Այսօր՝ 21 Ապրիլին, Թաթուլ Կրպէյռանի ծննդեան օրուան առիթով Նոր Նորքի մէջ գտնուող իր յուշարձանի մօտ ՀՅԴ ՆԱՈՒՄ-ը նախաձեռնած էր երդման արարողութեան:

ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան վարչութեան անդամ Գէորգ Ղազէլեան նշեց՝ բոլորս այսօր ներկայ ենք մեր երդումը տալու, որպէսզի Դաշնակցութեան դրօշին տակ ծառայենք ազգին եւ հայրենիքին։

«Ինչպէս գիտէք, այսօր մեր ազգը ամենաշատը կարիք ունի մեզի նման երիտասարդներու։ Միասնութիւնը շատ կարեւոր է, որ ապացուցենք թէ՛ ներքին, թէ՛ արտաքին թշնամիներուն, որ մենք կանք, Արցախի կողքին ենք և ոչ մէկ պարագայի Արցախը չենք ձգեր թշնամիին ձեռքին տակ», ըսաւ Գէորգ Ղազէլեան։

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի անդամ Իկոր Սարգսեան ՀՅԴ նորագիրներու երդման արարողութեան ընթացքին ըսաւ, որ դաժան ու դժուար պիտի ըլլայ մեր ճամբան, բայց փառաւոր, որովհետև մենք կը պայքարինք կեանքի համար, ապրելու եւ ապրեցնելու համար։

«Ամէն օր երդում չեն տար, երդում կու տան կեանքի մէջ մէկ անգամ, եւ ահա այսօր այդ եզակի պահն է։ Ուստի մեր աւանդութեան ուժով նաեւ կարգով, մինչեւ երդում տալը ես ձեզի անգամ մը եւս կ’ուզեմ հարցնել՝ պատրա՞ստ էք ամբողջովին նուիրուիլ հայ ազգի պահպանութեան գաղափարախօսութեան», հարցուց Իկոր Սարգսեան եւ պատասխանը դարձեալ եղաւ՝ այո։