Է.
 
17 Ապրիլ 1966-ին, Սուրիոյ անկախութեան տարեդարձին առիթով, ֆութպոլի դաշնութեան կազմակերպած մրցաշարքի աւարտական մրցումին իրարու դէմ պիտի ճակատէին Հալէպի ՀՄԸՄ-ի եւ Ահլիի խումբերը:
Երկու խումբերը դաշտ կը ներկայանան բաւական սպասելէ ետք, դաշնութեան պատասխանատուն կը տեղեկացնէ, որ ցարդ կարելի չէ եղած մրցումի իրաւարները ապահովել:
ՀՄԸՄ-ի վարչութիւնը վերապահութիւն յայտնած էր Ահլիի ակումբի անդամ շարք մը իրաւարներու նկատմամբ, որովհետեւ անոնց սուլիչը միշտ եղած էր անարդար ու կողմնակալ եւ պատճառ դարձած անախորժ դէպքերու:
ՀՄԸՄ-ի առաջարկը՝ Դամասկոսէն իրաւարներ հրաւիրելու, ըստ երեւոյթի չէր արդիւնաւորուած: Կ՚առաջարկուի տիար Սալէմ Այմաշի անունը, որ դարձեալ Ահլի ակումբի պատասխանատու անդամ էր, սակայն համեմատաբար միւսներուն աւելի վստահելի կը նկատուէր:
Կը Դիմեն տիար Այմաշին, որ կը գտնուէր դաշտի պաշտօնական ամպիոնի բաժինը: Ան նախ կը մերժէ, ապա համամտութիւն կը յայտնէ, երբ կը վստահեցնեն, որ ՀՄԸՄ համաձայն է այս կարգադրութեան:
Ի վերջոյ մրցումը, աւելի քան կէս ժամ ուշացումով, ընթացք կ՚առնէ:
Նախքան մրցումի մասին արտայայտուիլս, կ՚ուզեմ կարեւորութեամբ անդրադառնալ հետեւեալին:
Ըստ բարի սովորութեան, ՀՄԸՄ-ի խումբը շաբաթ երեկոները ակումբի մէջ իր հերթական հանդիպումները կ՚ունենար, ներկայութեամբ խումբի պատասխանատուներուն եւ խաղացողներուն, ուր նախ արժեւորումը կը կատարուէր նախորդ մրցումին, ապա կը խօսուէր յառաջիկայ մրցումին մասին:
Աւարտական այս մրցումի նախօրեակին, խումբի եղբայրներէն մին այս կարեւոր ժողովին ընթացքին օգտակար առաջարկ մը ներկայացուց։ Նկատի առած, որ Ահլի խումբին յաջողութեան բանալին կեդրոնի միջազգային խաղացող մայեսթրօ Ուաէլ Աքքատն էր, եղբայրը առաջարկեց, որ զինք չէզռքացնելու փորձ կատարենք եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց այս պատասխանատու պարտականութիւնը ստանձնելու, իսկ եթէ յաջողութեամբ պսակուէր այս ծրագիրը, յաղթանակ ապահովելու ճամբան մեծաւ մասամբ հարթուած կ՛ըլլար:
ժողովականները, մանաւանդ մարզիչ եղբայր Աբրահամ Աւընեանը, առաջարկը ներկայացնող եղբօր կարգ մը լուսաբանական հարցումներ ուղղելէ ետք, բարձր տրամադրութեամբ իրարու հրաժեշտ տուին:
Յաջորդ օր, մրցումէն առաջ , եղբ. մարզիչը՝ հանգուցեալ Աբրահամ Աւընեանը, որդեգրելէ ետք այս առաջարկը նոյնութեամբ, անհրաժեշտ թելադրանքներ եւ ցուցմունքներ կատարեց եւ այս պարտականութիւնը նշեալ եղբօր վստահելէ ետք յաջողութիւն մաղթեց բոլորիս:
Մրցումի առաջին վայրկեանէն սկսեալ, ՀՄԸՄ-ի խումբի այս խաղաոճը յաջողութեան դրական նշաններ ցոյց տուաւ: Տղոց վճռակամութիւնը, ներդաշնակ խաղարկութիւնը, արդիւնաւոր գործակցութիւնը, առաւել նշեալ եղբօր նպատակասլաց խաղը մայեսթրօ Ուաէլը անակնկալի եւ շփոթի մատնեցին։ Ահլիի խումբը, մանաւանդ միջազգային այս խաղացողը, որ հարկադրուած կոշտ, անբնական արարքներու դիմեց, իսկ կեդրոնի իրաւարարը քանի մը անգամ սուլիչը գործածեց եւ զինք ազդարարեց։ Ան ստիպուած վերջ տուաւ ոչ-մարզական իր ընթացքին:
ՀՄԸՄ-ի ծրագիրը յաջողութեամբ ընթացաւ, ապահով եւ ճիշդ ձեւով գործադրուցաւ շնորհիւ խումբի բոլոր եղբայրներուն: Որպէս արդիւնք Ա. կիսախաղը ամբողջութեամբ անցաւ ՀՄԸՄ-ի խումբի հակակշռին ու տիրապետութեան տակ:
Ահլին յուսահատութեան եւ անձնատուր ըլլալու նշաններ ցոյց տուաւ եւ անկազմակերպ խաղ կիրարկեց, սխալ փոխանցումներ կատարելով եւ յաճախ կոշտ խաղարկութեան դիմելով:
Խաղի 15-րդ վաերկեանին, եղբ. ճորճիկի նշանակած կոլը յուսայատութիւն եւ ջղագրգռութիւն պատճառեց հակառակորդ խումբին:
ՀՄԸՄ-ի աննման տղաքը , կազմակերպուած, շարունակական յարձակումներով պաշարեցին Ահլիին բերդը։ Գօգոյին ու Սամիր ֆաքըսին յաջորդական երկու գեղեցիկ կոլերը խորտակեցին Ահլիին բերդն ու խումբը, սակայն օգնական հաւատարիմ իրաւարարը՝ տիար Արէֆ Արեանի իր պարտականութիւնը լաւագոյնս կատարելով փրկեց իր խումբը ահաւոր այս ” ցունամիէն” եւ իր ձեռքի դրօշակը վեր բարձրացնելով ստիպեց, որ կեդրոնի իրաւարարը ուրախութեամբ ջնջէ նշանակուած երկու գեղեցիկ կոլերը:
ՀՄԸՄ-ի անզուգագան տղաքը անվհատ շարունակեցին իրենց գրոհները եւ ամէն վայրկեան կոլ նշանակելու առիթ ստեղծեցին, սակայն իրաւարարները միշտ պատրաստ էին Ահլիի խումբին օգնութեան հասնելու:
Ժողովրդային առածը կ՚ըսէ. «Ախըր արիւնը կը քաշէ»:
Անհաւատալի, բայց հարազատ պատկերը այն էր, որ Ա. կիսախաղի ամբողջ տեւողութեան, ՀՄԸՄ-ի պաշտպանողական գիծի, կեդրոնի յետսապահ Մորիս Ֆաքըս մնայուն կերպով կը գտնուէր դաշտի կեդրոնը, իսկ բերդապահ եղբ. Անդրանիկը մեծ քառակուսիին շուրջ կը ճեմէր՝ գարնանային նպաստաւոր արեւը վայելելով:
Եւ այսպէս Ա. կիսախաղը վերջ կը գտնէ (1-0) արդիւնքով՝ ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի, ինչ որ չէր ցոլացներ այս կիսախաղի հարազատ պատկերը, իրաւարարներու պարկեշտ եւ արդար ըլլալու պարագային։
Բ. կիսախաղաղի առաջին վայրկեանէն, պատկերը շատ յստակ էր: ՀՄԸՄ ինքնավստահ, միշտ վճռակամ եւ ներդաշնակ խաղարկութեամբ սկսաւ դարձեալ նեղ կացութեան մատնել հակառակորդ խումբը:
Եղբ. Ճորճիկ Սամիրէն ստացած երկար ճշգրիտ փոխանցումը բ. կիսախաղի 10-րդ վայրկեանին, մեծ վարպետութեամբ, կուրծքով հանդարտեցնելէ ետք, գնդակը կայծակի արագութեամբ սուռացուց շուրջ 30 մեթր դէպի Ահլիի բերդը եւ մեծ վարպետութեամբ ցնցեց Ահլին ու անոր բերդն ու բերդապահը եւ նշանակեց ՀՄԸՄ-ի երկրորդ կոլը:
ՀՄԸՄ-ականներուն, համակիրներուն եւ խումբի բոլոր անդամներուն ուրախութիւնը, խանդավառութիւնը չափ ու սահման չունէին: Կեդրոնի միջազգային իրաւարար տիար Սալէմ Այմաշ ձեռքի ազդանշանը տալով դէպի դաշտի կեդրոն ուղղուեցաւ մրցումը շարունակելու տրամադրութեամբ ու որոշումով: Յանկարծ կանգ առաւ, երբ Ահլիի կարգ մը խաղացողներ իր ուշադրութեանը յանձնեցին նոնինքն օրուան հերոս կողմին իրաւարարին դրօշակը, որ կը ծածանէր: Իրաւարարը ուղղուեցաւ դէպի այն կողմ։ Ճորճիկ ձեռքով կասեցուցած էր գնդակը: Շատ բնական էր, որ կեդրոնի իրաւարարը պիտի չմերժէր ընկերոջ առարկութիւնը: Եւ երրորդ անգամ ըլլալով կը մերժուի ՀՄԸՄ-ի արդար կոլը։ Դէպքը կը պատահի Ահլիի համակիրներու աչքին առջեւ, երբ եղբ. ճորճիկ կուրծքով կը կասեցնէ գնդակը, իսկ անոնք ոչ մէկ առարկութիւն, բողոք կամ դժգոհութիւն կը յայտնեն։ Եղբ. ճորճիկ գնդակով 30 մեթր յառաջանելէն եւ կոլ մըն ալ նշանակելէն ետք, վարպետ իրաւարարը կ՚արթննայ եւ կը տեսնէ կարծեցեալ սխալը:
ՀՄԸՄ-ի համբերատար խմբապետին բողոքէն ետք խաղը կը շարունակուի: Կը պատահի աւելի մեծ գայթակղութիւնը: Կեդրոնի իրաւարարը ամբողջովին իր դիմակը կը պատռէ եւ ձեռքին գործը բացայայտօրէն կը տեսնէ: Ահլիի խաղացող Եահիա հաճճարը յստակօրէն off side-ի դիրքի վրայ էր, իրաւարարները սակայն կ՚անտեսեն այս մէկը եւ Ահլիին ոսկեայ ափսէի վրայ կը հրամցնեն գողցուած կոլը որպէս նուէր: Առարկութիւնը անիմաստ կ՚ըլլայ: Ահլին պէտք է ամէն գնով յաղթէր:
Այս ալ ընդունեցինք եւ մրցումը շարունակեցինք: Անտեղի փենալթի մըն ալ տեղի ունեցաւ ի նպաստ Ահլիին։ Մրցումը կանգ առաւ քանի մը վայրկեան, բողոքեցինք, արարկեցինք սակայն ապարդիւն։ Որոշումը գործադրուեցաւ: ՀՄԸՄ-ի խոհեմ եղբ. Անդրանիկ կասեցուգ հարուածը ու ձախողեցուց այդ նպատակին իրագործումը: Փենալթին պէտք էր կրկնել, որովհետեւ եղբ. բերդապահը չէր յարգած ֆութպոլի կանոնները: Հոս, առանց առարկելու, կ՚որոշուի լքել դաշտը ու հեռանալ, առաջքը առնելու ծանր հետեւանքներուն, նկատի ունենալով մանաւանդ 1963-ի ամրան, բամպակի մրցաշարքի ընթացքին պատահածը, որ վերջ գտաւ ՀՄԸՄ-ի յաղթանակով(3-2) եւ խումբը ծանր պատիժներու եմթարկուեցաւ:
Խումբը լման կազմով, մարզիչին գլխաւորութեամբ, կ՚ուղղուի դէպի հՄԸՄ-ականներ եւ համակիրներ, կ՚ողջունէ բոլորը, կը հանդարտեցնէ բորբոքած սրտերը, ապա կ՚անցնի հակառակորդ խումբի համակիրներուն կողմ, դարձեալ կ՚ողջունէ բոլորը, որոնք յոտնկայս բացագանչութեամբ ախոյեան, ախոյեան կը կանչեն եւ բուռն ծափահարութիւններով կ՚արտայայտեն իրենց գնահատանքը։
 
Այս էր ՀՄԸՄ-ի վիճակը: ՀՄԸՄ միշտ կը պայքարէր 14, ոչ թէ 11 խաղացողներու դէմ: Բոլորս քաջ գիտէինք, պատասխանատուներն ալ կը յիշեցնէին ըսելով.
«Տղա՛ք, մէկ կամ երկու կոլ նշանակելը մեզի յաղթանակ չ՚ապահովեր։ Պէտք է գէթ 5-6 կոլ նշանակէք, որպէսզի եթէ կէսը չեղեալ նկատուի, յաղթական մնանք»:
 
Դժուար պայմաններու մէջ ապրեցանք, տոկացինք, համբերեցինք, յարատեւ պայքարի դասը, որ ստացանք այս հսկայ դպրոցէն՝ ՀՄԸՄ-էն, մեզ առաջնորդեց բացառիկ արդիւնքներու, յաղթանակներու եւ փայլուն նուաճումներու, որոնց պսակադրումը եղաւ 1965-ի առաջին ախոյեանութեան բաժակին տիրանալու աննախադէպ իրագործումը եւ մանաւանդ 1965-ի «մումթազ» դասակարգի առաջին ախոյեանութեան գահին վրայ մեր բազմիլը, “մարաթոնեան” դժուար, տագնապալի պահեր ապրելէ ետք:
 
Փա՛ռք ու պատի՛ւ ՀՄԸՄ-ին: Բիւր յարգանք, երախտագիտութիւն բոլոր անոնց, ի մասնաւորի ՀՄԸՄ-ի աննման տղոց, որոնք ՀՄԸՄ-ականի բարձր գիտակցութեամբ, վճռակամութեամբ եւ անսակարկ նուիրումով նպաստեցին ՀՄԸՄ-ի գոյատեւման եւ հզօրացման՜ արդարացնելով իրենց վրայ դրուած յոյսերն ու սպասումները եւ ՀՄԸՄ-ի համայն ընտանիքին հրամցնելով պատմական, անմոռանալի նուաճումներ ու փառքի օրեր:
Ճորճիկ Ռաստկելէնեան