(ԱԶԳ. ՔԱՐԷՆ ԵՓՓԷ ՃԵՄԱՐԱՆԻ 75-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)
Երկաթեայ մեծ դարպասէն ներս, առաջին քայլափոխիդ քեզ կը դիմաւորէ ճեմարանի ժպիտը, պարզ եւ ընդարձակ բակը, որ հալէպահայութեան համար հոգեհարազատ էր Միս Եփփէի օրերէն:
Որպէս շրջանաւարտ, այսօր երբ չորս տասնամեակներու հեռաւորութենէն կը դիտեմ Ճեմարանը, յիշողութեանս պաստառին վրայ որքան յստակ կը տեսնեմ զայն, բազմապիսի առիթներու ծառայած որպէս իտէալ վայր։
Ճեմարանի բակը, առաջնային կերպով, ծանրաբեռնուած դասապահերէն ետք, ուսանողներուս համար լիցքաթափման փնտռուած վայրն էր։ Հիւսիսէն հարաւ երկարող պարսպապատ այդ տարածքին մէջ դիւթականը կեդրոնէն քիչ մը արեւմուտք, նոճիներով եզերուած նրբանցքն էր, ուր առաւելաբար կը ճեմէին երէց կարգերու աշակերտները, հոն էր Ճեմարանը։ Այդ նրբանցքը եզերող նոճիներու բուներուն վրայ, որքան անուններ եւ սրտիկներ կային դաջուած, որքան յոյզեր եւ խոստովանութիւններ կային այդ նրբանցքին մէջ խօսուած, դասընկեր-դասընկերուհիներու միջեւ, որոնք աւելի վերջ պիտի առաջնորդէին զիրենք կեանքի ընկերութեան։ Նրբանցքը անխօս վկան էր այդ բոլորին: Օր մըն ալ «բարեկարգում» անունին ներքեւ վերացած այդ նրբանցքը մնաց ճեմարանականներուս յիշողութեան մէջ, երբեմն-երբեմն վերակենդանացնելով ուսանողական յիշատակները։ Ծառերը երբեք չխօսեցան…։
Կիրակի օրերը, առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ, ժպիտը ժամադրավայրն էր գայլիկներու եւ սկաուտներու դաշտային գործունէութեան: Անոնց ճռուողիւնը կը լսուէր թաղ մը անդիէն։
  Ամառնային արձակուրդներու ամիսներուն, այս բակն էր, որ կը հիւրընկալէր հալէպահայ եւ հիւրաբար քաղաք այցելած հայ երգի աստղերու երգահանդէսները: Հազարաւոր հանդիսատեսներ այդ բակին մէջ համախումբ կը ջերմանային հայ մշակոյթով եւ զայն պահողն ու տարածողը կը հանդիսանային։
Ճեմարանը գտնուելով հանդերձ Հալէպի հիւսիսային ծայրամասը, Նոր գիւղի մէջ, կեդրոնը կը հանդիսանար հայ Հալէպին, ուր տեղի կ’ունենային Հալէպ ժամանած պաշտօնական անձնաւորութիւններու ժողովրդային հանդիպումները հալէպահայութեան հետ։
Ճեմարանի բակին մէջ տեղի կ’ունենային համազգային նշանակալից տօնախմբութիւնները եւ կը կայանային հալէպահայութեան քաղաքացիական յանձնառութիւններու ելոյթները, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման աշակերտական համախմբումները։
Իւրաքանչիւր վերամուտին, այս բակն էր, որ կը հիւրընկալէր Ճեմարանի քերմէսը եւ իր ստեղծած ընդհանուր խանդավառութեան մթնոլորտին մէջ յատուկ երանգ կու տար նոր սկսող ուսումնական տարեշրջանին։
Այս բակէն էր, որ ամբողջ քաղաքին մէջ, չըսելու համար երկրին, տարածուեցաւ քերմէս կազմակերպելու մշակոյթը։
Ճեմարանի քերմէսները, առ այսօր, կը մնան հալէպահայութեան հաւաքական յիշողութեան մէջ. կը պահուի եւ կը շարունակուի աւանդը։
Հալէպահայութեան առօրեային հետ ընդելուզուած Ճեմարանը, այսպէս ալ, բոլորին համար դարձաւ «Մեր Ճեմարանը»։
Ճեմարանի յիսնամեակին առիթով հրատարակուած յուշամատեանին մէջ վաւերականօրէն ներկայ են այս տարածքի պատմութեան հետ աղերսուած բոլոր մանրամասնութիւնները, իսկ Ճեմարանի  առաքելութեան եւ վաստակին մասին կը վկայեն անոր եօթանասունհինգ տարիները եւ աշխարհասփիւռ հազարաւոր շրջանաւարտները, որոնք հալէպահայու հաւաքական կերպարի մէկ մասնիկն են հարազատ: Վերապրումէն նուաճում՝ յաղթերգութիւնն են ազգին։
Հալէպահայութեան ինքնութեան ամրոց, Ճեմարա՛ն.
Յոբելեանդ շնորհաւո՛ր։
Գրիգոր Տունկեան