1.Մեր  բառարանները
Այսօր  հայր Մեսրոպ Ճանաշեանի «Ծաղկաքաղ»-ը կը կարդայի, երբ Գրիգոր Զոհրապի գրիչին տակ գտայ արածադէմ («Ճէյրանը»),  շիջելափառ («Վիսպատէն»), արծաթել («Եղիա Տէմիրճիպաշեան»),  Զապէլ Եսայեանի գրիչին տակ՝ շրջանկար («Սիլիհտարի պարտէզները»), իսկ Սուրէն Պարթեւեանի գրիչին տակ՝ զոշոտող («Հայուհին») բառերը, որոնց… առաջին անգամ կը հանդիպէի: Ուրեմն հայերէնը այսպիսի բառե՞ր ունի եղեր… Եւ եթէ այո՜, հապա ո՞ւր էին ասոնք, մարդ քանի՞ կեանք պէտք է ապրի, որ գիտնայ այս բաները:
Իսկ գիտնալէ ետք՝ հասկնայ, իւրացնէ ու կիրարկէ զանոնք:
Եւ իբրեւ պարկեշտ ու առաքինի հոսհոս՝ դիմեցի մեր բառարանագիրներուն, իմա՝ Գայայեանին, Ճիզմեճեանին, Տէր Խաչատուրեանին եւ Կռանեանին. իմ վաւերական բառարանագիրներս  են ասոնք՝ յարգանքներովս հանդերձ մնացեալներուն:
***Ճիզմեճեան ունի հետեւեալները՝
-արածադէմ – չեչոտ, պիսակաւոր, ծաղկահար
-արծաթել – արծաթազօծել, գեղազարդել արծաթի փոշիով
-զոշոտել – կախարդել, հրապուրել, զգլխել (գլխէ հանել)
***Տէր Խաչատուրեան ունի՝
-զոշ – գէշ, ամօթալի
Ասոնք եւ այսքան միայն  եւ ուրիշ…  ոչի՜նչ:
Եթէ պահ մը մտածենք, որ այս չորսին մէջ ամէնէն քիչ ծանօթն ու տարածուածը Ճիզմեճեանն է՝ հակառակ իր ակներեւ գերազանցութեան միւսներուն վրայ,- իսկ թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս կը պատահին նման բաներ,- ապա կարելի է ըսել, թէ  ոչինչ ըսող ու բացատրող զոշ բառէն բացի՝ արեւմտահայ  ընթերցողը բերուած բառերը մեկնաբանելու եւ իւրացնելու պատեհութիւնը ընդմիշտ  պիտի չունենայ: Չէր կրնար ունենալ: Եւ ահա օր մըն ալ իր կեանքին մայրամուտին  հարց պիտի տայ՝ «հապա ո՞ւր էին ասոնք, մարդ քանի՞ կեանք պէտք է ապրի, որ ճանչնայ զանոնք»:
* * *
Իսկ Ակադեմիայի քառահատորին մէջ («Ժամանակակից հայոց լեզուի բացատրական բառարան») ասոնց բոլո՛րը կը գտնուին. անոնք մէջբերուած են ընդհանրապէս մեր յիշած հեղինակներու բնագրերով, երբեմն աւելցնելով նաեւ ուրիշ բնագրային օրինակներ՝ արեւմտահայ թէ արեւելահայ  գրողներէ:
Անշուշտ նպատակս չարամիտ բաղդատական մը ընել չէ  այս երկուքին միջեւ. բոլորս ալ լաւ գիտենք այն գերիշխող առաւելութիւնները, որ վայելած են արեւելահայ բառարանագիրները իրենց գործունէութեան ընթացքին, եւ այն անձուկ պայմանները, որոնց մէջ աշխատած ու արտադրած է արեւմտահայ բառարանագիրը, որ ընդհանրապէս ուսուցիչ է, երբեմն երկրորդ գործ մըն ալ կ’ընէ՝ ի խնդիր հացի, եւ ազատ ժամերուն կը զբաղի նաեւ իր նախասիրութեամբ, որ այս պարագային բառարանագրութիւնն է:
Մինչ արեւելահայը իր բառերը կը քաղէ ընթերցելով հայ ողջ գրականութիւնը՝ արեւելահայ թէ արեւմտահայ, արեւմտահայ բառարանագիրը ընդհանրապէս կ’արտադրէ աչքի առաջ ունենալով զինք կանխող բառարանագիրներուն գործերը, որոնց վրայ կը յաջողի հազիւ քանի մը փշրանք աւելցնել իր կողմէ՝ իր ընթերցումներուն ճամբով հաւաքածէն, եթէ կայ այդպիսին:
Աւելին չէինք կրնար ունենալ, պէտք է գոհանալ այսքանով:
Ուրախալին այն է, որ արդի հայ գրասէրը իր տրամադրութեան տակ, շնորհիւ «Նայիրի» կայքին,  ունի հայ բառարանագրութեան ողջ վաստակը՝ 132 աշխատութիւն, եւ ստեղնի մէկ-երկու հպումով կրնայ մատչիլ անոնցմէ որեւէ մէկին եւ  լրացնել ասոր  բացը միւսին լիառատ սեղանէն:
2. Գրաբարն ու արեւմտահայ դպրոցը
Գրաբարը գրեթէ ձեւականութեան համար դասաւանդուած է արեւմտահայ աշխարհիկ վարժարաններուն մէջ, եւ ես չեմ հանդիպած մէկուն, որ զայն սորված ըլլայ  այս ճամբով:
Տրամադրելի դասագիրքը եղած է,- ինչպէս ըսած եմ նախորդիւ,- Եղիշէ վ. Դուրեանի «Ընթացք ի գրոց բարբառ»*վտիտ աշխատութիւնը, որուն առաջին դասին առաջին նախադասութիւնն էր. «Թզենի մի էր ուրումն տնկեալ յայգւոջ իւրում»…: Ուրեմն, լաւագոյն պարագային՝ մեր տղաքը դպրոց աւարտելէ ետք կը յիշէին այս  մէկ հատիկ նախադասութիւնը եւ անոր կապուած  գունագեղ մանրավէպ մըն ալ, թէ ինչպէս աշակերտ մը ուրումն թարգմանած է «յոյն մը» (ուրում՝ թրքերէն յոյն կը նշանակէ):
1984-ին էր, որքան կը յիշեմ, երբ Ազգային ուսումնական խորհուրդը որոշեց  մէկ պահ գրաբար աւելցնել  Միջնակարգի  9-րդ դասարանի ծրագիրին վրայ՝ հետագային  զայն աւելի զարգացնելու հեռանկարով:
Նոր գինին նոր տիկի մէջ դնելու տրամաբանութեամբ՝ ջանացի ժողովական  ընկերներս համոզել, որ հրաժարէինք «Ընթացք ի գրոց բարբառ»-էն եւ որդեգրէինք  հայր Անդրանիկ Կռանեանի գրաբարի դասագիրքը, որուն ծանօթացած  էի նախապէս եւ  շատ հաւնած զայն՝ ըստ ձեւի ու բովանդակութեան:
Եւ այդպէս ալ որոշուեցաւ:
Այնուհետեւ առաջին գործս եղաւ կապ հաստատել հայր Կռանեանի հետ, տալ աւետիսը ու մանաւանդ վերամուտին ապահովել գոհացուցիչ քանակութեամբ   պահեստ մը:
Հայր Կռանեան կրկնակ ուրախութիւն  զգաց. նախ՝ աշխատութեան գտած գնահատանքին համար եւ ապա  յիշեցուցած ըլլալուս համար:
-Լաւ  ըսիր. պահեստս գրեթէ սպառած է, ուրեմն այսօր իսկ վերահրատարակութեան նախաձեռնեմ:
Ինչ մեղքս պահեմ, ես ալ ուրախացայ… պատճառած ուրախութեանս համար:
Եւ շուտով լոյս տեսաւ երկրորդ՝ նարնջագոյն կողքով հատորը. առաջինը կապոյտ էր:
* * *
Ատեն մը անց իմացանք, որ Զարեհ սրբ. Ազնաւորեան իր կարգին գրաբարի ամբողջական դասագիրք մը կը պատրաստէ՝ երեք հատորով եւ «Դիւրին գրաբար» անունով:
Օր մըն ալ մտերմաբար ինծի յայտնեց, որ պատրաստ է առաջին հատորին ձեռագիրը եւ ինձմէ խնդրեց, որ տպարան տալէ առաջ մէյ մը կարդամ զայն: Կտրականապէս մերժեցի՝ ըսելով, թէ իմ գրաբարագիտութիւնս շատ ջուր կը վերցնէ եւ շատ հեռու եմ դասագիրք մը քննելէ ու կարծիք յայտնելէ: Սակայն շատ պնդեց:  Այնքան սիրելի էր  ան, որ յօժարեցայ ստանձնել ձեռագիրը եւ  մեծ  կեդրոնացումով  ու բարեխղճութեամբ սկսայ կարդալ զայն:
Ամբողջ հատորին մէջ նկատեցի ընդամէնը մէկ վրէպ. ուրեմն  շատ հաւանաբար անուշադրութեան հետեւանքով այնտեղ գրուած էր, որ «յարաբերական դերանունը թիւով ու հոլովով կը համաձայնի յարաբերեալին հետ»: Մինչդեռ դրացի նպարավաճառն ալ գիտէ, որ ան կը համաձայնի մի՛այն  թիւով, իսկ հոլովով կը համաձայնի ըստ իր կատարած պաշտօնին՝ ստորադաս նախադասութեան մէջ: Այսքանը գիտնալու համար՝ պայման չէ գրաբարագէտ ալ ըլլալ, կանոնը նոյնն է աշխարհաբարի մէջ եւս:
Պէտք էր տեսնել  մանկական այն խոր հրճուանքը եւ երախտագիտական այն ջերմ խօսքերը, որ այնքա՜ն առատօրէն շռայլեց նման նկատողութեան  մը  համար:
Սակայն օրերը դաժան եղան, եւ ան ժամանակ չունեցաւ աւելի օգտակար ըլլալու գրաբարի ճամբով, որուն այնքան հմուտ էր: Վասնզի քիչ անց՝ մեր աչքերուն առջեւ մեր ցեղի այդ ազնուագոյն տիպարը  սկսաւ մոմի մը պէս հիւծիլ ու  ընդհուպ շիջեցաւ:
Իսկ  ժամանակ մը ետք  դադրեցաւ  այդ դասընթացքն ալ:
Եւ այսօր ոչ ոք կը խօսի այլեւս գրաբարի մասին:
*[Մարդուն] մէկը թզենի մը տնկած էր իր այգիին մէջ:
Արմենակ Եղիայեան