Ռուսիոյ նախագահ Վ. Փութին 21 Փետրուարին երկու հրամանագիր ստորագրեց՝ ճանչնալով Տոնեցքի եւ Լուկանսքի հանրապետութիւնները։ Ռուսիոյ եւ նշեալ հանրապետութիւններու ղեկավարները բարեկամութեան, գործակցութեան եպ փոխօգնութեան մասին պայմանագիրներ ստորագրեցին։ Փութին նախագահներ Տենիս Փուշիլը եւ Լէոնիթ Փասեչնիքը շնորհաւորեց այդ պայմանագիրներու ստորագրումին առիթով։ Փութին հաստատեց. «Մինչև 1917 թուական Ուքրանիա գոյութիւն չէ ունեցած։ Ուքրանիան ստեղծած է Լենինը … Ստորագրեցի Տոնեցքի եւ Լուքանսկի Հանրապետութիւններու անկախութիւնը ճանչնալու մասին հրամանագիրը. Կը դիմեմ Ռուսիոյ Դաշնութեան խորհուրդին վաւերացնելու զայն», արձանագրեց նախագահ Վլատիմիր Փութին: