Պրիւքսէլեան (եւ նախընթաց) հանդիպումներէն ետք, հայ-թուրքեւազերիական յարաբերութեանց սլաքներուն շարժումները եթէ որոշ տատամսումի, շփոթանքի մէջ կը պահէին Երեւանի իշխանութեան համակիրները, վերջին քանի մը օրերու զարգացումներն ու Ազգային ժողովի ամպիոնէն հնչած յայտարարութիւնները վերջին վարագոյրը բացին (քանի՜ ծալք ունէր այդ վարագոյրը), բացայայտ դարձաւ, թէ Նիկոլ Փաշինեան եւ իր խմբակից-համախոհները ո՛ւր կը տանին Արցախն ու Հայաստանը: Անոնց խաբեպատիր եւ ազգադաւ դիտաւորութիւնները ծածկող թզենիի վերջին չորցած տերեւներն ալ մոխրացան:

Բացայայտումին առաջին շերտը այն է, որ պրիւքսէլեան եւ նախընթաց, նաեւ մօտալուտ հանդիպումները, իշխանութեան առաջնորդութեամբ, Արցախը պիտի դնեն Ազրպէյճանի իշխանութեան ենթակայ վիճակի մէջ: Վարչապետին եւ խմբակիցներուն յայտարարութիւնները հազիւ թէ կը քողարկեն այս դիտաւորութիւնը, անկախ անկէ, թէ ինչպիսի՛ բառախաղերով ու ինքնարդարացման ճամարտակութիւններով կը կատարուին անոնք: Մարդիկը հիմա շատ աւելի յստակ կը խօսին Արցախի ապագան Ազրպէյճանի կազմին մէջ, անոր իշխանութեան տակ տեսնելու իրենց պատկերացումին մասին, վճռած են աննահանջ վազել դէպի հոն (թէ՝ ատիկա պարտադրեա՞լ է, թէ՞ համոզումով կ’ընեն, ո՛չ մէկ կարեւորութիւն ունի): Այլ խօսքով, խուլ եւ համր, թերաճ ուղեղով օժտուած պէտք է ըլլալ, չհամոզուելու, որ Երեւանի իշխանութեան բառամթերքն ու պատկերացումները դարձած են համահունչ՝ Ազրպէյճանի ծրագիրներուն եւ յայտարարութիւններուն: Ալիեւ (ու անոր բոլոր քայլերուն ու առաջադրանքներուն լիովին համաձայն Թուրքիան) յայտարարած է, որ Արցախի հարց գոյութիւն չունի, արցախցիք պէտք է համոզուին, որ մէկ մասնիկն են Ազրպէյճանին, անոր հպատակներն են: Սա կը նշանակէ (եւ Երեւանի վարիչներն ալ բացայայտօրէն համամիտ են), որ Արցախը ո՛չ միայն պիտի մատնուի խորհրդային տարիներու դրութենէն աւելի՛ վատ վիճակի, այլ անիկա պիտի մտնէ այն ճամբուն մէջ, ուր մտաւ Նախիջեւանը՝ մօտաւորապէս 100 տարի առաջ, հետեւանքը եղաւ դանդաղ հայաթափում, չյայտարարուած խտրականութիւն, որ իր լրումին հասաւ Արցախեան Շարժումէն ետք, երբ այժմու Հայաստանի հարաւային այս գօտին վերջնականապէս հայաթափուեցաւ. աւելին՝ հայութեան հետքերն ալ ջնջուեցան, օրինակ՝ խաչքարերու փճացման ճամբով: Եթէ մեր աչքերն ու դատողութիւնը չենք կորսնցուցած (կը հաւատանք, որ մեր ժողվուրդի մեծամասնութիւնը չէ կորսնցուցած, իսկ անդարմանելի փոքրամասնութեան մը մեղքն ալ… իշխանաւորներուն ու անոնց սնսնկ թմբկահարներուն վիզին), պէտք է յիշենք, որ Ազրպէյճան նոյն քայլերը արդէն իսկ իրագործած է 44-օրեայ պատերազմին իր խլած՝ արցախեան հողերուն վրայ. հոն հիմա հայ չկայ (թող ո՛չ ոք ինքզինք խաբէ կամ ուրիշը համոզէ, թէ Դադիվանք կամ այլուր ուխտագնացութիւնները հակառակին ապացոյցն են), եկեղեցիներ կը քանդուին, մզկիթի կը վերածուին կամ կը դիմափոխուին, ո՛չ-հայկական կը հռչակուին, մշակութային կոթողներ կը փոշիացուին: Ահա թէ ի՛նչ կը նշանակէ Ազրպէյճանի հետ բարեկամութեան էջ բանալը:

Չմանրամասնենք նաեւ այն, որ Արցախէն ետք, համաթուրանականութեան ճաշացուցակին վրայ կան Սիւնիքն ու, ապա, ամբողջ Հայաստանը: Ուշ չէ այն օրը, երբ Ալիեւ ու Էրտողան միասնաբար պիտի հնչեցնեն նոր երգ մը. Հայաստանի հարց գոյութիւն չունի: Այն ատեն, Արցախի ազերիներու իրաւունքներուն պաշտպան Փաշինեանը կրնայ խօսիլ նաեւ թուրքերու իրաւունքներուն մասին, իսկ թուրքերը, իբրեւ վարձատրութիւն, կրնան անոր ցոյց այն ախորը, զոր չէր կրնար գտնել Ազգային ժողովի ամպիոնէն…

 

ԱՐՑԱԽԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ

Արցախցիք որեւէ մէկէն աւելի՛ լաւ գիտեն, թէ ինչ կը սպասէ իրենց: Անոնք ամբողջ եօթը տասնամեակ ճաշակած են «Ազրպէյճանի կազմին մէջ ինքնավար մարզ»ի դրութիւնը, ապրած են Պաքուի խտրական, հակահայ պետական քաղաքականութիւնը, դիմադրած են անոր դէմ: Արցախը ատենին ճիշդ շարժեցաւ եւ պատմութեան բերած պահուն, ինքզինք հռչակեց անկախ, յայտարարեց, թէ իր վախճանական նպատակն է, ինքնորոշման անվիճելի իրաւունքով, վերամիանալ Հայաստանին, որուն մէկ մասնիկն է եղած մեր պատմութեան ընթացքին, Նախիջեւանին պէս անկէ բռնի կերպով խլուած է ստալինեան քմայքի մը հետեւանքով:

Եւ նոյնինքն ա՛յդ Արցախը, որ մինչեւ «Թաւշեայ յեղափոխութիւն», քայլ պահած էր Հայաստանի հետ, մէկ խրամատի մէջ ճակատած էր թուրք-ազերիական համաթուրանականութեան դէմ, յետոյ,  վերածուած էր «քալողներուն» մէկ ուղեկիցին, ահա այսօր առանց բառերը ծամծմելու կը խայտառակէ Երեւանի իշխանաւորները, յայտարարելով, որ անոնք սխալ, կործանարար ընթացք կը վարեն. արցախցիք երեւանցիներուն կ’ըսեն, թէ ո՛չ ոք իրաւունք ունի Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ տեսնելու, ի՛նչ տարազաւորումով կամ խաբէական պատրանքներով ալ ներկայացուի նման դիտաւորութիւն: Արցախը կոչ կ’ուղղէ ո՛չ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ Սփիւռքին, այսինքն՝ ողջ հայութեան, որպէսզի կանգնին իր կողքին, այնպէ՛ս՝ ինչպէս եղաւ 1988-էն սկսեալ: Արցախը աչքերը բանալու հրաւէր կ’ուղղէ անոնց՝ որոնք Հայաստանի մէջ եւ Սփիւռքի տարածքին, կը շարունակեն հաւատալ փաշինեանական՝ «Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ապագայ կայ» սնանկ տարազին:

Այս սիւնակով, չենք ուզեր մտնել իրերայաջորդ դէպքերուն, յայտարարութիւններուն եւ դիմակազերծումներուն մանրամասնութիւններու մէջ, որովհետեւ իւրաքանչիւր հայ օրը օրին, ժամը ժամուն կը հետեւի Երեւանի ու Ստեփանակերտի դէպքերուն, կեցուածքներուն: Այդ բոլորը մեզ կը հասցնեն մէկ եզրակացութեան: Եթէ տակաւին կան ինքնախաբէութեամբ տարուած պարզանիտներ, որոնք կը հաւատան, թէ Երեւանի այս իշխանութիւնը կը գործէ ի շահ Արցախի, Հայաստանի ու հայութեան, տարուած են անոնց՝ հինի-նորի, յեղափոխականի-հակայեղափոխականի, սեւի-սպիտակի եւ այլօրինակ խաբէութիւններով, այսինչ կամ այնինչ անհատին «կախուելու» խաղերով, պէտք է բանան մանաւանդ ուղեղներուն տեսողութեան դաշտերը, երբ Փաշինեան ու լծակիցներ բացայայտ խոստովանութիւններ կ’ընեն եւ… կը հպարտանան իրենց կործանարար դիտաւորութիւններով: Եթէ ընդդիմադիրներուն բացայայտումները, կոչերն ու փրկութեան հրաւէրները երկար ատեն կը դիտուէին լոկ «քաղաքական մրցակցութեան» դաշտին մէջ (թէեւ այդպէս չէր), հիմա Արցախէն, մինչեւ երէկ ձեւով մը ի՛նք ալ ուսապարկի վերածուած Արցախէն հնչած ձայնը չի կրնար, աններելի է որ դիտուի նեղ-քաղաքականութեան ծիրին մէջ: Արցախի դիտանկիւնէն, վեր-վար շարժող նշաձող չկայ, այլ կան կարմիր գիծեր: Արցախը չի կրնար գտնուիլ Ազրպէյճանի կազմին մէջ, ո՛չ ոք իրաւունք ունի անտեսելու աւելի քան 30 տարի առաջ ամրագրուած՝ պատմական, ինքնիշխանութեան եւ ազատութեան իրաւունքը, որովհետեւ Ազրպէյճանի կազմին մէջ Արցախի ապագան միայն ջարդ է ու հայաթափում, կ’ըսէ Արցախը:

 

ԸՆՏՐԱՆՔՆԵՐ

Ստեղծուած է վիճակ, որուն մէջ, Հայաստան, Արցախ եւ մեր ամբողջ ժողովուրդը ինքզինք կը գտնէ, պէ՛տք է տեսնէ որ կը գտնուի դժուար երկընտրանքի առջեւ. շարունակել ընթանալ փաշինեանական խաղաղասիրութեան, հետեւաբար՝ պետութեան ու պետականութեան կորուստի ուղիէն, կամ մտնել այս իշխանութիւնն ու իր տրամաբանութիւնը մերժելու, զանոնք անյապաղ վանելու ճամբուն մէջ (արդէն ուշացած ենք, պէտք էր իրականացնէինք «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ի օրերուն):

Այլ խօսքով, Արցախն ու ամբողջ Հայաստանը կորուստի տանող երթը պէտք է կասեցնել այսօ՛ր իսկ: Վէճ չեն վերցներ այն բնորոշումները, թէ առանց Արցախի՝ Հայաստան պիտի չքանայ ի վերջոյ: Ալ հարցը անհատ ղեկավարներու ծիրէն անդին անցած է, հայրենիքի ու պետութեան ճակատագիրն են խաղի դրուած:

Խորքին մէջ, ի՞նչ կը պատահի մեր աչքերուն առջեւ, երբ Ուքրանիոյ պատերազմէն բարձրացած աղմուկն ու փոշին որոշ չափով կը խափանեն մեր տեսողութիւնը: Երեւանի մէջ, որոշ ուղղութիւն մը բռնողներ կը նախընտրեն վերականգնել Ռուսիոյ հետ Հայաստանի գործակցական, թուլացած կապերը, շրջանը կը դիտեն ռազմաքաղաքական վերափոխուող քարտէսին մէջ, կը նկատեն, որ այս կամ այն ձեւով, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ վախճանական հեռանկարները տեղ մը կը ներդաշնակուին իրարու հետ: Ռուսիա Արցախի մէջ «ոտք ունի», նմանապէս՝ Հայաստանի մէջ, պիտի չուզէ հեռանալ Կովկասէն, հետեւաբար, կը նախընտրէ Երեւանի մէջ ունենալ ուղեկից մը, որովհետեւ Թուրքիոյ հետ իր գործակցական ուղին արդէն ճաթռտուքներ ի յայտ կը բերէ: ՆԱԹՕ-ի անդամ Թուրքիան զինական օժանդակութիւն կը հասցնէ Ուքրանիա, նաեւ հոն տարած է ահաբեկչական խմբաւորումներ, որոնք կը կռուին ներխուժած ռուսերուն դէմ: (Թուրքիա ահաբեկիչներ բերած էր Արցախ. մեր յուշակորոյս խաղաղասէրները  ա՛յս Թուրքիոյ հետ կը վազեն դէպի խաղաղութիւն եւ գործակցութիւն): Եթէ կարկինը աւելի բանանաք, կան նաեւ Իրանը, արաբական երկիրներ եւ այլ ազդեցիկ ուժեր:

Հակադիր գիծի մը վրայ, կայ Հայաստանը ռուսական ազդեցութենէ եւ ոլորտէ դուրս բերելու ձգտողներու փաղանգը, որ փրկութիւնը կը տեսնէ Արեւմուտքին հետ գործակցութեան մէջ, գրաւ դրած է Ռուսիոյ պարտութեան եւ քայքայման վրայ (կոյր ձեւանանք, թէ Արեւմուտքին հետ գործակցելու վազող Ուքրանիան ինչպիսի արհաւիրքի մատնուած է, թէ՝ Արեւմուտքը զայն վերածած է զէնքի շուկայի, ՆԱԹՕ-ի անդամները իրարու հետ մրցումի ելած են առատ զէնք հասցնելու Քիեւի վարիչներուն, որպէսզի երկարաշունչ եւ մաշումի պատերազմի մէջ մնան ընդդէմ Ռուսիոյ: Իսկ բարեսի՜րտ Միացեալ Նահանգները առատաձեռնօրէն պատրաստակամութիւն կը յայտնէ հիւրընկալելու աւելի քան 11 միլիոն գաղթականներէն… հարիւր հազարը, միաժամանակ կ’աշխատի որսալ Եւրոպայի քարիւղի եւ այլ շուկանները): Այս գիծը հետապնդողներ կը պատճառաբանեն, որ Արցախը արդէն բացայայտօրէն կը խօսի Ռուսիոյ հետ աւելի սերտ գործակցութեան, զայն փրկութեան վերջին լաստը նկատելու մասին, նոյն վիճակին կրնայ մատնուիլ Հայաստանը, այսինքն՝ Հայաստանն ու Արցախը կրնան ի վերջոյ վերածուիլ ռուսական իրողական նահանգի, որ պիտի նշանակէ գերիշխանութենէ նահանջ, ինքնիշխանութեան սահմանափակում: Ուրեմն, «ռուսական վտանգը պէտք է հեռացնել» է տրամաբանութեան էութիւնը:

Արեւմուտքին հետ հեռաւորութիւն պահելու եւ Ռուսիոյ հետ կապերը պահպանելու վերոյիշեալ գիծը պահպանողներ, հակաճառելով, նկատել կու տան, թէ Արեւմուտքին մօտենալ՝ կը նշանակէ իրողապէս ընդունիլ ՆԱԹՕ-ի դաշնակից Թուրքիոյ գերիշխանութիւնը, որ ուղղակի կամ անուղղակի կերպով պիտի պարտադրուի ուշ կամ կանուխ, զինուորական (արդէն Թուրքիա վեթօ դրած է Հայաստանի ու Արցախի բանակերուն վերականգնումին դէմ), քաղաքական-վարչական եւ տնտեսական գետիններու վրայ, այսինքն, Հայաստան պիտի վերածուի թրքական վիլայէթի մը, ի՞նչ հոգ որ հայանուն կառավարիչով մը: Մէկ խօսքով, ռուսական ազդեցութեան աւարտը՝ պիտի նշանակէ այսօրուան Հայաստանը մատնել այն կացութեան, որուն մէջ էր… Արեւմտեան Հայաստանը՝ Ցեղասպանութենէն առաջ (չմտնենք պատմութեան այն էջերուն մէջ, երբ «հայկական նահանգները» քաղաքական-դիւանագիտական եւ ուժական պայքար կը տանէին արդարօրէն, թօթափելու համար սուլթանական լուծը. իսկ այսօր կայ «Սուլթան» Էրտողանը…): Նման ընտրանք, այսինքն՝ թրքական իրողական վիլայէթի մը վերածում, պիտի նշանակէ հայկական պետականութեան վախճան (ընդունինք կամ չափազանցութիւն նկատենք ասիկա), ա՛յն տարբերութեամբ, որ եթէ օսմանեան տիրապետութեան տակ ապրած հայերը դաժան ու տաժանելի պայմաններու մէջ գտած էին գոյատեւելու ձեւերը՝ կողոպտուելով, իրաւազրկուած ու լլկումներով, այսօրուան Թուրքիան (եւ գործակից Ազրպէյճանը) արդէն ունին 19815-ի Ցեղասպանութեան եւ հետեւած՝ ցեղասպանական ոճիրներու, փոկրոմներու փորձառութիւնը: Եւ սա մէկ պետական գործիքն է համաթուրանական հեռանկարներուն իրականացման, ծրագիրներ՝ որոնց քարտէսին վրայ կան Ռուսիոյ որոշ շրջանները…

Ռուսական ուղղակի կամ անուղղակի գերիշխանութիւն մը նախամեծա՞ր է. բնականաբար ո՛չ, որովհետեւ Հայաստան ապրած է նախախորհրդային՝ ցարական, եւ խորհրդային Ռուսիոյ կայսերական դարաշրջանները: Ռուսիա եւս պատմական որոշ պահերու, ուզած է Հայաստանը տեսնել առանց հայու, սակայն այդ վարմունքը բարեփոխում կրած է աւելի ուշ: Պատմութիւնը չի կրկնուիր, սակայն լաւ դասատու է, որպէսզի մեր նաւը օժտուի սեփական շահերու հետամտութեան վառելանիւթով:

 

428-Ի ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Մեր այսօրուան իրավիճակը ձեւով մը կը յիշեցնէ այն մթնոլորտը, որ Արշակունի Հայաստանի մէջ կը տիրէր Ե. դարու սկիզբը. Հայաստան բաժանուած էր, արեւմտեան գօտին մտած էր Բիւզանդական կայսրութեան ստամոքսը, իսկ արեւելեանը թիրախ էր Պարսկական կայսրութեան ախորժակներուն: Հայաստանի ղեկին նստած էր թոյլ թագաւոր մը, որմէ դժգոհ էին հայ իշխանները եւ անոր դէմ կը դաւէին, պատրաստ էին դիմելու պարսիկներու արքային, որպէսզի զայն գահընկէց ընէ եւ երկիրը կառավարէ իր կողմէ նշանակուած մարզպաններով: Հաւանաբար կար որոշ «տրամաբանութիւն» մը, թէ՝ պարսիկները կրնան Հայաստանի համար աւելի՛ նպաստաւոր վիճակ ստեղծել: Չէ՞ որ Արշակունի առաջին թագաւորն ալ Պարսկաստանէն ներածուած էր…: Եւ այդ ծրագիրը իրականացաւ, հակառակ հայոց հայրապետին յորդորներուն եւ անոր՝ «մեր հիւանդ ոչխարը օտարին առողջ գայլէն նախամեծար» համարելու պատգամին: Հայաստան 428-ին կորսնցուց 66 թուականին ձեռք բերած անկախ պետականութիւնը (որ հազար ու մէկ պատուհասներու մէջէն անցնելով, յաջողած էր գոյատեւել մօտաւորապէս 350 տարի. սա մեր անկախութեան ամէնէն երկարատեւ փուլն է պատմութեան մէջ): Նոյն նախարարները շատ շուտով համտեսեցին դառն պտուղները, պարսկական ձուլարար քաղաքականութեան դէմ բարձրացաւ Աւարայրն ու յաջորդեց Վահանեան շարժումը. վերստին անկախութիւն ունենալու համար, պէտք էր սպասէինք մինչեւ Թ. դարու վերջերը, որպէսզի մեծ չափով իշխան – ա – թափ Հայաստանը իր հողերուն վրայ ունենար Բագրատունիներու, զուգահեռաբար նաեւ Արծրունիներու եւ Սիւնիներու թագաւորութիւնները:

Տարբերութիւնը այն է, որ այսօր, Հայաստանի իշխանութեան ղեկին նստո՛ղն է երկիրը օտար տիրապետութեան տակ տանողը, եւ այս վարքագիծը կը փորձէ ծախել իբրեւ լաւագոյն ընտրանք, իբրեւ կարելի միակ ելք: Իշխանութեան ընդդիմադիրներն եւ հայրենապաշտպանները, որոնց դէմ իշխանաւորները կը ժպրհին մեղադրանքներ արձակել: Ղեկը գրաւողը գիտէ, թէ իր զինուորական-պաշտպանական, քաղաքական-դիւանագիտական եւ տնտեսական-ընկերային «հանճարե՜ղ» վարմունքով, երկիրը հասցուցած է (իր դատողութեամբ) միակ «լաւագոյն ընտրանք»ին, գիտէ, որ եթէ ներկայ պայմաններուն մէջ, երբ Հայաստանը դրուած է հազար ու մէկ կապանքի տակ, զինք հաւանական փոխարինողը ինքզինք պիտի գտնէ «անկարելի առաքելութեան» մը դէմ յանդիման, աւելի՛ վատ վիճակի մէջ, քան՝ այն պատկերը, որ օր մը Արտաւազդի մը ըսել տուած է. «Աւերակներու վրայ ինչպէ՞ս թագաւորեմ»: Պէտք պիտի ունենանք Արտաւազդին, Փոքր Մհերին եւ բոլոր այն քաջերուն ու իմաստուններուն, որոնք գիտեն հայրենիք պաշտպանելու, վերակերտելու հնարքները:

 

ԵԼՔԸ

Ստեղծուած մութ պատկերին մէջ, յուսահատութիւնն ու ձեռնաթափութիւնը այլընտրանք չեն: Կարելի չէ մանաւանդ ինքնամխոթարանք փնտռել, ըսելով, որ մեր պատմութեան մէջ, օտարի տիրապետութեան դարաշրջաններուն գումարը շատ աւելի է, քան անկախութեան փուլերունը, հետեւաբար, «ի՞նչ կ’ըլլայ եղեր… 30 տարի անկախութիւն ունեցանք, ափսոս, որ չկրցանք հասնիլ զայն պահպանելու հասունացումին…»

«Երբ չի մնում խելք ու ճար, խենթերն են գտնում հնար»ը խտացեալ, վաղեմի ու անժամանցելի իմաստութիւն է: Այսօր, դարձեալ կը հնչէ «Հայե՛ր, միացէ՛ք, միացէ՛ք, հայե՛ր, Արցախն է մեզ կանչում, օգնութեան հասէ՛ք» հրաւէրը: Նման կանչի, ահազանգի՛ դիմաց, կը հալին, պէ՛տք է անտեսուին այս կամ այն «անցեալցի»ին, անհատներուն կառչելու մտածողութիւնները, որովհետեւ Արցախն ու Հայաստանի կը պահանջեն բոլոր իրա՛ւ ՀԱՅԵՐՈՒՆ (ո՛չ՝ հայանուններու) բազուկներու միացումը, բոլոր կարողականութեանց՝ զինական, քաղաքական ու դիւանագիտական, նաեւ տնտեսական կարողութիւններուն միացումը՝ ի խնդիր հայրենիքի փրկութեան:

Համայն հայութիւնը, սկսելով հայրենի հողին վրայ բնակողներէն, հայրենափրկութեան մարտահրաւէրի առջեւ է: «Եթէ Հայաստանը իրեն չմիացնէ Արցախը, Արցախը իրեն պիտի միացնէ Հայաստանը», հնչեց Արցախէն՝ աւելի քան 30 տարի առաջ: Նոյն տրամաբանութեամբ ալ, մեր ժողովուրդը պիտի աղաղակէ. «Եթէ ընդդիմադիրները օրինական կամ այլ կապանքներով, հաշուարկներով չեն կրնար հեռացնել այս իշխանութիւնը, մե՛նք պիտի պարտադրենք անոնց, հայրենիքի ճակատագրի նախանձախնդիր բոլո՛ր ուժերուն, որպէսզի միանան մեզի, եւ Հայաստան-Արցախը փրկենք այս պատուհասներէն»: Իսկ անկէ ետք, «Դեռ ճամբայ ունինք…»:

Ս. ՄԱՀՍԵՐԷՃԵԱՆ

14 Ապրիլ 2022