ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը «Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին խօսած է 5 Փետրուարին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 131-ամեակի հանդիսութեան յղած ազդակներուն մասին՝ նշելով, որ ՀՅԴ գործունէութիւնը այսօր կը ծաւալի գլխաւորաբար երեք ուղղութիւններով՝ Հայաստան-Արցախ, Հայ Դատ եւ Սփիւռք ու համահայկական հարցեր:
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան առանձնացուցած է յատկապէս ՀՅԴ հայաստանեան գործունէութիւնը՝ պայմանաւորուած՝ 44-օրեայ պատերազմի պատճառով ի յայտ եկած նոր մարտահրաւէրներով: Ան մասնաւորապէս ընդգծած է սահմանազատման եւ սահմանագծման, Հայաստանի տարածքով Ատրպէյճանին միջանցք տրամադրելու, ինչպէս նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման խնդրահարոյց գործընթացները:
Բիւրոյի ներկայացուցիչը անդրադարձած է նաեւ Հայաստանի մէջ ՀՅԴ-ի ընդդիմադիր ըլլալու հանգամանքին, յայտնելով, որ հակառակ անոր, որ Դաշնակցութիւնը այս պահուն ալ ունի աւելի մեծ պարտաւորութիւններ ու դերակատարութիւն:
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան կարեւոր համարած է Հայոց բանակի բարոյահոգեբանական վերականգնման եւ հզօրացման անհրաժեշտութիւնը: