Չորեքշաբթի, 15 Դեկտեմբեր 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ ժամանակացոյցով առաւօտեան ժամը 7:30-ին Դամասկոսի Միջազգային Օդակայանէն «Աճնիհաթ ալ Շամ» ընկերութեան թռիչք առած առաջին օդանաւը ժամանեց Փաքիստանի Քրաչի քաղաք։ Ընկերութեան հանրային յարաբերութիւններու տնօրէն Ուսամա Սաթեհ յայտնեց, որ Սուրիա-Փաքիստան թռիչք կազմակերպելու նպատակն էր երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրական եւ օդային շարժումը վերաշխուժացնել, ինչպէս նաեւ ճամբորդներուն համար դիւրութիւններ ստեղծել։