ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան՝ անդրադառնալով Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման փաշինեանական մօտեցումներուն, Yerkir.am-ի հետ զրոյցին մէջ ըսաւ, որ Փաշինեան որոշած է, որ պէտք է Թուրքիոյ հետ կարգաւորէ յարաբերութիւնները, իսկ Թուրքիան անընդհատ կը յիշեցնէ նախապայմաններու գոյութիւնը։ «Այս իշխանութիւնները Թուրքիայէն կը լսեն նոյն յայտարարութիւնները, բայց մէկ այլ բան կը հասկնան։ Փաշինեան Թուրքիոյ հետ սկսած է գործընթաց մը, բայց նպատակը ի՞նչ է, յստակ չէ. չհասկնալու պարագային՝ անմեղութեան կարելի է վերագրել, բայց կան հիմքեր ենթադրելու, որ ասիկա դաւաճանական քայլ է, դաւադրութիւն։ Փաշինեան կը փորձէ ամբողջական յանձնումի ենթարկել մեր երկիրը։ Այս իշխանութիւնը, որ նոյն Թուրքիոյ դէմ պատերազմ մղած է, փափաքելու պարագային ի վիճակի պիտի չըլլայ պաշտպանել Հայաստանի եւ հայութեան շահերը, ըսաւ Մանոյեան։ Յիշեցնենք, որ արցախեան վերջին պատերազմին ընթացքին, Ն. Փաշինեան յայտարարած էր, որ Թուրքիան չէ փոխած իր քաղաքականութիւնը, Թուրքիան կը շարունակէ հայերը ցեղասպանութեան ենթարկել։ Բայց իրադարձութիւնները այնպէս զարգացան, որ այդ անձնաւորութիւնը ամէն ջանք ու եռանդ սկսաւ չխնայել Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու համար։ Աւելին.ան առիթը կ՚օգտագործէ անգամ մը եւս ժողովուրդը համոզելու, որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններ հաստատելը պահուն հրամայականն է։ Ըստ Կիրօ Մանոյեանի, հիմքեր կան ենթադրելու, որ որոշակի հարցերու շուրջ այս իշխանութիւնները Թուրքիոյ հետ համաձայնութիւններ ձեռք բերած են, իսկ ներկայիս բենականացում կը կատարեն` ցոյց տալու համար, որ որոշ գործընթացներ, այնուամենայնիւ, ընթացքի մէջ են։ Յիշեցնենք, որ Ազգային Ժողովի մէջ հարց-պատասխանի ընթացքին, Ն. Փաշինեան յայտարարեց, թէ ինք կը կրէ ամբողջ պատասխանատուութիւնը հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման։ Հարց կը յառաջանայ, թէ Փաշինեան այս յայտարարութիւնները կ’ընէ, որովհետեւ կը գիտակցի՞ որ, այս եւ նման այլ յայտարարութիւններ ընելով, ինք պատասխանատուութիւն չի կրեր, օրինակ՝ յանձնուողական փաստաթուղթի ստորագրութեան, Արցախի 75%-ի յանձնումի պարագային։ Կ. Մանոյեան տուեալ յայտարարութիւնը մեկնաբանելով ըսաւ, որ եթէ թիւ մէկ պատասխանատուն Փաշինեանն է, թիւ մէկ մեղաւորը ո՞վ է։ Փաշինեան, ըստ էութեան, փորձած է, ամէն ինչ խեղաթիւրելով յառաջանալ։ Անդրադառնալով այն լուրերուն, որ Թուրքիա Հայաստանի հետ հանդիպումները չի փափաքիր կատարել որեւէ երրորդ երկրի մէջ, Մանոյեան ըսաւ. «Ռուսիոյ մասնակցութեամբ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ բանակցութիւնները կրնան մէկ կէտի հասնիլ, հաւանաբար վնասելով Ռուսիոյ շահերուն։ Յստակ է, որ Ռուսիա կը նախընտրէր իր հովանաւորութեամբ եւ մասնակցութեամբ բանակցութիւնները յառաջ մղել, որպէսզի վերահսկէր անոնց ընթացքին։ Ռուսիա չի փափաքիր, որ իրադարձութիւնները զարգանան այնպէս, ինչպէս պիտի զարգանային 2008-2009 – ին։ Բնականաբար, եթէ երկու կողմերը առանձին խօսին, արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ, բայց ներկայ իրավիճակին մէջ խօսիլ արդիւնաւէտութեան մասին, սխալ է։ Թուրքիա իր ուզածը պիտի ստանայ, երբ կատարուին Թուրքիոյ նախապայմանները, որոնք յստակ է` մեր շահերէն չեն բխիր», ըսաւ Մանոյեան։ Պատասխանելով այն հարցումին, թէ եթէ դէպքերը այնպէս զարգացան, որ ներկայ իշխանութիւնները, յանուն Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման, պատրաստ ըլլան ընդունելու Թուրքիոյ նախապայմանները, այդ նախապայմաններու ընդունումը ինչպէ՞ս կ’ընկալուի Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ, Կիրօ Մանոյեան պատասխանեց, որ Թուրքիոյ նախապայմաններէն մէկը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման գործընթացը միջազգային օրակարգէն հանելն է, եւ Էրտողանի խօսնակը յայտարարեց, որ այս բանակցութիւնները ամերիկահայ համայնքի քաղաքական օրակարգը ի չիք կը դարձնեն։ «Յստակ է, որ հարուած պիտի հասնի հայութեան շահերու պաշտպանութեան, Հայ Դատի յանձնախումբի աշխատանքները, բայց ատիկա չի նշանակեր, որ ամէն ինչ պիտի տապալի։ Դժուար պիտի ըլլայ, որովհետեւ հայրենի պետութեան իշխանութիւնները ամբողջութեամբ այլ ուղղութեամբ կ’երթան, բայց այս հարցը կարելի է դիմագրաւել», եզրափակեց Կիրօ Մանոյեան։