Բառագիտական
Օտար ծագում ունին հետեւեալները՝
-Աբեղայ, որ ասորական awila բառն է:
-Վարդապետ, որ պարսկերէն է եւ կը նշանակէ ուսուցիչ, խորհրդատու, բարեգործ:
Կիրարկուած է Նոր կտակարանի մէջ. Յիսուսին տրուած տիտղոս էր մասնաւորաբար իր աշակերտներուն կողմէ, որոնք  անոր մէջ կը տեսնէին նախ եւ առաջ ուսուցիչը: Հետագային ան տրուեցաւ նաեւ եկեղեցւոյ սպասաւորներուն՝ կուսակրօն քահանաներուն:
-Քահանայ, ունի սեմական ծագում. կը գտնենք զայն  փիւնիկերէնի,  եբրայերէնի,  արամերէնի, ասորերէնի, եթովպերէնի ու արաբերէնի մէջ: Նախապէս նշանակած է ծառայ, բայց նաեւ հմայող, բախտագուշակ, տնտես, մատակարար (Աճառեան, «Արմատական»):
Քրիստոսի եկեղեցին, ուրեմն, ունի  հոգեւոր միայն մէ՛կ կարգ, որ քահանայութիւնն է, զայն կրողը  քահանան է,  որ իր այս կարգը  ստացած է ուղղակի Քրիստոսի աշակերտներէն եւ այնուհետեւ փոխանցած է իր յաջորդներուն:
Հնագոյն հոմանիշներն են «վարդապետ», որ աւելի տիտղոս էր նախապէս, քան թէ հոգեւոր կարգ,  եւ «աբեղայ». այս վերջինը քահանայէն  կը զանազանուէր իր կուսակրօնութեամբ, մինչ քահանան  ամուսնացեալ սպասաւոր էր:
-Սարկաւագ,  աշխարհական,  առհասարակ ամուսնացեալ, քահանայի օգնականը:
-Եպիսկոպոս, պատրիարք, կաթողիկոս կամ եպիսկոպոսապետ յունական բառեր են:
Եպիսկոպոսը այն քահանան էր, որ  կը հովուէր ամբողջ վիճակ մը կամ թեմ մը, այսինքն՝ մէկէ աւելի համայնքներ: Այլ խօսքով՝ վարչատարածքային  կոչում էր եպիսկոպոսութիւնը, որ արդէն հաստատուած էր առաքեալներու ողջութեան իսկ: «Գործք առաքելոց»-ի թուղթերուն մէջ ակնարկուած է անոնց: Եպիսկոպոսները նախապէս  ամուսնացեալ քահանաներ էին, որոնք «պարտաւոր էին մէկ կին ունենալ*»,.  ինչպէս կը թելադրէ  Աստուածաշունչը. հետագային անոնք կ’ընտրուէին կուսակրօններու շարքերէն:
Տարիքին ու վաստակին բերումով՝ եպիսկոպոսին  կը շնորհուի արքութիւնը:
Վարչական աւելի ընդգրկուն իրաւասութիւններով օժտուած քահանաներ են  կաթողիկոսը եւ պատրիարքը: Կաթողիկոսական կոչումը մեր եկեղեցին ունեցած է առաջին մէկ օրէն. առաջին կաթողիկոսը ինքը՝ Գրիգոր լուսաւորիչն էր: Իսկ պատրիարքական  կոչումը, որուն կրողը արքեպիսկոպոս մըն է,  հաստատուած է աւելի ուշ՝ 7-դարուն Երուսաղէմի մէջ,  15-րդ դարու կէսին՝  Պոլսոյ մէջ:
2.Զանգ(ակ) եւ զանգել
Արդի արեւմտահայը մինչեւ վերջերս գիտէր  միայն զանգը, այն կոնաձեւ զրնգուն մետաղէ  շինուած սարքը, որ օժտուած է արտաքին կոթով մը եւ ներքին  լեզուակով մը. այս վերջինով  հարուածներ կը տրուին  զանգի կողերուն, եւ ան կը սկսի հնչել: Բառս ունի ազատ տարբերակ մըն ալ որ զանգակ-ն է. այս երկուքին միջեւ շօշափելի տարբերութիւն չենք գտներ:
Մեր գրեթէ բոլոր բառարաններուն մէջ հանգիստ կը ննջէ զանգել բայ մըն ալ, որուն կողմը սովորութիւն չունինք նայելու. ես չեմ հանդիպած արեւմտահայու մը, որ գիտնայ այս բային նշանակութիւնը, իսկ  «գիտնալու» պարագային… ան կը նշանակէ հնչել կամ հնչեցնել, մինչդեռ այսպիսի բացատրութիւն տուած բառարան չունինք մենք: Այո՜, կը զարմանաք հաւանաբար, բայց այս այսպէս է, զանգել…  հնչել կամ հնչեցնել չէր նշանակեր:
Աւելի յստակ՝ զանգ եւ զանգել մեր բառարանային բարքերու մէջ առնչութիւն չունին իրար հետ,  եւ  զանգել-ին  արմատը զանգ(ակ)-ը չէ:
Հապա ի՞նչ է:
* * *
Գայայեան զանգել-ին դիմաց  դրած է. «շաղել, թրել, խառնել, միացնել (անշուշտ հեղուկ մը փոշիի հետ – ԱԵ)»: Ան դրած է երկու ուրիշ հոմանիշներ եւս՝ թրմել եւ մալակոնել… որ կը խնայեմ ընթերցողներուն,… խոնարհիս եւս:
Ինչպէս կը նկատէք, բացարձակապէս ոչ մէկ ակնարկութեան նշոյլը կայ  մեզի ծանօթ հնչուն  սարքին, այսինքն՝ մեր գիտցած «զանգ»(ակ)-ին:
Յստակօրէն  նկատելի է, որ կ’ակնարկուի մասնաւորաբար ալիւրի ու ջուրի կամ որեւէ այլ հեղուկի՝ կաթի, հալած իւղի,  խառնուելուն եւ միաձոյլ  զանգուած մը՝ խմոր մը  կազմելու գործողութեան: Եւ մեզի շատ ծանօթ «զանգուած»  նոյնարմատ բառը ահա ճիշդ այս գործողութեան  արդիւնքն է:
Անշուշտ ոչինչ կ’արգիլէ, որ ալիւրի փոխարէն որեւէ այլ փոշիի՝ աւազի, ցիմենթի, գաճի ջուրի հետ խառնուրդով  ստացուած ըլլայ այդ զանգուածը:
Ուրեմն այս ծիրէն ներս  զետեղած է Գայայեան զանգել բայը:
Նոյն ծիրէն ներս զայն մեզի կտակած է գրաբարը՝ «Նոր հայկազեան»-ի ճամբով:
Ճիզմեճեան եւ Տէր Խաչատուրեան կրկնած են  Գայայեանը:
* * *
Այդ միջոցին, սակայն, Հայաստանի մէջ  զանգ(ակ) սարքը իմաստային ընդարձակում ապրեցաւ եւ սկսաւ բնորոշել  մեզի ծանօթ «հեռախօսը», որ նմանապէս հնչելու յատկութեամբ օժտուած է, եւ այսպէսով հոմանիշ դարձան հեռախօսն ու զանգը:  Ապա քայլ մը առաջ երթալով՝ հեռախօսելու արարքը կոչուեցաւ «զանգել», այլ խօսքով՝ հոմանիշ դարձան հեռախօսել եւ զանգել: Ճիշդ է, այս հոմանիշ եզրերը ունին որոշ բեւեռացում. արեւելահայուն համար ընդհանրապէս  կայ զանգն ու զանգելը, արեւմտահայուն համար՝ հեռախօսն ու հեռախօսելը, այսուհանդերձ ներթափանցումները այնքան ալ հազուագիւտ չեն:
Այս առիթով  ալ առաջին անգամ ըլլալով արեւմտահայ բառարանի մը մէջ,- իմա՝ հայր Կռանեանինը,- զանգ-ը սկսաւ նշանակել նաեւ «հեռախօս», իսկ, ինչ որ շատ աւելի տարողունակ է եւ տարօրինակ, զանգել բայը իր  աւանդական նշանակութեան կողքին, որուն ակնարկեցինք վերը, սկսաւ նշանակել նաեւ… հեռախօսել: Կայ աւելի յատկանշականը.   հայր Կռանեան զանգել բային առաջին նշանակութիւնը կը նկատէ «հնչեցնել, հեռաձայնել», իսկ երկրորդ նշանակութիւնը՝ «շաղել, մալակոնել»:
Այս բոլորը՝ արեւմտահայու  աշխատելաոճի թափթփածութեամբ, որ հետեւեալն է. մէկ  եւ միասնական զանգել յօդուածին կից Կռանեան դրած է՝ «հնչեցնել, հեռաձայնել. շաղել, մալակոնել»: Այսինքն՝ ներկայացման այս ձեւը կը թելադրէ, որ նո՛յն բայը՝ զանգել,  կը նշանակէ այս բոլորը, այս զոյգ նշանակութիւնները: Ինչ որ պարագան չէ:
Մենք փաստօրէն  կը գտնուինք երկու նոյնանուն եւ իրարմէ բոլորովին  տարբեր բայերու ներկայութեան. այդ տարբերութիւնը պէտք էր արձանագրել հետեւեալ կերպով՝
-զանգել1 – շաղել
-զանգել2 – հեռախօսել
* «Եպիսկոպոսը պէտք է անարատ ըլլայ, մէկ կնոջ այր» (Տիմոդէոս բ., 3/2): Նոյնը կը պահանջուի սարկաւագէն:
Արմենակ Եղիայեան