Երբ Դեկտեմբեր ամիսը թեւակոխէինք, հետաքրքրասէր ծանօթներու կողմէ հետեւեալ հարցումներու շարանը անպայման կ’ուղղուէր մեզի. «Այս տարի Կաղանդը ո՞ւր պիտի տօնէք», «Որո՞նց հետ էք», «Զո՞վ պիտի հրաւիրէք» եւ այլն: Անշուշտ, պատասխանն ալ կ’ըլլար՝ «Տան մէջ» կամ «ճաշարանը», «Ծնողքիս հետ», «Կեսրոջս, խնամիներուս հետ» եւ այլն: Կարծէք պարտաւորութիւն մը ըլլար ամէն տարի տեղ մը հիւրընկալուիլը կամ մէկը հիւրընկալելը: Այս պարտաւորութեան մէջ թերանալն ալ՝ անարգանք շրջապատին… Մինչդեռ հրաւէրը պարզապէս սիրելիներու հետ ուրախ պահեր անցընելու միտումով ըլլալու է, զերծ ցուցադրական բեմագրութիւններէ:
Ոմանք անհեթեթ բաներու համար իրենց ուրախութիւնն անգամ կը կորսնցնէին երբեմն. «Եկած նուէրը անորակ ու ճղճիմ է բաղդատաբար իմ սարքած փարթամ սեղանին» ըսելով, կամ՝ հակառակը. «Նուէրս թանկագին էր, իսկ հրաւիրող կողմին սեղանը՝ աղքատիկ»: Այսպիսի սին ակնկալութիւններու մակընթացութիւնը օրեր կը տեւէր յաճախ՝ շաղակրատութեան ու բամբասանքի ձգողական ուժին համաձայն:
Ճիշդ է, որ երկար ատենէ ի վեր նման տհաճ արտայայտութիւններ չեմ լսած, ըստ երեւոյթի մեր հասարակութիւնը բարելաւած է իր յարաբերական չափանիշները կամ նորոգած՝ միտքը: Տագնապը շատ բան սորվեցուցած է մեզի՝ ըլլալու հաւասարակշռուած, արտաքին երեւոյթներով չտարուող ու ցուցադրութիւններով չդատող:
Նոր Տարուան սեմին եկէ՛ք հրաւէր տալու նոր ձեւ մը որդեգրենք. ձեւ մը, որ կ’ուրախացնէ թէ՛ մեզ եւ թէ զԱստուած: Ընտանեօք հաւաքուինք, հիւրընկալենք առանձին մնացողները կամ մեր հրաւէրին փոխարէն հատուցանելու կարողութիւն չունեցողները: «Զինք հրաւիրողին ալ (Յիսուս) ըսաւ. «Երբ ճաշ կամ ընթրիք կ’ընես, մի՛ կանչեր քու բարեկամներդ, ոչ ալ քու եղբայրներդ եւ ո՛չ քու ազգականներդ, ոչ քու հարուստ դրացիներդ, որ չըլլայ թէ անոնք ալ փոխարէնը քեզ հրաւիրեն ու քեզի հատուցում ըլլայ: Հապա երբ հացկերոյթ կ’ընես՝ աղքատներ, պակասաւորներ, կաղեր ու կոյրեր հրաւիրէ ու երանելի պիտի ըլլաս, վասնզի անոնք չեն կրնար փոխարէնը քեզի հատուցանել. քանզի արդարներուն յարութիւն առած ատենը փոխարէնը քեզի պիտի հատուցուի»» (Ղկ 14.12-14): Այսպիսով պատուիրան մը կատարած ըլլալու ներքին գոհունակութիւնը վայելած կ’ըլլանք եւ զԱստուած՝ հաճեցուցած:
Վերջին հաշուով Սուրիոյ դաժան պատերազմէն ողջ մնալը, ինչպէս նաեւ անիծեալ ժահրէն պաշտպանուիլը մեր զօրութեամբ չէր, այլ՝ Հայր Աստուծոյ ողորմութեամբը: Իրապէս երանելի պիտի ըլլանք երբ Ճշմարտութեան խօսքին՝ Աստուածաշունչին, համաձայն ապրինք մեզի շնորհուած այս ժամանակաւոր կեանքը:
Օրհնեալ տարեմուտ կը մաղթեմ բոլորին:
Նայիրի Ատուրեան-Ֆրանքեան