Նոր Տարին դրան առջեւ է: 2021-ի ծանր ու սեւ էջը դարձնելու ժամը կը մօտենայ: Կը մնան «մատի վրայ հաշուող» մանրուկ օրեր: Ամէն մարդ զբաղ է պատրաստութիւններով: Կը փորձենք ըստ կարելւոյն արագ անցընել մնացեալ ժամերը, որպէսզի շուտով ընդունինք 2022-ի սպիտակ էջը:
Սակայն 2021-ի անգեղ եւ անախորժ էջը դարձնելէ առաջ, միթէ կը մտածե՞նք, թէ ի՛նչ հարկ է ընել, որպէսզի յառաջիկայ տարի «չգերազանցէ» նախորդը: Արդեօ՞ք կ’ուզենք մեր անձերուն հետ մտերիմ, սակայն անկեղծ հանդիպում մը ունենալ: Պատրա՞ստ ենք նոր Տարին դիմաւորելու: Միայն տօնակատարութիւններով, հանդիսութիւններով ու սիրոյ սեղաններո՞վ կ’ուզենք տարին փոխել, թէ կ’ուզենք, որ մենք ալ փոխուինք: Յիշեալ հարցումներուն պատասխանը մէկ բառ է, որն է «ինքնաքննութիւն»:
Նոր Տարուան սեմին, հարկ է, որ քանի մը ժամուան համար մեր անձին հետ դատաւորի ակնոցով դիտուած, բիւրեղ հանդիպում մը ունենանք, տեսնելու համար, թէ մենք ի՛նչ ըրինք անցեալ տարուան ընթացքին: Միթէ կարողացա՞նք Աստուծոյ կողմէ մեզի տրուած ժամանակը արժեւորել: Արդեօք օգնեցի՞նք աղքատին, կերակրեցի՞նք անօթիին, խմցուցի՞նք ծարաւին, մխիթարեցի՞նք սգաւորը, գուրգուրացի՞նք անտեսուածին, այցելեցի՞նք բանտարկեալին, պաշտպանեցի՞նք անտէրին, առաջնորդեցի՞նք շեղածին, վերցուցի՞նք ինկածին, քաջալերեցի՞նք տկարին, պատսպարեցի՞նք տնանկին, հաւատքի բերի՞նք անհաւատին, զօրացուցի՞նք անզօրին, ուրախացուցի՞նք տրտմածին, սիրեցի՞նք մեզ ատողը… Արդեօք սնունդ տուի՞նք մեր հոգիին, յիշեցի՞նք մեր Աստուծոյն, աշխատեցա՞նք բան մը սորվելու համար, թէ՞ պարզապէս չէզոք եւ դիտորդ էինք՝ գերազանցօրէն վատնելով ու մսխելով մեզի տրուած ժամանակը: Արդեօք այս վայրկեանիս քաջութիւնը ունի՞նք հայելիին դիմաց կանգնելու, թէ կը փորձենք կարելի եղած չափով աղօտ պահել այդ հայելին: Միթէ ունի՞նք այն քա՛ջ աչքը, որուն միջոցաւ պիտի կարենանք մեր ետեւը նայիլ, թէ կը փորձենք «աչք խփել»:
Եթէ քաջութիւնը չունինք մենք զմեզ քննելու եւ զննելու, ուրեմն կեանքէն որքա՜ն կորսնցուցած ենք: Եթէ կը վատնենք Աստուծոյ պարգեւած ժամանակը, կ’անտեսենք աշխարհի բարիքն ու գեղեցկութիւնը:
Ինքնաքննութեան կողքին, քրիստոնեայ անհատը պէտք է գիտնայ, թէ ի՞նչ է Նոր Տարին իրեն համար: Քրիստոնեային համար Նոր Տարին երբե՛ք ու երբե՛ք թիւի ու օրացոյցի փոփոխութիւն մը չէ: Նոր տարի կը նշանակէ նոր կեանք, նոր սիրտ, նոր մարդ եւ նոր հոգի: Ուրեմն, Նոր Տարին նորոգութեան, ինքնաքննութեան ու ինքնաճանաչողութեան առիթ է: Քրիստոնեան պէտք է Նոր Տարուան հետ նոր կեա՛նք ունենայ, այսինքն՝ իր վրայէն թօթափէ ամէն տեսակի թերութիւն եւ մեղք, որոնք արգելք կը հանդիսանան իր փրկութեան: Եկեղեցւոյ Սելովամի աւազանէն՝ Ս. մկըրտարանէն ծնած քրիստոնեան Նոր Տարիին հետ հարկ է, որ նոր սի՛րտ ունենայ, այսինքն՝ մաղէ անցընէ իր սիրտը եւ փորձէ ըստ կարելւոյն մաքուր սիրտ ունենալ, որպէսզի բախտաւորութիւնը ունենայ Աստուած դէմ առ դէմ տեսնելու (հմմտ. Մտ  5. 8): Քրիստոսի ոտնահետքերուն հետեւողը պէտք է Նոր Տարիին առընթեր նոր մա՛րդ դառնայ, այսինքն՝ ինքզինք ինքնաքննութեան ենթարկէ եւ աշխարհը մերժելով ու ունայնութիւն համարելով Տիրոջ յարի եւ միանայ: Քրիստոնեան հարկ է, որ Նոր Տարիին կողքին նոր հոգի՛ ունենայ, այսինքն՝ իր հոգիին ծարաւը Տիրոջմով յագեցնէ եւ ոչ թէ աշխարհիկով, փուճով, սինով եւ ունայնութեամբ: Նոր Տարին արդէն իսկ կը բախէ մեր կեանքի դռները եւ կը սպասէ, որ բանանք զանոնք: Ուստի, աճապարենք մեր անձերուն հետ մտերիմ եւ անկեղծ հանդիպում մը ունենալու, որպէսզի մենք զմեզ մաղէ անցընելէ ետք, պատրաստ ըլլանք ամենայն ինքնավստահութեամբ ու մաքուր հոգիով Նոր Տարին Աստուծոյ հետ տօնելու:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի աւարտական սան
 Պիքֆայա, Լիբանան
Շանթ Սրկ. Գատեհճեան