Արդեօք բանաստեղծը Հայաստանի ու հայութեան այսօրուան դժբախտ իրականութիւննե՞րը ի մտի ունէր, երբ կ’ահազանգէր, թէ պիտի ըլլայ «ոգու սով»: Վստահաբար ո՛չ, անոր տարտը ուրիշ աղբիւրներ ունէր: Հաւանաբար անոր միտքէն իսկ չէր անցած, որ պիտի գայ օր՝ երբ ազգովին պիտի իյնանք այնպիսի տարօրինակ «ոգու սով»ի մէջ, ուր հայը ստիպուած պիտի զգայ ճիգերը լարելու, որպէսզի իրեն նման հայերու բացատրէ, թէ ի՞նչ ըսել է հայրենասիրութիւն, հայրենիքի պաշտպանութիւն, անվիճելի իրաւունքներուն տիրութիւն:
Բայց ահա, Հայաստանի մէջ թէ Արտերկրի տարածքին, հայութեան ժառանգութեանց եւ իրաւունքներուն պաշտպանութեան նախանձախնդիր, հետամուտ, անոնց համար պայքարող, արիւն թափող հայեր, վիթխարի արդիւնքներ ձեռք բերած սերունդներ տարօրինակ ու տրամաբանութիւն չընդունող՝ այլանդակ առաքելութեան մը լծուած են, կը փորձեն իրենց նման հայերու ցոյց տալ, անցեալէն ու երէկէն եկած փաստերո՛վ ցոյց տալ, թէ թուրքին ու ազերիին հետ բարեկամութեան ու գործակցութեան էջը բանալու համար, կան դիզուած պարտամուրհակներ, որոնք հատուցման կը սպասեն, անոնց տէրն է մեր ամբողջ ժողովուրդը, եւ ո՛չ միայն սփիւռքահայը…:
Հարցը հոն է, որ նման անվիճելի, աղաղակող պահանջներ արծարծողնե՛րն են, որ ձեւով մը մեղադրանքի թիրախ են վերջին շրջանին: Հայաստանի մէջ թէ սփիւռքեան երկինքներու տակ, սկսած է արագօրէն հող շահիլ այն «արդի մտածողութիւնը», թէ թուրքին ու ազերիին հետ չենք կրնար առյաւէտ թշնամի մնալ, պէտք է որոշ դառնութիւններ մոռնանք, քաղաքական աշխարհը կը հարկադրէ, որ խօսակցելով, բանակցելով եւ հաղորդակցութիւններ ստեղծելով է, որ կը յաղթահարենք անցեալէն կուտակուած դառնութիւնները, դիմաւորել փայլուն ապագայ մը (Արցախն ու Հայաստանէն որոշ հողեր տալն իսկ ներառուած են այս տրամաբանութեան մէջ): Նման «քաղաքականութիւն» կը հիմնա- ւորուի այն (ան)տրամաբանութեան վրայ, թէ աշխարհի մէջ եղած են դարաւոր թշնամանքով տարուած երկիրներ եւ ժողովուրդներ, որոնք օր մը բռնած են բարեկամութեան թելերը եւ հիմա դարձած են գործակից-բարեկամ: Մեր՝ հայութեան ու մեր հայրենիքին դիտանկիւնէն, սա ի սկզբանէ սնանկ փիլիսոփայութիւն է, ո՛չ իսկ՝ մեկնակէտ, որովհետեւ մեր ու մեր դարաւոր թշնամիներուն միջեւ «յարաբերութիւնները» նման չեն որեւէ այլ օրինակի:
Խօսինք պարզ բառերով. ինչպէ՞ս կարելի է մոռնալ աղաղակող ու շարունակուող իրականութիւնները, որոնք կը կոչուին երկարատեւ հալածանքի եւ խտրական վարմունք, Ցեղասպանութիւն, մշակութային ժառանգութեանց փճացում ու հողերու բռնագրաւում (անցեալին ու երէկ), փոկրոմ, հայկական բանակն ու պետական ներկայացուցիչներ նուաստացնող յայտարարութիւններ, հայութեան դէմ ատելութեան ՊԵՏԱԿԱՆ քաղաքականութիւն, ուսումնական անթաքոյց ծրագիրներ, Հայաստանն ու Արցախը ամբողջութեամբ քարտէզէն վերցնելու դիտաւորութիւն եւ անոնց հասցնող քայլեր, եւ, այս բոլորին դիմաց՝ կոյր ձեւանալ, ժողովուրդդ ալ յորդորել՝ որ կոյր ձեւանայ եւ տարուի «տնտեսական բարգաւաճում պիտի ունենանք»-ի ստապատիր քարոզչութեամբ (եթէ քանի մը հոգի շահելու հաւանականութիւն ունի, հայրենիքն ու ազգը «քանի մը անհատ» չեն):
Ամէնէն ողբալին այն է, որ մինչ անցեալ տասնամեակներուն հայութեան ճիգն ու քաղաքական աշխատանքը նպատակ ունէր աշխա՛րհը համոզելու, թէ Ցեղասպանութիւնը կարելի չէ մոռնալ («կը յիշեմ ու կը պահանջեմ»ը, «պէտք չէ կրկնուին» երէկ էին), պէտք է Թուրքիոյ պետութիւնը արդար հատուցումներ կատարէ հայութեան կրած՝ մարդկային, հողային, նիւթական եւ մշակութային կորուստներուն դիմաց, ահա հայը ստիպուած կ’ըլլայ իր ճիգերէն մաս մը մսխելու՝ իր հա՛յ հայրենակիցին բացատրելու, թէ ի՛նչ ըսել է Հայ Դատ, ամբողջակա՛ն Հայ Դատ, ինչո՞ւ չենք կրնար անտեսել մեր բացայայտ իրաւունքները եւ անոնց վրայէն ցատկելով՝ տարուիլ անտրամաբանական պատրանքներով:
* * *
Հայաստանի այսօրուան իշխանաւորներուն «տրամաբանութիւնը», խորքին մէջ, բանիւ եւ գործով ժխտումն է բոլոր այն արժէքներուն եւ քաղաքական ժառանգութիւններուն, որոնք կը կոչուին Խաչատուր Աբովեան («Եթէ կ’ուզէք ազգ ու հայրենիք պահել, պատրաստ եղէք մեռնելու անոնց համար»), Խրիմեան Հայրիկ (Երկաթէ Շերեփ եւ մասամբ նորին), ազգային-յեղափոխական կուսակցութիւններ ու կազմակերպութիւններ, ֆետայական շարժում, ցեղասպանին դէմ ծառացումի Հերոսամարտեր (ո՛չ միայն Սարդարապատը), անկախ պետութեան հաստատում եւ ամրագրում (1918-ին եւ 1991-ին), Արցախեան հերոսամարտ եւ Արցախի ազատագրում, Հայաստանի միացում: «Արցախը Ատրպէյճանի կազմէն դուրս չէ եղած» ու նման յերիւրանքներով, իրենց իսկ հռչակած՝ «Արցախը Հայաստան է ու վերջ»-ը ժխտող հայանուն պետական այրերը մասնաւորաբար 44-օրեայ պատերազմէն ասդին, լծուած են «խաղաղութեան դարաշրջան պիտի բանանք» եւ «ժողովուրդէն երկաթէ լիազօրութիւն ունինք»-ի խեղաթիւրող քարոզչութեան, գլխիվայր շրջելով մեր ԻՐԱԿԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆՆ ու անոր բնական ընթացքը, «վերասահմանելով» մեր աշխարհագրութիւնը: Նման քարոզչութիւն անվաղորդայն է, մեր սայլը աւելի՛ եւս կը մխրճէ փոթորկող աշխարհի տիղմին մէջ, շահ չխոստանալէ աւելի՝ ահաւոր վնասներ եւ վտանգներ կը խոստանայ, համազօր է սուղ ճիգերու մսխումի:
* * *
Չշարունակենք: Այո՛, հասած ենք «ոգու սով»ի դարաշրջանը, որոշ զանգուածներու «մտածելակերպին» մէջ սկսած է տարածք գտնել այն, որ «պէտք չէ ընդմիշտ թշնամանքի պատճառներով տարուինք», «խաղաղութեան շրջանը բանանք առանց նախապայմանի», մինչեւ իսկ եթէ սեղանին դիմաց նստելու պատրաստուողը լոկ ձեւակա՛նօրէն նախապայմաններ չի դներ, մինչդեռ արդէն իսկ կիրարակման ճամբու մէջ դրած է իր նախապայմանները եւ այդ նպատակին լծած է… Երեւանի վարիչները, որոնք, դժբախտաբար, յաչս աշխարհին կը ներկայանան իբրեւ երկրին ու ժողովուրդին ներկայացուցիչները: Անոնց «նորաբաց ուղի»ն, առանց բառերը գործածելու, կը յայտարարէ, թէ հայութեան ու հայրենիքին, հողային, մարդկային եւ այլ իրաւունքներուն պաշտպան իրերայաջորդ սերունդները, առաջնորդները, ռահվիրաները (բոլորն ալ «հիներ») ցնորամիտներ էին, մեր ժողովուրդը առաջնորդած են սխալ, ցնորական ճամբու, մե՛նք թշնամացած ենք թուրքին ու ազերիին հետ, մե՛նք անիրաւութիւն ըրած ենք անոնց դէմ, ուրեմն, մեր բանակը այսուհետեւ պիտի չըլլայ յարձակողը (իսկ այդ ե՞րբ էր, որ մենք եղած ենք այլապէս ցանկալի նախայարձակը…): Արայիկներ, Ռուբինեաններ, Միրզոյեաններ եւ դեռ՝ բազմատասնեակ այլանդակ «մարգարէներ», վարչապետին ճիպոտին շարժումներուն անսալով, կը փորձեն ա՛յս մտածողութեամբ համակել ազգն ու աշխարհասփիւռ հայութիւնը:
«Ոգու սով»ը հասած է, ինկած ենք անոր ստեղծած յորձանուտին մէջ, սակայն անիկա չի կրնար դառնալ մնայուն «զգեստ»: Սարդարապատէն առաջ ու Արցախեան ազատամարտի բազում հանգրուաններէն անցած մեր ջահը շուտով պիտի բոցավառի վերստին, պիտի լուսաւորէ մեր ժողովուրդին միտքերը, պիտի փարատէ մշուշապատ աչքերն ու ուղեղները, որովհետեւ «հիներէն» մէկը այլ ահազանգ մը հնչեցուցած է. «Այսքան չարիք թէ մոռանան մեր որդիք…»: Այդ անժամանցելի ահազանգը անպայման որ պիտի համակէ ու հայութեան դաշտը մաքրագործելու Գործին մէջ պիտի ներգրաւէ երիտասարդութիւնը, ո՛ղջ հայութիւնը, մեր Պատմութիւնը կերտող սերունդներուն հաւատարիմ ժառանգորդները:
Ս. Մահսերէճեան