Ճարտարագիտութեան ճեպընթաց զարգացումի, տնտեսական եւ գիտական հզօրացման համար մղուող միջպետական անողոք մրցավազքի մերօրեայ ովկեանին մէջ ազատ, ժողովրդավար, բազմաբեւեռ աշխարհ մը կառուցելու շպարին ներքեւ գերպետութիւններու աշխարհակալական հին ու նոր ախորժակներու սրումով, նոր իրավիճակներ կը ձեւակերպուին, երկիրներ կը բզկտուին, ժողովուրդներ կ’ոտնակոխուին, զէնքի զօրութեամբ նոր սահմաններ կը գծուին, մինչ առաջին եւ երկրորդ աշխարհամարտերու հետեւանք անիրաւութիւնները կը շարունակուին, բայց միշտ փոքր երկիրներու եւ ազգերու հաշուոյն, մարդկային դարաւոր բարոյական արժէքներ կը վերացուին, պարականոն վիժուածքներ կ’արժեւորուին:
Երբ տակաւին հայ ազգի իրաւունքները կը մնան խլուած, դարձեալ  սեւ ամպեր կը կուտակուին Երեւանի երկնակամարին վրայ: Դար մը ետք, հայը դարձեալ դէմ յանդիման է թուրքին: Աւա՜ղ… չկայ շունչը Սարդարապատի: Կայ ժողովրդային պարտուողական անտարբերութիւն մը եւ իշխանութիւն մը, որ երկիրը կը տրամադրէ թուրքին, ու ազգը համայն՝ Հայաստանի մէջ թէ Սփիւռքի, ճգնաժամի մէջ կը յայտնուի:
Արցախեան 2-րդ պատերազմի չարաբաստիկ  վախճանը կը պարտաւորեցնէ մեզ  գիտական ու գաղափարական հիմունքներով զրահաւորուած վերականգնել հայոց բանակը եւ այս սրբազան գործին շուրջ համախմբել հայերը: «Հայեր միացէ՛ք»ը հոս լօզունք չըլլար միայն, այլ բանակ վերակառուցելու հրաւէր: Այս մէկը անշուշտ երբ հայ ինքնութեան պահպանումի եւ հայ ազգի գոյերթը շարունակուած տեսնելու իմաստութեամբ զարդարուած ղեկավարութիւն կ’ունենայ Հայաստանը եւ փոխան հարճային ռազմավարութեան, կ’ունենայ ազգային ռազմավարութեամբ ընթացող պետութիւն:
Պէտք է պարզաբանել, իբր թէ պատերազմէն խորշած հաւաքականութիւններուն, որ բանակի վերականգնումը ռազմասիրութիւն չէ, այլ՝ ազգային արժանապատուութեան հարց: Յարգելով ամէն տեսակ մտածողութիւնը, նախ հաստատենք, որ ազգը արժէք է, անկախ պետականութիւնը ազգային արժէք է, եւ առ այդ նախաձեռնենք վերակազմել երկրի եւ ազգի պաշտպանութեան գաղափարախօսութեամբ լիցքաւորուած եւ ճարտարագիտութեամբ յագեցած մեր պաշտպանութեան բանակը, սակայն վերացնենք այլեւս երկիրը գերիվարած հինգերորդ շառասիւնը:
Հայութեան զանգուածները, երկրի մէջ թէ արտերկրի, այս գաղափարին շուրջ անտարակոյս կը միաւորուին՝ յանուն արդարութեան եւ իրաւունքի, խաղաղ եւ ստեղծագործ կեանքի եւ ապահով երդիքի:
Պահենք իրաւունքը ազգի, անկախութիւնը հայրենիքի, չդառնանք ստրուկը թուրքին:
Թէեւ քաղաքական մտքին համար ծիծաղելի է, սակայն այլեւս պիտի պահանջենք, որ հայկական արեւելում ունենայ իշխանութիւնը Հայաստանի:
Հայրենիք-Սփիւռք միանանք, հայե՛ր… երկիրը թուրքին մատուցողին դէմ ծայր առած դիմադրութեան միանալը պա՜րտք է, հայե՛ր, ո՜չ աթոռակռիւ չէ,  այլ՝ գոյապայքար է իսկական, որպէսզի Հայաստանը մնայ հայութեան:
Գրիգոր Տունկեան