Ակնարկ
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը, անդրադառնալով հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին, կատարած է յայտարարութիւն, ուր կ’ամփոփուին հետեւեալ կէտերը.
Ա.- Բոլոր քայլերը Անգարան կը համակարգէ Պաքուին հետ:
Բ.- Սահմանի բացման որոշումը Թուրքիան կը կատարէ Ատրպէյճանի հետ համաձայնելէ ետք միայն:
Գ.- Թուրքիան Հայաստանին կը կատարէ առաջարկ՝  Ատըրպէյճանի հետ  համընդգրկուն խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու: Թուրքիան միջնորդի դեր կը կատարէ այդ պայմանագիրի կնքման:
Դ.- Սահմաններուն բացումը կ’առնչուի Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագիրին:
Երեւան-Անգարա երկխօսութեան մեկնարկի նախօրէին ասիկա պաշտօնական Անգարայի կողմէ յայտարարուած առաջին նախապայմանի բանաձեւն է: Շատ պարզ է ըսուածը: Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացումը ի հեճուկս Ատրպէյճանին պիտի չըլլայ: Ըստ էութեան, Պաքուն ներգրաւուած պիտի ըլլայ երկխօսութեան եւ ապա՝ բանակցութիւններուն մէջ:
Պաքուի համաձայնութենէն ետք է միայն, որ Թուրքիան համաձայն պիտի ըլլայ իր փակած սահմանը վերաբանալու: Իսկ Պաքուն իր համաձայնութիւնը պիտի տայ միայն այն ատեն, երբ կնքած է խաղաղութեան համընդգրկուն պայմանագիր՝ Հայաստանի հետ:
Այսինքն՝ կը նշանակէ, որ սահմանը կը բացուի՝ Արցախը Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան մէջ ճանչնալու Երեւանի համաձայնութենէն ետք միայն: Իսկ Անգարան պատրաստ է միջնորդի դեր ստանձնելու Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ համաձայնագիրի կնքման բանակցութիւններուն:
Այսքան պարզ: Անգարան կը շարունակէ փոխկապակցուած ընկալել Երեւան-Անգարա եւ Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը:
Երկխօսութիւնը չսկսած այս նախապայմանը արծարծելը կը նախանշէ, որ յաջորդ նախապայմանները կարգով կը բերուին երկխօսութեան սեղան. գուցէ նաեւ անկէ առաջ:
Թուրքիոյ նախապայմանային յանկերգը անակնկալ չէ անշուշտ. մտահոգիչը այլ երեւոյթի կը վերաբերի: Թէ՛ Ռուսիոյ դաշնութիւնը եւ թէ՛ Միացեալ Նահանգները ողջունած էին երկխօսութեան մեկնարկին վերաբերող պաշտօնական յայտարարութիւնները: Ողջունումներուն մէջ տեսանելի չէր առանց նախապայմանի կէտը:
Չաւուշօղլուի յայտարարութեան մէջ կայ յղում երկու պետութիւններու գերատեսչութիւններուն: Թուրք նախարարը հաստատելէ ետք, որ երկխօսութեան գործընթացը պիտի համակարգուի Պաքուի հետ, անմիջապէս կ’աւելցնէ, որ գործընթացին կ’աջակցին Միացեալ Նահանգներն ու Ռուսիոյ դաշնութիւնը: Ըսել կ’ուզէ, որ Ատրպէյճանի հետ համակարգուելուն, այսինքն՝ հանգուցալուծումներու փոխկապակցուածութեան իրենց համաձայնութիւնը տուած են Ուաշինկթընն ու Մոսկուան:
Երեւանի հակազդեցութիւնը ուղղակի ի պատասխան Անգարայի ներկայացուցիչին առայժմ չկայ: Ինչ որ կրնայ մտաբերել տալ, որ երկխօսութեան գործընթացին նախապայմանային ըլլալու իրողութիւնը աւելի տեսանելի է եւ թէկուզ առայժմ թէական, ունի նաեւ հաւանութիւնը երկու միւս պետութիւններուն:
Պատահական չէ, որ Երեւան-Անգարա երկխօսութեան եւ Երեւան-Պաքու բանակցութիւններու վերսկսման գործընթացները պիտի ընթանան զուգահեռ: Այս արդէն հակամարտութիւններու փոխկապակցուածութեան իրականութիւնը կը շեշտէ. ինչ որ Անգարայի վաղեմի մօտեցումն է:
Չաւուշօղլուի յայտարարութենէն առաջ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի նախագահը ըսած էր, որ Երեւան պատրաստ է Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու մեկնարկին՝ առանց որեւէ նախապայմանի, եւ ատիկա կը բխի Հայաստանի Հանրապետութեան շահերէն: Թուրքիոյ պաշտօնական այս յայտարարութեան Երեւանի կողմէ անարձագանգ մնալը խիստ տարակուսելի կը դարձնէ Երեւանի դիրքորոշումը:
«Ազդակ»