Աւելի քան տարի մը առաջ, երբ նոյեմբերեան առաւօտ մը արթնցանք եւ ականջալուր եղանք, թէ 44-օրեայ պատերազմը վերջ գտած է դաժան յայտարարութեամբ մը, երբ շուտով ի յայտ եկաւ, թէ մարդկային ահաւոր ու անդառնալի կորուստներու կողքին, կորսնցուցած ենք Արցախի մեծ մասը, պատերազմը ետին թողած է նիւթական հսկայական վնասներ, ունինք հարիւր հազարի հասնող գաղթականներ… Մեր մտապատկերին մէջ շուտով յստակ դարձաւ, որ մօտաւորապէս մէկ ու կէս ամիս տեւած պատերազմը մեր նորագոյն պատմութեան մէջ ամէնէն ծանր հետեւանքներով ԴԷՊՔն էր, որոշ տրամաբանութեամբ բաղդատելի՝ աւելի քան հարիւր տարի առաջ տեղի ունեցած Ցեղասպանութեան ու հայրենիքի մեծ մասի կորուստին: Ու եթէ առաջին շաբաթներուն այս ահաւոր համեմատականը լիովին չէինք «մարսած», այսօր, կորուստներուն տարողութիւնն ու ծանրութիւնը շատ աւելի տեսանելի ու զգալի են:
Բնական է, որ օր աւուր իրարու յաջորդող աննպաստ դէպքերն ու զարգացումները կը խորացնեն մտահոգութիւնները (գոնէ անոնց՝ որոնք մտահոգուելու զգայարանքը չեն կորսնցուցած): Կը կրկնուին ու կը կրկնուի՛ն ազերիական թշնամական արարքներն ու ոտնձգութիւնները, բռնագրաւումները, ոճիրները, որոնց դիմաց, իշխանութիւնը մատնուած է իրողական անզօրութեան (մանրամասնութիւններ թուարկելը համազօր է եղածներուն օրագրութիւնը արձանագրելու): Քաղաքական գետնի վրայ, կան իրարմէ բոլորովին տարբեր ուղղութիւն բռնած գիծեր. իշխանութիւնները ինկած են «խաղաղութիւն պիտի բերենք»ի ինքնախաբէութեան ոլորապտոյտին մէջ, ըստ այնմ կ’առնեն իրենց ներքին ու արտաքին քայլերը (ժողովրդային խօսքով՝ «իրենց էշը յառաջ կը քշեն»), իսկ ընդդիմադիրները կը փորձեն տեսնել,- եւ ցոյց տալ,- կործանարար ընթացքին անբարենպաստ հորիզոնները, կասեցնել անվերջանալի թուացող՝ պետականութիւն, հայրենակորուստ գուժող անկումը, հայրենիքը վերադարձնել վերականգնումի եւ պահպանումի ուղիին: Երկու գիծերն ալ կը մնան անհորիզոն:
9 ՆՈՅԵՄԲԵՐԷՆ ԱՒԵԼԻ՛ ՎԱՏ
Անմիջական ցնցումէն աւելի քան 13 ամիս ետք, հիմա յաւելեալ պատճառներ ունինք հաստատելու, թէ կորստաբեր քայլերը անցած են 9 Նոյեմբերի աղէտէն շատ անդին, որովհետեւ, սկսելու համար, այլապէս անընդունելի կէտերով պատմութեան մէջ արձանագրուած այդ համաձայնութեան կէտերը ոտնակոխուած ու արհամարհուած են Ատրպէյճանի ու անոր «մեծ եղբօր»՝ Թուրքիոյ կողմէ, Հայաստանի իշխանութիւնները համակերպած են ստեղծուած՝ քայլ առ քայլ նահանջի ուղիին, կ’աշխատին հազար աղբիւրէ ջուր բերել, որպէսզի հանրութիւնն ալ ընդունի եղածը եւ… ապագայ տեսնէ: Ստեղծուած է իրական վիճակ, ուր մարդիկ կը մտածեն, թէ 9 Նոյեմբերի համաձայնագիրի պայմաններուն իրականացումն իսկ… բարիք պիտի ըլլայ: Փաստօրէն, գերիներու թղթածրարը կը մնայ բաց՝ ի վնաս հայութեան, յայտարարութեան մէջ նշուած այն կէտը, թէ՝ հակառակորդ ուժերը պէտք է մնային իրենց այն դիրքերուն վրայ՝ ուր որ էին պատերազմի վերջին օրը՝ անտեսուած է, եւ Հայաստանի իշխանութեան ղեկը բռնած անհատը, բերանացի խոստումներով, ո՛չ միայն հայկական ուժերը ետ քաշած է արցախեան լայն տարածքներէ, այլ նաեւ չէ կրցած (կամա՞յ, թէ ակամայ՝ երկրորդական է) պաշտպան կանգնիլ նոյնինքն Հայաստանի սահմանային ծանօթ գօտիներուն. մոռցուած է ոճրային յարձակումներուն եւ նիւթական վնասներուն ու թշնամին հաշուետուութեան կանչելու թղթածրարը: Ատրպէյճան եւ Թուրքիա ինքնագլուխ եւ անհակակշիռ քայլերով կը շարունակեն իրականացնել «Զանգեզուրի միջանցքը» եւ նոր մղոններ կտրել համաթուրանական դարաւոր ծրագիրին մարմնաւորման ճամբուն, չեն պահեր իրենց ախորժակները՝ Հայաստանի սահմանամերձ այլ գօտիներու կլանման նպատակով (նաեւ՝ Սիւնիքի մեծ մասը), իսկ այս բոլորին դիմաց, Հայաստանի վերընտրուած (այլապէս անհեթեթութեան գլուխ գործոց մը) իշխանութիւնը  բանիւ եւ գործով դարձած է այդ ծրագիրին լծակիցն ու գործակիցը, ինք զինք կտրած է իրականութիւններէն՝ թուրք-ազերիական ծրագիրներու գործնականացման փաստերէն, կը փորձէ ջայլամի վարքագիծին մէջ ներգրաւել համայն հայութիւնը, մինչեւ իսկ ջլատել պաշտպանական բազուկները… Վարչապետ ու գործակիցներ կը շարունակեն հայութիւնը համոզել, թէ կարգ մը բազկերակ-ճամբաներ եւ «կղզեակներ» պատկանած են Ատրպէյճանին (անուղղակիօրէն կրկնելով թրքահնար այն մեղադրանքները, թէ հայերս բռնագրաւած ենք ուրիշին հողերը, պարտաւոր ենք վերադարձնել), կամ՝ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան իսկապէս բարիք կը ցանկան Հայաստանին ու հայութեան՝ ճամբաներու վերաբացման ծրագիրներու իրականացման հորիզոններով (հոն՝ ուր մեր այս հակառակորդներուն շահերը կը ներդաշնակուին որոշ ուժերու, տնտեսական գործօններու շահերուն հետ, լաւագոյն պարագային փշրանքներ խոստանալով հայութեան. իսկ թէ այդ փշրանքները որո՞ւ փորը պիտի հասնին…)։
ՍԱՀՄԱՆԱԳԾՄԱՆ ՊԱՏՐԱՆՔԸ
Այս ենթապատկերի յառաջամասին տարածուող բեմին վրայ է որ կը խաղցուի Ատրպէյճանի հետ «սահմանազատման ու սահմանագծման» խաղը, արդէն այդ ծրագիրը գտած է արտաքին հովանաւորներ եւ քաջալերողներ, իսկ Երեւանի իշխանաւորները կառչած կը մնան անհորիզոն ճամբուն, իրենք զիրենք ու հայութիւնը կերակրելով ճամբաներու ապաշրջափակման ինքնախաբէութեամբ, տնտեսական բարօրութեան (փշրանքներու) պատրանքներով, հարցականի տակ կ’առնեն հայութեան ու Հայաստանի հանդէպ թուրք-ազերիական քանի՛ցս փաստուած թշնամական վերաբերմունքը (կարծէք թէ 44-օրեայ պատերազմին սկսման ու հետեւանքներուն ահաւոր պատկերը հայութեան հետ կապ չունէին, ալ ո՜ւր մնացին Ցեղասպանութիւնն ու այլ թշնամական արարքները): Ատրպէյճան արդէն գործնապէս իրականացուցած է ի՛ր հետապնդած սահմանագծումը, Երեւանի հաւկուրներուն «սահմաններու ճշդում պիտի ընենքներ»ը արհամարհելով, ինչպէս որ քայլ առ քայլ յառաջ կը տանի Թուրքիոյ հետ միաւորուելու դարաւոր ծրագիրը եւ կ’ապահովէ ուղղակի եւ անուղղակի համախոհներ. մինչ այդ, Երեւանի իշխանաւորները աշխարհին կը ներկայանան խաղաղասիրութեան՝ «սխալ բան չկայ»ի տրամաբանութեամբ (կրկնենք. երկրորդական է, թէ սա կ’ըլլայ գիտա՞կցաբար, թէ պարտադրեալ կերպով. հետեւանքը մեր իրերայաջորդ կորուստներն են):
Հայաստանի ու հայութեան համար, 44-օրեայ պատերազմէն առաջ ու անոր աւարտէն ետք ստեղծուած աղէտալի վիճակին ծալքերը ծանօթ են բոլորիս. այստեղ արձանագրեցինք միայն այն բաժինը, որ նման է ծփացող սառցալերան մը երեւցող մասին: Անմոռանալի մէկ քանի մանրամասնութիւն արձանագրեցինք, շեշտելու համար, որ պատերազմին աւարտէն աւելի քան մէկ տարի ետք, ո՛չ միայն վերականգնումի ուղին կը մնայ անելի մէջ, այլ այսօր շատ աւելի՛ վատ ու պարտուողական դիրքերու վրայ ենք, քան նոյնինքն պատերազմի աւարտի օրերուն: Մեր նորագոյն պատմութեան մէջ երկրորդ ծանրագոյն հարուածը նոր մտրակահարումներ կը հասցնէ մեզի, ու մենք կարծէք թէ սկսած ենք վարժուիլ ստեղծուած վիճակին (բարեբախտաբար ընդդիմադիրները ու լայն զանգուածներ համակուած չեն այս վիճակով), նման՝ կիսախաւարի այդ դարերուն, երբ մարդիկ ամէնէն ծանր պատուհասները կ’ընդունէին, կը հանդուրժէին իբրեւ… երկնատուր պատիժ, իրենց մտածումի դաշտէն դուրս էր գլուխ բարձրացնել «Աստուծոյ կարգադրութիւններուն ու կամքին դէմ», մինչդեռ Աստուած… անմեղ էր (նպատակ չունիք զԱստուած դատելու, զայն անմեղ կամ մեղաւոր գտնելու): Այսօր ալ փորձեր կ’ըլլան մեղքը ձգելու միայն մերօրեայ աշխարհի աստուածներուն ուսերուն, փորձ կ’ըլլայ ինքնահամոզումի, թէ «մեր ձեռքէն ի՞նչ կու գայ», «այսինչ կամ այնինչ ուժը պէտք է օգնութեան ձեռք հասցնէ ընդհանրապէս ձեռնածալութեան մատնուածներուս»…
ԱՆԿԱԽ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ԴԵՐԸ
Ամէնէն ողբերգական երեսը այն է, որ այս բոլորը տեղի կ’ունենան, ինչպէս նշեցինք, անկախ եւ ինքնիշխան Հայաստանի պաշտօնական իշխանութեան ձեռքերով, առնուազն այդ ձեռքերուն մասնակցութեամբ (կրնանք ըսել նաեւ գործակատարի դերի ստանձնումով):
Կար ժամանակ, երբ Հայաստան վնասաբեր եւ իր հողերը կծկող փուլերէ անցած է մօտիկ անցեալին: Ցեղասպանութենէն եւ Արեւմտեան Հայաստանի կորուստէն քանի մը տարի ետք, Ստալին մը, այսօր արդէն թզենիի տերեւի մը ծածկոյթն իսկ կորսնցուցած փաստերով, Արցախն ու Նախիջեւանը օր մը Հայաստանի կողմէ իբրեւ «եղբայրական նուէր» տուաւ Ատրպէյճանին, իսկ օրուան համայնավար հայերը, որոնք ձեւական իշխանութիւն ունէին Խորհրդային Հայաստանի մէջ, ձայն չբարձրացուցին նման կարգադրութիւններու դէմ: Նման «եղբայրական կարգադրութիւններ» շարունակուեցան Ստալինի օրերուն եւ անկէ ետք (ստացան վարչական բաժանումներ-դասաւորումներ անունը), մի՛շտ ի վնաս Հայաստանին ու հայութեան իրաւունքներուն: Այդ օրերուն ալ, խորհրդային կայսրութեան մէջ բարձրագոյն դիրքեր գրաւած հայանուն ականաւորներ նախընտրեցին իրենց մատը մատին չհասցնել՝ դասաւորումները տեղ մըն ալ ի նպաստ Հայաստանի՛ կատարելու համար (Բիւզանդական վէճեր կը լսուին երբեմն, շշուկով, թէ Ստեփանոս Շահումեան մը եթէ աւելի երկար ապրէր, արդեօք դրական քայլեր պիտի առնէ՞ր ի նպաստ Հայաստանին, բան մը՝ որ չըրին Միկոյեան մը եւ նմաններ, սակայն նման տեսական հարցադրումներ մեզ տեղ չեն հասցներ):
Մէկ խօսքով, անկախ եւ ինքնիշխան Հայաստանը, որ ինքզինք գերիշխան կը յայտարարէ հայկական հողերու վրայ, փաստօրէն եւ իրողապէս կը գործադրէ մեր հայրենիքին ու հայութեան համար կորստաբեր քաղաքականութիւն. իսկ երբ կ’ըսենք Հայաստան՝ ի սկզբանէ ի մտի ունինք նաեւ Արցախն ու հայկական այն հողերը, որոնք նոյնինքն խորհըրդային տարիներուն ճանչցուած էին հայապատկան: Այսինքն, այսօր մեր իրաւունքներուն տիրութեան առումով՝ մինչեւ իսկ աւելի ետ ինկած ենք, քան խորհրդային տարիները, եւ այս վիճակը ստեղծուած է (կրկնակիօրէն ցաւալի) այն փուլէն ետք, որ բացուեցաւ Արցախեան Շարժումով եւ կտրեց վերանկախացման, Արցախեան առաջին պատերազմի սուղ յաղթանակին եւ հայրենի հողերուն որոշ չափով ընդարձակման, վերատիրացման հանգրուանները, այնպէս՝ ինչպէս եղած էր աւելի քան 100 տարի առաջ, Հայաստանի Հանրապետութեան փոքր տարածքին ընդարձակումով…:
ԿԱՐԿԻՆԸ ՔԻՉ ՄԸ ԲԱՆԱՆՔ
Ո՛չ միայն 44-օրեայ պատերազմին ու անոր յաջորդած, այլ նաեւ զայն կանխող որոշ ժամանակահատուածին օր աւուր զարգացումները ձեւով մը պարտադրած են վիճակներ, ուր, ինչպէս նշեցինք նախապէս՝ հայը ստիպուած է քայլ պահելու ՕՐՈՒԱՆ ԴԷՊՔԵՐՈՒՆ հետ, քննարկումները, մեկնաբանութիւններն ու գնահատականները (դրական թէ բացասական) կատարելու համեմատաբար նեղ սահմաններու մէջ, աչքի առջեւ ունենալով, առաւելաբար, Հայաստան-Արցախն ու անոր անմիջական շրջակայ գօտիին դէպքերը:
Եթէ փորձենք պահ մը դուրս գալ օրաւուր զարգացող դէպքերու հարկադրանքներէն, եւ մեր աչքերը իսկակա՛ն ապագային ուղղելով եւ կարկինը քիչ մը աւելի բանալով՝ մեր այսօրուան վիճակը դիտենք ժամանակի եւ աշխարհագրական շատ աւելի լայն տարածքի մէջ, կրնանք համապատասխան՝ աւելի լայնածիր հետեւութիւններ ընել եւ փորձ կատարել տեսնելու, թէ ուրկէ՞ կու գանք, ո՞ւր հասած ենք եւ ո՞ւր կ’երթանք: Նման քննարկում պէտք չէ կատարենք լոկ պատմական փիլիսոփայութիւններ ընելու տրամաբանութեամբ, այլ մեր անցեալը, ներկան եւ հաւանական ապագան իրարու շաղկապուած տեսնելու գործնապաշտութեամբ:
Թռուցիկ ակնարկով, կրնանք երթալ մինչեւ… ուրարտական դարաշրջան, յետոյ թռիչքներ կատարել հայկական իրերայաջորդ հարստութիւններուն (այսինքն՝ անկախ պետութիւն ըլլալու դարերուն) վրայէն, տեսնելու համար, որ մեր անկախութեան դարաշրջանները, կարճատեւ թէ երկարատեւ, լիարժէքօրէն անկախ թէ մասամբ ենթակայ այլոց, կտրատուած են օտարներու տիրապետութեան շրջաններով: Անցեալին ալ յաճախ մեր հայրենիքն ու ժողովուրդը գտնուած են կորստեան մատնուելու, անէանալու ահաւոր վտանգներու տակ, սակայն խորհրդաւոր բայց նաեւ իրական ուժ մը գտած ենք գոյատեւելու, վերականգնելու եւ ինքնիշխանութիւն վերանուաճելու համար: (Կը հաւատանք, որ այդ ուժը չենք կորսնցուցած հիմա):
Հաւանաբար տասնեակ դարերու անցեալը դիտուի իբրեւ «հեռաւոր պատմութիւն», որուն հետ կարծէք թէ այսօր կապը կտրած ենք (օրինակ, Մեծն Տիգրանի ստեղծած կայսրութիւնն իսկ երբեմն կը դիտենք օտարներու կայսրութիւնները դիտարկելու տրամաբանութեամբ, դատումներ ու գնահատականներ ալ կ’ընենք…): Որոշ է, թէ նման՝ «կապը կորսնցուցած»ի տրամաբանութեամբ կը դիտենք նա՛եւ մօտիկ անցեալը, այսինքն՝ այն դարաշրջանները, որոնք եկած են Ռուսական կայսրութեան հզօրացումէն ետք, երբ ցարերը աշխարհի (եւ ո՛չ միայն Կովկասի) քարտէզին վրայ ներկայացան իբրեւ նոր ախոյեաններ, մէկ կողմէ՝ ընդդէմ Պարսկական, Օսմանեան կայսութեանց, իսկ միւս կողմէ՝ ընդդէմ եւրոպացի հզօրներուն, սկզբնապէս՝ Անգլիա-Բրիտանիա, Ֆրանսա, Պելառուսիա եւ ուրիշներ, իսկ աւելի ուշ՝ նաեւ Գերմանիա, Իտալիա եւ այլք:
Մեզ եւ մեր պատմութիւնը շահագրգռող զարգացումները առաւելաբար կապ ունին ռուս-պարսկական եւ ռուս-թրքական հակամարտութիւններուն հետ (թէեւ հոն ալ կարկինը աւելի մօտիկ անցեալին տարածուեցաւ դէպի արեւմուտք, մասնաւորաբար Աշխարհամարտերու «դարաշրջաններուն» եւ անկէ ետք): Ռուսական կայսրութեան հզօրացման հետ հայկական բեմի զարգացումները սկիզբ առին հիմնականին մէջ 18-րդ դարու վերջերուն եւ աւելի շեշտակի դարձան 19-րդ դարուն: Մեր ակնոցները առաւելաբար գործածած ենք (եւ որոշ չափով ալ իրաւացի էինք) այդ հակամարտութիւնները  հայկական շահերու եւ վնասներու դիտանկիւնէն գնահատելու մօտեցումով, մինչդեռ, այդ տարիներուն (նաեւ մինչեւ այսօր) հսկաներու՝ կայսերական շահերու մրցակցութիւնն էր, որ տեղի կ’ունենար, եւ Հայաստանն ու հայութիւնը հարկադրաբար ինկած էին այդ մրցակցութեանց ստեղծած յորձանուտներուն մէջ (միակը չենք): Օրինակի համար, ռուսական ուժերը Կովկաս իջան եւ առաջին հաշուեյարդարը կատարեցին պարսկական ուժին հետ, հասան Արաքսի բնական սահմանագիծը (մինչեւ այսօր ալ նստած են հոն եւ կ’աշխատին ձեռքէ չհանել 1828-ին իրենց ձեռք բերածը, անկախ Իրանի հետ իրենց բարեկամական կամ մրցակցական հաշիւներէն): Աւելի ուշ, եւ 19-րդ դարու ամբողջ երկայնքին ու 20-րդ դարու կէսերը, մրցակցութիւնն ու ետ-առաջը շարունակուեցաւ ռուս-թրքական հակամարտութիւններով, որոնք պատմութիւն կերտած են (ռուս-թրքական պատերազմներ, ռուսական յառաջխաղացքներ, նահանջներ, մինչեւ Բ. Աշխարհամարտի աւարտին՝ Կարս-Արտահանի հարցին եւ Նեղուցներէն անցքի իրաւունքին շուրջ սակարկութիւններն ու արդիւնքները…): Եթէ այդ դէպքերը վերստին դիտենք հայկական յիշեալ «նեղ» ակնոցով, դժուար չէ վերյիշելը, որ ռուսական ուժերու յառաջխաղացումները յաճախ նպաստաբեր եղած են Հայաստանի համար, իսկ նահանջները պատճառած են կորուստներ: Այդ օրերուն անկախ եւ ինքնիշխան պետութիւն չէինք…: Չոր իրականութիւնը այն է, որ ռուսերը հայերուս բարիք ընելու տրամաբանութեամբ չէ, որ մարտնչած են Օսմանեան կայսրութեան դէմ, մերթ մխրճուած են մինչեւ այսօրուան Թուրքիոյ արեւելեան շրջանները, այսինքն՝ պատմական Հայաստանի տարածքներ, յետոյ, եւրոպացի մրցակիցներու հակադարձութեան պատճառով (երբեմն ուղղակի եւրոպական նաւատորմերու մասնակցութեամբ) կծկումներ արձանագրած են: Այդ յառաջխաղացքներու եւ նահանջներու պատմութիւնը անծանօթ չէ որեւէ մէկուն (եւ զայն պէտք չէ դիտարկել լոկ «հեռաւոր անցեալին կը պատկանի»ի մօտեցումով): Հիմնական խաղը նոյն տրամաբանութեամբ շարունակուեցաւ երկու Աշխարհամարտերուն ու անոնցմէ ետք, Պաղ Պատերազմի օրերուն, կը շարունակուի նաեւ նորագոյն դարաշրջանին, երբ այլեւս պատմութեան անցած է Խորհրդային կայսրութիւնը եւ Ռուսիոյ գլխաւորած նոր խմբաւորումը նորաձեւ մրցակցութեան-ճակատումի (նաեւ՝ գործակցութեան) մէջ է ՆԱԹՕ-ին հետ, առանց մոռնալու Չինաստանն ու այլ «նորեկներ»: Այդպէ՛ս է, անկախ այն իրականութենէն, որ երկու աշխարհամարտերուն ալ, արեւմտեան ուժերը իբրեւ դաշնակից-զինակից ճանչցան Ռուսիան (եւ Խորհրդային Միութիւնը), իսկ հասարակաց թշնամի-մրցակիցին՝ կայսերական ու հիթլէրական Գերմանիաներուն եւ դաշնակիցներուն չէզոքացումէն ետք, Արեւելքի ու Արեւմուտքի ուժերը վերստին ամրացան իրենց «աւանդական» խրամատներուն մէջ: Չմոռնանք նաեւ, որ արեւմտեան զինակցութիւնն ալ ապրեցաւ ի՛ր յեղափոխութիւնը, օրինակ, Ա. Աշխարհամարտին իբրեւ մասնակի դերակատար ներկայացող Միացեալ Նահանգները շուտով Անգլիան փոխարինեց իբրեւ արեւմտեան խմբաւորումին գլխաւոր հեղինակութիւնը (չմտնենք Արեւմտեան զինակցութեան դաշտի ներքին մրցակցութիւններու ոլորապտոյտին մէջ, ուր անցեալի թշնամի-մրցակից Գերմանիան այսօր դարձած է սերտ գործակից-լծակից, իսկ Միացեալ Նահանգներ չեն վարանիր դաշնակիցներուն դէմ քայլեր առնել, անոնք կոչուին Ֆրանսա, Թուրքիա թէ այլ…):
ԻՐԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԸ «ԿԱՐԴԱԼՈՒ» ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆԸ
Ո՞ւր կ’ուզենք հասնիլ:
Ինչպէս անցեալին, նոյնպէս ալ այսօր, ինքզինք անկախ, ինքնիշխան եւ աշխարհի քարտէզին վրայ պահելու ձգտող երկիրներ բնական (եւ նուազագոյն) պարտականութիւնը ունին ճիշդ «կարդալու» երէկի ու այսօրուան զարգացումները: Աւելցնենք, որ այսօրուան աշխարհը աւելի՛ բարդ կացութիւններ կը ստեղծէ մասնաւորաբար փոքր եւ տկար նկատուող երկիրներու համար (մեր մորթին վրայ բազմիցս կրած ենք այս իրականութեան դառն հետքերը):
«Ճիշդ կարդալ իրականութիւնները»՝ կը նշանակէ օրինակի համար, տեսնել եւ կշռադատել, թէ ինչպիսի՛ ազդեցութիւններու ենթակայ են այսպէս կոչուած՝ բարեկամ-զինակիցներու եւ հակառակորդ-մրցակիցներու յարաբերութիւնները: Չմտնենք բազում օրինակներու ոլորապտոյտին մէջ, այլ կանգ առնենք մէկ-երկուքին առջեւ, աչքի առջեւ ունենալով մեզ անմիջականօրէն շահագրգռող երկիրներն ու տարածքները:
Մեր գլխաւոր թշնամին՝ Թուրքիա, աւանդական դատողութեամբ՝ «տարօրինակ յարաբերութիւններ» կը մշակէ մէկ կողմէ՝ Արեւմուտքի իր զինակից-դաշնակիցներուն (եւ հոս կարեւոր է չտարուիլ մերթ ընդ մերթ հրապարակ եկող ցրտութիւններով ու լարուածութիւններով), ու միւս կողմէ՝ իր դարաւոր հակառակորդին՝ Ռուսիոյ հետ: Անցեալէն եկող եւ մասնաւորաբար Թուրքիոյ հեռահաս ծրագիրներուն առնչուած հաշիւները ընդհանուր գիծերու մէջ կը մնան անփոփոխ, արձանագրուած են «կայսերական»ի խորագիրին տակ: Թէ՛ Արեւելքը, թէ՛ Արեւմուտքը, համաձայն իրենց հաշիւներուն եւ շահերուն՝ մերթ կը հանդուրժեն, սակայն նաեւ կ’աշխատին հակակշռել այս ձգտումները, զանոնք ներդաշնակ դարձնել իրենց հաշիւներուն եւ շահերուն. եւ հոս է, որ թաղուած է «բարդ քաղաքականութեան շան գլուխը…»: Նման ակնոցով կարելի է դիտարկել նաեւ մէկ կողմէ՝ Իրանի եւ Թուրքիոյ (ու Ատրպէյճանի), ու միւս կողմէ՝ Իրանի եւ Ռուսիոյ ու Արեւմուտքի միջեւ յարաբերութիւնները, որոնք կ’անցնին մեղմ ու լարուած փուլերէ: Կրնանք աչքի առջեւ ունենալ նաեւ Սուրիոյ, Լիբանանի, Կիպրոսի, ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի (ներառեալ Ծոցի) գօտիներուն զարգացումները, եթէ չենք ուզեր տարածուիլ աշխարհով մէկ…:
Հզօր ու մեղմ, երեւցող ու սքողուած յորձանուտները, ինչպէս անցեալին, նոյնպէս ալ այսօր աշխարհը մատնած են ահաւոր տագնապներու, որոնց մէջէն անվնաս կամ նուազագոյն վնասներով, ինչո՞ւ չէ նաեւ շահեր ապահովելով կարելի է նաւարկել՝ իրականութիւնները ճիշդ «կարդալով», ըստ այնմ կողմնորոշուելով, իսկ ամէնէն կարեւորը՝ ստեղծուած հոսանքներուն մէջ հաւասարակշռութիւն պահպանելու եւ յառաջ ընթանալու հմտութեամբ:
…Վերանկախացած մեր հայրենիքին մէջ, վերջին տարիներուն աշխարհի իրականութիւնները ճիշդ «կարդալու» ունակութիւնը նահանջ արձանագրած է յայտնապէս, հետեւանքը եղած են մեր կորուստները: Մեր փրկութեան լաստը կախում ունի հմուտներու եւ հայրենիքի վերականգնումին նախանձախնդիրներու ձեռքերուն յայտնութենէն եւ միաւորումէն: Այս փուլին, Հայաստանին ու Արցախին պարտադրուած «կծկում»ը պէտք չէ ընդունիլ իբրեւ կատարուած ու անյեղլի իրողութիւն, անդառնալի վիճակ: Հրամայական է, եւ անյետաձգելի՛ հրամայական, որ մեր յառաջիկայ քայլերը մշակենք, նկատի ունենալով մեր ամբողջական Դատը՝ Արցախով ու Գետաշէն-Շահումեանով, Նախիջեւանով ու Արեւմտեան Հայաստանով: Փաստօրէն, թէ՛ անցեալի եւ թէ ժամանակակից պատմութիւնները ցոյց տուած են, որ յարափոփոխ աշխարհը կրնայ բերել ամէնէն անսպասելի անակնկալները եւ ստեղծել առիթներ՝ պատռելու աննպաստ պայմանագրութիւններ, անոնք ըլլան գրաւոր թէ բերանացի: (Օսմանեան կայսրութիւն մը կտրատուեցաւ, Եուկոսլաւիա մը պատառիկներու վերածուեցաւ, Խոհրդային Միութիւնը փուլ եկաւ եւ ստեղծուեցաւ նոր աշխարհ. եւ այսպէս՝ աշխարհը կը շարունակէ թաւալիլ հին-նոր առանցքներու շուրջ):
Ս. Մահսերէճեան