիւնաւէտութեան բարձրացման հարցերու առնչութեամբ։ Տրուեցան համապատասխան յանձնարարականներ: