“Երկիր”._Արցախի հանրապետութեան «Պատմական Միջավայրի Պահպանութեան Պետական Ծառայութիւն» ՊՈԱԿ-ը ամփոփած է 2021-ը տարին՝ անիկա գնահատելով ծանր տարի ՊՈԱԿ-ին համար։ 2020_ի աշնան Ատրօէյճանի սանձազերծած պատերազմի հետեւանքով բռնազաւթուած տարածքներուն մէջ մնացած են մօտաւորապէս 2000 յուշարձան՝ 5` «Տիգրանակերտ», «Տողի Մելիքական Ապարանքներ», «Տյաք» պատմամշակութային եւ «Հունոտի Կիրճ», «Ազոխի Քարանձաւ» բնապատմական արգելոցները: ՊՈԱԿ-էն յայտնած են, որ 2021_ին աշխատանքներ տարուած են պատմական, ճարտարապետական անշարժ յուշարձաններու, պատմական միջավայրի, մշակութային այլ արժէքներու պահպանման, հանրահոչակման ու ուսումնասիրութեան համար, ինչպէս նաեւ իրականացուած են մշտադիտարկում եւ տեղեկութիւններու հաւաքագրում բռնազաւթուած տարածքներու մէջ յուշարձաններու վիճակին մասին: Յուշարձաններու պահապաններու կողմէն իրականացուալ են համապատասխան շրջայցեր, կազմակերպուած են յուշարձաններու տարածքի մաքրումի, բարեկարգման աշխատանքներ: Այդ առումով ուշադրութեան կեդրոնը յատկապէս եղած են զբօսաշրջային գրաւչութիւն ունեցող եւ աւելի շատ այցելու ունոցող յուշարձանները: Նշուած է, որ հասկնալի պատճառներով 2021-ին պեղումներ չեն իրականացուած։ Հաշուետու տարուան ընթացքին շրջանային ծառայութեան աշխատակիցներու կողմէն Մարտակերտի ու Ասկերանի շրջաններուն մէջ յայտնաբերուած են մօտաւորաօէս 200 նորայայտ յուշարձաններ, խաչքարեր, տապանաքարեր ու եկեղեցի-մատուռներ: Ոմանք արձանագիր, ոմանք ալ կարեւոր տեղեկութիւններ պարունակող: