Քանի մը օրէն պիտի դիմաւորենք 2022 թուականը։ Ի՞նչ նորութիւն կը խոստանայ հայ հաւաքականութեան՝ Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք, օրացուցային այս փոփոխութիւնը։ Ցարդ մեր հանրութիւնը սպասած է, որ այդ նորութիւնը մատուցուի իրեն եւ ինք նոր լիցքով, նոր կորովով եւ նոր ակնկալութիւններով անհատաբար շարունակէ սեփական կեանքը։ Հաւաքական այս սպասումը տարբեր ժամանակահատուածներու կապուած է տարբեր ազդակներու, ուժերու բարենպաստ դասաւորութեան, վերջին երեսուն տարուն՝ անկախ պետականութեան։
Տարի մը առաջ մեր ամէնէն տոկուն համարուած եւ իրական խարիսխը՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ահաւոր հարուած ստացաւ եւ այսօր ուղեկորոյս է, խարխափումներու մէջ, իսկ իր քաղաքական վերնախաւը՝ ամէն օր վէճ ու կռուի։
Հայոց պետականութեան կրած ռազմական պարտութեան հետեւանքները՝ Արցախի Հանրապետութեան մաս կազմած ազատագրուած հողերու, առաւել Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի շրջաններու բռնագրաւումը եթէ բացայայտ չողջունեց աշխարհը, այնուամենայնիւ քաղաքական հետեւանքները՝ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ ՊԱՐՏՈՒԱԾ Հայաստանի յարաբերութիւններու կարգաւորման հեռանկարը խանդավառութիւն առաջ բերաւ մեծ մայրաքաղաքներուն մէջ, մինչ անոնցմէ ոմանք նոյնիսկ հայոց ռազմական պարտութիւնը օրհնեցին ու փառաբանեցին։
Սիրելի՛ ընթերցող, կրնա՞նք հաւաքաբար յիշել Հայաստանի հետ կապուած դէպք մը կամ անցք մը, որուն դերակատար՝ թէկուզ բարեկամ նկատուած ուժերը, նախապէս մեծ պետութիւններ, այսօր աւելի խառն՝ պետութիւններ եւ անդրազգային հսկայ ընկերակցութիւններ, հայոց շահերը գերադասած ըլլան սեփականին։ Անհեթեթութիւն մըն է հարցումը, բայց կարեւոր է յիշել եւ վերյիշել, որ շահդ դուն պիտի վերցնես այնքանով, որ ինքդ կարող ես։ Մնացածը՝ առաւելագոյնը օժանդակ է, իսկ ոմանք՝ նոյնիսկ խանգարող։
Եթէ ասիկա ականջի օղ դարձնենք եւ երբեք, երբե՛ք չհանենք մեր ականջէն այդ օղը՝ նոյնիսկ ամէն մարտահրաւէրները դիմագրաւելէ եւ յաղթահարելէ ետք, կրնանք ըսել, որ մենք կը հասնինք մեր հաւաքական նպատակին եւ կ’ապահովենք անոր երկարակեցութիւնը, եթէ կամենանք՝ յաւերժութիւնը։
Ուրեմն՝ Նոր Տարուան սեմին մենք մեզի ըսենք եւ կրկնենք, ժառանգ ձգենք մեզմէ ետք եկող սերունդներուն ալ, որ՝
ա. անկարելի ոչինչ կայ, ամէն ինչ հնարաւոր է այս աշխարհի երեսին,
բ. մենք ենք մեր ճակատագրի տէրը եւ նպատակներն իրականացնողը, մեր ներկան ու ապագան կերտողը,
գ. մեր նպատակներուն եւ թիրախներուն դիմելէ առաջ հոգանք եւ համապատասխան ներուժ կուտակենք,
դ. ոչինչ պատահականութեան ձգենք, նոյնիսկ մանրուք թուացող մանրամասնութիւնը,
ե. մինչեւ վերջ, բոլոր պայմաններուն մէջ հաւատարիմ ու անդաւաճան մնանք հաւաքական նպատակին։
Ծանր ու դժուար այս օրերուն, երբ անշնչելի է մթնոլորտը եւ ամէն քայլափոխի անակնկալներ կրնան դարանակալել, պիտի չընկճուիս եւ հաւատարիմ պիտի մնաս քու տեսակիդ։
Առ այդ՝ պիտի որոշես, որ ի՞նչ պէտք է քեզ այսօր, վաղը ինչի՞ պիտի լծուիս եւ ի՞նչ ժառանգութիւն պիտի թողուս։ Անշուշտ խօսքը հաւաքական կարիքներուն մասին է, որուն բարօրութեան մէջ է որ պիտի գտնես քու եւ շրջապատիդ բարօրութիւնն ալ, ապահովութիւնն ալ, բարգաւաճումն ալ։ Դուն քեզի պիտի համոզես, որ եթէ հարեւանդ դժբախտ է, դուն չես կրնար երջանիկ ու անհոգ ապրիլ։
Իսկ ի՛նչ պէտք է մեզի այսօր։ Կազմակերպութիւն, գործող համակարգ, ուր ամէն ոք իր գործը, պարտականութիւնը խղճմտօրէն կատարելով արդէն մեծապէս նպաստած կ’ըլլայ թէ՛ իր, թէ՛ համայնքի ու աւելի լայն՝ պետութեան ու անոր սահմաններէն դուրս ալ տարածուող ազգին։
Պատկերացուցէ՛ք, որ հայ ազգի բաղկացուցիչ մասնիկներուն աշխարհով մէկ դատած-դիզածի փոքր տոկոսը իր ազգային նպատակներու իրագործման յատկացուի. ոչ միայն դրամի, այլեւ մտքի, ճարտարութեան եւ գիտելիքի արգասիքին չնչին տոկոսը։
Համակարգի, կազմակերպութեան արդիւնքները անհաւատալիօրէն հրաշալի կրնան ըլլալ, եթէ ան նպատակային ու անխափան, աներկմիտ ու արդիւնաւէտ գործէ։ Եւ մենք վստահ ենք, որ ամէն հայ մարդ կ’ուզէ շօշափել այդ հնարաւորութիւնը, ծանօթանալ անոր, հաւատալ եւ վստահիլ։ Աջ ու ահեակ հովանաւոր եւ պաշտպան, թիկունք փնտռելէն աւելի հեշտ ու վստահելի է սեփական համակարգին ապաւինիլը, բախտը անոր կապելը եւ անոր հզօրացման համար աշխատիլը։ Ի վերջոյ այն քուկդ է, քու կերտածն է։
Պետութիւնը կազմակերպութիւն է, համակարգ, իտէալական մեքանիզմ։ Պետութեան հնարաւորութիւնները ամէն օր կարելի է բազմապատկել ինչքան կարող ես, որքան ուզես ու կարենաս։ Մեր ազգը խօսք ունի՝ կամենալը կարենալ է։ Պիտի կամենանք, որպէսզի այլեւս ուրիշներու չնախանձինք, օրինակ չբերենք եւ մեր բախտը չփնովենք։
Բայց ի՞նչ պիտի կամենանք, որպէսզի կարենանք եւ այլոց ո՛չ նախանձինք, ո՛չ ալ օրինակ բերենք։
Ահա հարցում մը, որուն դարէ դար պատասխանած են մեր ազգի մտածողները, իմաստունները, իրենց ժամանակի եւ ապրած վայրին համահունչ։ Կիլիկիայէն Հնդկաստան ու Եւրոպա, մեկնելով Մեծ Հայքէն ու վերադառնալով այնտեղ, անցնելով աւելի հիւսիսէն, բոլորը մատնացոյց ըրած են մէկ լուծում՝ Հայաստանի անկախութիւն։ Իսկ հարիւր եւ աւելի տարի առաջ՝ Հայաստան կը ճանչցուէր Վանն ալ, Մուշն ալ, Կարինն ալ, Երզնկան ալ եւ շատ ու շատ բնակավայրեր, առանց հաշուելու բուն Հայաստանէն դուրս հայոց ստեղծած բնակավայրերը ու երբեք չանտեսելով Կիլիկիան։
Եթէ այսօր մենք սեղմուած ենք 29 հազար քլմ.-ի մէջ ու կը պայքարինք Արցախի ժողովուրդի պապենական հողերուն վրայ ապրելու, արարելու եւ խաղաղօրէն մահանալու իրաւունքին համար, եթէ պետութիւնը անկարող է իր սահմանները պաշտպանել, իսկ մեր երկրի ու արտերկրի կազմակերպ կառոյցները անճար կը մնան, ձեռք ու ոտք կապուած, մերժուած, անտեսուած, երբեմն նոյնիսկ հալածուած, առաջին հերթին անատակ, անվստահելի եւ օտարի թելադրանքով առաջնորդուող եւ կամքը կատարող իշխանութենէն ու իր առաջին դէմքէն, նա՛եւ հանրութեան լայն զանգուածներու ինքնավստահութեան պակասին, անորոշ մնացած ուղղութեան ու նպատակին, առաջնահերթութիւններու շփոթին, դիւրահաւատութեան, դիւրահաւանութեան։
Մարդիկ հազարներով գացին ընտրեցին անհատ մարդու, որ իրենց շատ բան խոստացաւ,- ո՞վ էր երաշխաւորը,- ո՛չ ոք։ Աւելին՝ հազարաւոր մարդկային զոհեր եւ ահռելի մեծ նիւթական կորուստ պատճառած պատերազմէն ետք, այս անհատը դա՛րձեալ խորհրդարանական մեծամասնութիւն ստացաւ եւ կառավարութիւն կազմեց։
Լաւ, ո՞վ է այսօր ապաւէնը երբ ժողովուրդի ընտրած ու վերընտրած հայանուն իշխանութիւնը ոչինչի պատասխանատու է եւ ոչինչի երաշխաւոր, իսկ ստեղծուած կացութեան մէջ եթէ ապաւէն կը փնտռես օտար պետութեան մէջ, ալ ուր մնաց քու անկախութիւնդ, որուն համար քուէարկեցիր 1991-ին։ Ո՞ւր մնաց քու ազատ կամքդ, որոշումիդ անկախութիւնը։ Մսխուեցան անկախութեան տասնամեակներու եւ անոր նախորդող խորհրդային տարիներու նուաճումները, վասն ինչի՞. աներաշխիք խոստումներու եւ ամբոխավարութեան, ամբոխահաճ ճամարտակութեան։
Այսօր պէտք է կրկնել եւ չմոռնալ, որ հանրապետութեան այս ապիկար իշխանութիւններու քաղաքական որոշումներով ոչ միայն արժեզրկուած են քու վաստակդ՝ ժողովո՛ւրդ, այլեւ վտանգուած է վաղուան յոյսդ։ Զուր են միաբանելու բոլոր կոչերը, եթէ չէ յստակացուած՝ ինչի՞ շուրջ միաբանիլ։ Անհատներու շուրջ միաբանեցաւ մեծամասնութիւնը ահա երեսուն եւ աւելի տարի, բայց չմիաբանեցաւ գաղափարի շուրջ, չմիաբանեցաւ գաղափարի առանցքին շուրջ համակարգ ստեղծելու։
Պարտութիւնը սթափեցնող պէտք է ըլլայ, որպէսզի վաղը աւելի մեծ կորուստներ չունենաս Հա՛յ մարդ։ Պէտք է ձերբազատուիլ քաղաքական որոշում կայացնող ապիկարէն ու նմաններէն առա՛նց ետեւ նայելու, առանց անցեալի կարօտով ապրելու, առանց օտարէն յուսալու քու պարտքդ եւ իրաւունքդ, որպէսզի պահե՛ս այն ինչ որ այսօր ունիս եւ աշխատիս աւելի քան հարիւր-ամեակ մը առաջ կորսնցուցածդ ետ բերելու։
Եւ պէ՛տք է ետ բերել, որպէսզի Հայաստանի կորսուած աշխարհաքաղաքական հաւասարակշռութիւնը վերահաստատուի տարածքով ու իր հարազատ ժողովուրդով։
Ասիկա անվիճելի է։ Ակնյայտ ճշմարտութիւն, որ այնքան անհասանելի չէ որքան կը թուի։ Եւ ասիկա դեռ սկիզբն է այն մեծ առաքելութեան, որ պարտաւո՛ր ենք ստանձնել եւ անշեղօրէն կատարել, եթէ կը ձգտինք երկար եւ անվրդով խաղաղութեան։
Ամէն ինչ հերթով, ամէն ինչ իր ժամանակին։ Սկիզբը գաղափարի շուրջ միաւորուիլը եւ համակարգի ընդմէջէն գործելով յաղթահարելն է այսօրուան՝ անմիջական վտանգները։ Եւ վստահ եղէ՛ք, 2022 թուականը մենք աւելի լաւատես եւ ինքնավստահ, մեր աչքերը չորցուցած եւ ճակատը բարձր կ’աւարտենք։
Նոր խօսք ըսելու համար, հինը պիտի եզրափակել։
Խմբագրական ՅՈՒՍԱԲԵՐ-ի