Երկուշաբթի, 13 Դեկտեմբեր 2021-ին, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար դոկտ. Ֆայսալ ալ Մըքտատ ընդունեց Սերպիոյ արտաքին գործոց նախարարի օգնական Վլատիմիր Մարէչը։ Կողմերը խորհրդակցեցան երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութեան զարգացման միջոցներուն մասին։ Նախարար Մըքտատ երախտագիտութիւն յայտնեց Սերպիոյ՝ Սուրիոյ ցուցաբերած աջակցութեան համար ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ծանր տարիներուն։ Իր կարգին Մարէչ բարձր գնահատեց Սուրիոյ ահաբեկչութեան դէմ ձեռքբերած յաղթանակները, յայտնելով իր երկրին փափաքը՝ Սուրիոյ հետ յարաբերութիւնները ամրապնդելու։ Ան վերահաստատեց Սերպիոյ զօրակցութիւնը Սուրիոյ։