“Արմէնփրէս”._ Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը դատապարտած է Ռուսիոյ նախագահ Փութինի որոշումը՝ Տոնեցքի եւ Լուկանսքի հանրապետութիւններու ճանաչման գծով: “Ռուսիոյ որոշումը՝ ճանչնալու այսպէս կոչուած Տոնեցքի եւ Լուկանսքի հանրապետութիւնները, կը հակասէ Մինսքի համաձայնութիւններուն եւ կը ներկայացնէ Ուքրանիոյ քաղաքական միասնութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան ակնյայտ խախտում», ըսուած է Թուրքիոյ ԱԳՆ յայտարարութեան մէջ։ «Ռուսիոյ որոշումը անընդունելի է, մենք կը մերժենք անիկա», աւելցուած է հաղորդագրութեան մէջ։ Յայտարարութեան մէջ նշուած է նաեւ, որ Թուրքիա կը վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը Ուքրանիոյ քաղաքական միասնութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան պահպանման եւ կոչ կ’ուղղէ բոլոր շահագրգիռ կողմերուն գործելու ողջախոհութեամբ եւ պահպանելու միջազգային իրաւունքը: