Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիա «ցեղասպանութիւն» կը գործէ, յայտարարեց ԱՄՆ-ի նախագահ Ճոզէֆ Պայտըն, բայց զգուշացումը միանշանակ չընդունուեցաւ, արձագանգները եղան բազմաբնոյթ: Ինչ որ, սակայն, մտահոգիչ է՝ նման ծանր ամբաստանութեան անհետեւանք մնալն է. թերեւս ալ այդ ենթադրութեամբ ալ կատարուած է, այսինքն՝ յայտարարութիւնը կրնայ զգայացունց ըլլալ, բայց մնալ անհետեւանք:
Միջազգային քաղաքականութեան մէջ դեր ու կշիռ ունեցող պետական ղեկավարէ մը կը սպասուի իր հանրային ելոյթներու լրջութեան ու պատասխանատուութեան գիտակցիլ: Այս մէկը, գիտենք, շատ աւելի տեսութիւն է քան իրականութիւն:
Ի վերջոյ, քիչ չեն պետական այն գործիչները, որոնք կամայ թէ ակամայ անլուրջ յայտարարութիւններով հանդէս եկած են, եւ կու գան: Ի մասնաւորի քաղաքական գործընթացներու մէջ ընկերային ցանցերու ներգրաւումէն ի վեր: Կրնանք մինչեւ իսկ հարցականի տակ առնել ընկերային ցանցերով շատ արագօրէն տարածուող հաղորդակցութեան այս ժամանակներուն քաղաքական յայտարարութիւններու լրջութեան ենթադրութիւնը, երբ անոնց մեծ մասը մոռացութեան կը տրուի այնքան արագ որքան պահ մը առաջ միայն տարածուած էր աշխարհով մէկ:
Ընկերային ցանցերը նաեւ շատ քաշողական ըրած են ամբոխահաճոյութեան փորձութիւնը: Այդ անլրջութեան հետեւանքները, սակայն, կրնան ըլլալ եւ շատ ծանր, որքան ալ որ այդ հետեւանքներու պատճառային յայտարարութիւնը փորձուի մոռացութեան տրուիլ, լռութեան դատապարտուիլ, չյիշատակուիլ երբեք նոյնինքն պետական այն անձնաւորութեան կողմէ, որ կատարած է զայն:
Պէ՞տք է յիշեցնել «Արցախը Հայաստան է եւ վե՛րջ»-ը, որուն պատասխանատուութեան ոչ գիտակցութիւնը ունեցաւ, ոչ ալ այդ պատասխանատուութիւնը երբեւիցէ ստանձնեց անոր հեղինակը… Յայտարարութիւնը այսօր չի յիշուիր, որովհետեւ, պիտի ընդունիլ դաժան իրականութիւնը, անոր շատ ծանր գինը հեղինակը ինք չվճարեց:
Բայց, ահաւասիկ, մինչ Քառասունչորսօրեայ Պատերազմի աղետալի հետեւանքներուն եւ Հայաստանի թէ Արցախի ներկայ խիստ խոցելի եւ կախեալ իրավիճակի պատասխանատու իշխանութեանց սատար կանգնած օրկանական մտաւորականները կրնան իրենք իրենց թոյլ տալ մոռացութեան մատնել նման յայտարարութեանց հետեւանքները, զայն համարել ինչ որ ըսենք «սխալմունք», «անզգուշութիւն» կամ «թիւրիմացութիւն», անհրաժեշտ է նաեւ քննադատական մտածողութիւն մը, որ զգաստ մնայ պետական անձնաւորութեանց հրապարակային ելոյթներուն եւ ուշադիր ըլլայ գործածուած եզրոյթներու ենթադրութեանց թէ հետեւանքներուն:
Այդ եզրոյթներէն մէկը ցեղասպանութիւնն է, որուն հանրային գործածութիւնը լուսարձակի տակ պէտք է առնեն ի մասնաւորի Սփիւռքի մտաւորականներն ու Հայ Դատի պահանջատիրութեան յանձնառուները:
Նախքան այս վերջին գաղափարին շուրջ խորհրդածութիւնը, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցին առիթով գրուած այս ակնարկին նպատակն է, վերադառնանք նախագահ Պայտընի յայտարարութեան:
Գիտենք, որ մեր հաւաքական երեւակայութեան մէջ տեղակայուած աշխարհէն լքուած զոհի հոգեբանութիւնը հաստատագրած է նման յայտարարութիւններու ընդհանրապէս փաթեթիք հակազդեցութիւն մը, որ կարելի է ամփոփել «հապա մե՞նք» նախադասութեամբ եւ անոր հետեւող ամէն տեսակի ու գոյնի «տերտագրութեամբ»:
Ցեղասպանութեան հարցով այդ մէկը հասկնալի է Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմէն յետոյ Ռաֆայէլ Լեմքինի առաջադրանքով այդ յղացքի աշխարհ գալուն եւ միջազգային իրաւագիտութեան թէ քաղաքականութեան մէջ ամրագրուելուն (նախ Նիւրեմպերկի դատավարութեան ժամանակ Նացի ոճրագործներուն դէմ յաղթական պետութեանց ամբաստանագիրներուն մէջ 1945-ին, ապա ՄԱԿ-ի 1948-ի Ցեղասպանութեան Համաձայնագրին մէջ) իրողութեան դէմ յանդիման սփիւռքահայ մամուլի հակազդեցութեան պարագային:
Բայց ոչ 21-րդ դարուն, երբ այդ բառի կարեւորութեան գիտակից եւ այդ բառի գործածութեան ի խնդիր խորհրդանշական 1965 թուականէն ի վեր զօրաշարժի ենթարկուած սփիւռքահայութիւնը քաղաքականացաւ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման պայքարով, որ Հայ Դատի պահանջատիրութեան կորիզը եղած է, ու կը մնայ: Այդ պայքարը առաջ տարաւ պետականազուրկ քաղաքացիական հասարակութիւն մը՝ Սփիւռքը, որ համաշխարհայնացումէն առաջ իսկ գիտցած էր ինքնակազմակերպուիլ որպէս աշխարհատարած ցանց, եւ ունեցաւ իր յստակ յաջողութիւնները: Անոնց վերջիններէն, եւ անկասկած ամենակարեւորներէն է Հայոց Ցեղասպանութեան 106-րդ Տարելիցին Սպիտակ Տան մէջ հազիւ չորս ամիս առաջ հաստատուած Պայտընի կողմէ եզրոյթին գործածութիւնը:
Թէ ինչո՞ւ Պայտըն, եւ ոչ իրմէ առաջ որեւէ այլ ԱՄՆ-ի նախագահ «ցեղասպանութիւն»ը գործածեց (ի բացառութեամբ Ռոնըլտ Ռեկընին, որ 1981-ին գործածեց յղացքը եւ ցարդ չենք գիտեր թէ ինչո՞ւ երբեք չյաջողեցանք օրին այդ իրողութեան տալու իր կարեւորութիւնը) արդէն քննարկուած է եւ տակաւին կարելի է քննարկել:
Յստակ է սակայն, որ Պայտըն այնքան ալ թեթեւամիտ կերպով, կամ որեւէ քաղաքական «ակնկալիք»ով չէ, որ այդ ծանր կշռոյթի յղացքը գործածեց 24 Ապրիլ  2021-ին: Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ կողմէ գործադրուող ցեղասպանութեան իր ամբաստանութիւնը սակայն տեղի տուաւ զգուշութեան հրաւէրներու:
Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնը առաջինը եղաւ ըսելու, որ պէտք չէ հռետորաբանութիւնը մագլցումի տանիլ, եւ կոչ ուղղեց զգոյշ ըլլալու նման եզրոյթներու գործածութեան մէջ: Ի մասնաւորի երբ, ըստ Մաքրոնի, ռուսերը եւ ուքրանացիները «եղբայր ժողովուրդներ» են:
Յղացքի գործածութեան մէջ զգուշացան նաեւ ԱՄՆ-ի բարձրագոյն պաշտօնակատարները, ինչպէս կը հաղորդեն նոյն երկրի թերթերն ու լրատու գործակալութիւնները: Եւրոպայի Անվտանգութեան եւ Համագործակցութեան Կազմակերպութիւնը (ԵԱՀԿ) հաղորդագրութեամբ մը հանրութեան յանձնեց տեղեկագիր մը, ուր փաստացի տուեալներ կան Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ կողմէ միջազգային մարդասիրական օրէնքի խախտումին, որոնց կարգին՝ մայրատուն-հիւանդանոցի մը եւ որպէս ապաստարան գործածուող թատերասրահի մը ռմբակոծումը Մարիուփոլի մէջ: Պայտընի յայտարարութեան սպասելիօրէն ձայնակցեցաւ Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի:
Ռուսիա, անշուշտ, մերժեց ամբաստանութիւնը եւ Քրեմլինի խօսնակ Տմիթրի Փեսքով զայն «անընդունելի» նկատեց: Հարցը այն է, որ Փութին ինք գործածած եւ շահագործած էր ցեղասպանութեան յղացքը Ուքրանիոյ վրայ իր յարձակումը արդարացնելու համար, եւ այս դեռեւս 2014-ին, երբ միջամտեց որպէս թէ պաշտպանելու համար երկրի արեւելեան շրջաններու ռուսամէտ բնակչութիւնը նման սպառնալիքէ: Արդիւնքը, Ղրիմի կցումը եւ ռուսական ներկայութիւնը այդ շրջաններուն մէջ, մեծապետական քաղաքականութեան մը ծրագիրներ են, ոչ թէ ցեղասպանութեան կանխարգիլման որեւէ մարդասիրական նպատակ: Փութինի կողմէ յղացքի շահագործման միւս փաստը Ուքրանիոյ «ապաՆացիացում»ն էր, եզրոյթ մը որ առնչակից է ցեղասպանութեան սպառնալիքի առկայութեան: Պատճառաբանութիւնը համոզիչ չէ բնաւ: Ո՛չ թէ որովհետեւ Ուքրանիոյ մէջ չկան ֆաշական թէ նացիական հակումներով հատուածներ, այլ՝ թէկուզ եւ այդ հատուածներու առկայութիւնը շատ հեռու է ամբողջ երկիր մը նացիականն որակելու ճիգի որեւէ համոզիչ ենթահող ստեղծելէ: Ի վերջոյ, Ռուսիոյ մէջ ալ կան նման խմբաւորումներ, որոնց վայրագութեանց մասին արձագանգած է ե՛ւ ռուսական, ե՛ւ միջազգային մամուլը ոչ շատ հեռու անցեալին:
Ուքրանիոյ կառավարութեան նացիական մեղադրանքը ունի նաեւ իր նախընթացը. 1946-էն 1948 տարիներուն, երբ նորակազմ ՄԱԿ-ի ոլորտին մէջ բանակցութիւններ եւ բանավէճեր կը ծաւալէին Ցեղասպանութեան դէմ Համաձայնագրի բովանդակութեան մասին Ստալինեան Խորհրդային Միութեան աշխոյժ մասնակցութեամբ, Մոսկուա պնդած է ցեղասպանութեան ոճիրը բացատրող Ռաֆայէլ Լեմքինի առաջադրած երեւոյթներուն մէջ ներառել ֆաշականութիւնը որպէս ցեղասպանութեան յանգեցնող սպառնալիք:
Միեւնոյն ժամանակ, սակայն, դէմ արտայայտուած է լեհ իրաւագէտի կողմէ նախատեսուած քաղաքական տարբերութիւններու հիման վրայ հաւաքականութեան մը գոյութեան իրաւունքի մերժումի կէտին: Տարբերութիւնը պարզ է. առաջինին պարագային կայ գաղափարախօսական ուղղուածութիւն, մինչդեռ քաղաքական պատճառներու հիմնաւորումը շատ աւելի ընդհանրական է, եւ այն ժամանակ, կրնար լուսարձակի տակ բերել Ստալինեան բռնատիրութեան մաքրագործումները, որոնք բոլորն ալ իրականացած էին համայնավար վարչակարգին դէմ քաղաքական տարակարծութեան ճիշդ թէ հնարովի ամբաստանութեանց հիման վրայ:
Պէտք չէ նաեւ անտեսել, որ ուքրանացիներու հաւաքական յիշողութեան մէջ կենդանի է ստալինեան բռնապետութեան օրերուն սովահարութեան մէկ միլիոնէ աւելի զոհերու Հոլոտոմորը, որ ուքրանացիք կը պնդեն, արդիւնք է Մոսկուայի մէջ Ստալինի կողմէ առնուած քաղաքական որոշումի: Ցեղասպանութեան դէմ ՄԱԿ-ի համաձայնագրի վերջնական փաստաթուղթին մէջ չէ ներառուած ֆաշականութեան մասին խորհրդային առաջարկը, բայց նաեւ ցեղասպանութիւն չի համարուիր քաղաքական դրդապատճառներով որեւէ հաւաքականութեան դէմ հալածանքները, որոնք նպատակ կը հետապնդեն այդ հաւաքականութեան ոչնչացումը:
Փութինի կողմէ ցեղասպանութեան յղացքի շահագործումը ունի իր նախընթացը ի դէմս ԱՄՆ-ի մեծապետական քաղաքականութեան: 2001-3 թուականներուն, Ճորճ Պուշի վարչակարգի յայտարարած «Ահաբեկչութեան դէմ Պատերազմ»ի ոլորտին մէջ, Պետքարտուղարութիւնը, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովին, Սուտանի վարչակարգը ամբաստանեց Հարաւային Սուտանի ժողովուրդին ցեղասպանութեան ենթարկելու յանցագործութեամբ, ինչ որ ճիշդ էր: Միջազգային Քրէական Ատեանը մինչեւ իսկ Սուտանի վարչակարգի ղեկավար Օմար ալ-Պաշիրին դէմ դատական գործ բացաւ:
Սակայն երբ Սուտան համաձայնեցաւ գործակցիլ ԱՄՆ-ի հետ «Ահաբեկչութեան դէմ Պատերազմ»ին մէջ, ՊետՔարտուղարութիւնը ետ կեցաւ ցեղասպանութեան ամբաստանութեան ընթացք տալու իր առաջադրանքէն: Ինչ որ այդ ծանրագոյն ոճիրին իմաստին ու կարեւորութեան մեծ հարուած հասցնել կը նշանակէր: Պետքարտուղարութիւնը, փաստօրէն, շահագործեց յղացքը քաղաքական հեռանկարներով, նսեմացուց ցեղասպանութեան կանխարգիլման համամարդկային յանձնառութիւնը:
Մէկ այլ ցաւալի օրինակ է Սուրիոյ թէ Իրաքի մէջ ՏԱՀԷՇ-ի բարբարոսներուն յայտարարուած նպատակը՝ Միջին Արեւելքի մէջ վերջ տալու քրիստոնէական ներկայութեան: Իրենց վայրագութիւնները մանրամասնօրէն փաստագրուած են եւ երբեք քրիստոնէական ներկայութիւնը իր ծննդավայրին մէջ այնքան վտանգուած չէ եղած: Այդուհանդերձ, Արեւմտեան պետութիւնները երբեք այնքան վճռակամ չեղան ՏԱՀԷՇ-ի բարբարոսներուն, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ նման անոնց գործունէութեան նեցուկ կանգնող պետութիւններուն դէմ միջոցառումներու որդեգրման մէջ:
Վերադառնալով Պայտընի յայտարարութեան, անհրաժեշտ է նաեւ հիմնական նկատողութիւն մը. ԱՄՆ-ը այն պետութիւններէն է, որ չէ ստորագրած Միջազգային Քրէական Ատեանը ստեղծած Հռոմի 1998-ի Համաձայնագիրը…
Այս բոլորը ինչո՞վ առընչակից են Հայոց Ցեղասպանութեան մէկ նոր Տարելիցի առիթով խոկումներու, մանաւանդ որ, պարզ է, անմիջական կապ չկայ Պայտընի յայտարարութեան, Ռուսիոյ հակադարձութեան, թէ 21-րդ դարու սկիզբէն ի վեր իրերայաջորդ ճգնաժամերու ընթացքին մեծապետական քաղաքականութեան մէջ ցեղասպանութիւն յղացքի շահագործումի երեւոյթներուն եւ հայկական իրականութեան միջեւ:
Հարցը «ցեղասպանութիւն» յղացքն է, ու քաղաքական շահագործումով անոր նսեմացումը, կամ, աւելի ճիշդ, պանալիզացումը:
Սփիւռքի համար չկայ եւ ոչ մէկ ուրիշ յղացք, որ այնքան կեդրոնական եղած է որքան Ցեղասպանութիւնը՝ Մեծ Եղեռնի Յիսուներորդ Տարելիցի յաջորդած ինքնութեան քաղաքականացման գործընթացին համար: Տասնամեակներու պայքար ու զոհողութիւն եղած է պետականազուրկ քաղաքացիական հասարակութեան մը համար, որ Սփիւռքն է նախ մոռացութենէ դուրս բերելու եւ միջազգային օրակարգին դնելու Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Անոր ուրացման թրքական քաղաքականութիւնը մինչեւ այսօր սպառնալիք մըն է, որուն համար միշտ պիտի մնալ զգաստ:
Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը, իր բոլոր սահմանափակումներով, կարեւոր յառաջընթաց արձանագրած է, այնքան կարեւոր որ Հարիւրերորդ Տարելիցին արդէն կար պահանջատիրութեան պայքարը արդարահատոյցի հանգրուանին փոխադրելու ինքնավստահութիւն, առանց երբեք հրաժարելու ճանաչման ճիգերէն եւ, մանաւա՛նդ, առանց երբեք անտեսելու թրքական ժխտողականութեան աւելի ուժեղացող քաղաքականութիւնը դիմակայելու հրամայականը: Աւելի՛ն, արդարահատոյցի համար արդէն կան ճամբու քարտէզներ, որոնք, դժբախտաբար, Հարիւրերորդ Տարելիցէն ի վեր տակաւին գործնական հունի չեն դրուած:
Հայաստանի անկախացումով, թէեւ որոշ ուշացումով, Ցեղասպանութեան հարցը մտաւ արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին: Անոր հետապնդումը, սակայն, առաջ տարուեցաւ վերիվայրումներով: Եւ աւելի «վար» քան «վեր». Լեւոն Տէր Պետրոսեանէն ժառանգ մնացած «Թուրքիոյ հետ առանց նախապայմաններու յարաբերութիւններ»ու մեկնաբանութիւնը միշտ ալ ենթակայ եղաւ օրուան իշխանութիւններու քաղաքական նախապատուութիւններու, եւ ինչ որ «Պետական մտածողութիւն» մը երբեք չհասկցաւ/չուզեց այդ հիմնախնդրին ռազմավարական կարեւորութիւնը ընկալել թէկուզ եւ Հայաստանի նման փոքր, աշխարհաքաղաքականօրէն մեկուսացած եւ խոցելի երկրի մը միջազգային ներկայութեան նպատակով:
Քառասունչորսօրեայ Պատերազմէն յետոյ կրկին օրակարգի վրայ է եւ ընթացքի մտած հայ-թրքական յարաբերութիւններու հարցը: Այդ բանակցութեանց արդիւնքներուն մասին կարելի չէ տակաւին ոչ մէկ ենթադրութիւն ընել: Բայց պարզ է, որ պարտուած երկիր մը եւ բանակցութիւններու սեղանին նստած պարտուած իշխանութիւններ աւելի հակամէտ են զիջելու քան դիմադրելու թրքական պայմանաւորումներուն, որոնք միշտ եղած են եւ այսօր առկայ են աւելի քան երբեք: Այդ բանակցութիւնները կը տարուին Հայաստանի ռազմավարական դաշնակից եւ պատերազմէն յետոյ երկրի եւ Արցախի անվտանգութեան միակ երաշխիք Մոսկուայի կողմէ, իրողութիւն մը, որ շատ հեռու է մխիթարական ըլլալէ: Պիտի ընդունիլ նաեւ, որ ի տարբերութիւն Փրոթոքոլներու տարիներուն, այսօր շատ աւելի դժուար է այդ բանակցութիւններուն դէմ վճռական «Ո՛չ»-ով մը ծառանալ, ինչպէս այդ շարժումը այն ժամանակ արդարացիօրէ՛ն ծնունդ առաւ Սփիւռքի մէջ եւ ծաւալեցաւ հասնելու համար հայրենի հայութեան:
Արդ, ի՞նչ տեղ պիտի ունենայ Ցեղասպանութեան հարցը յարաբերութիւններու «նորմալացման» այս գործընթացին մէջ: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնները, ըստ որոնց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործին լոկոմիդիվը Սփիւռքեան կազմակերպութիւններ եղած են, կը յուշէ հարցէն անգամ մը եւս ձեռք քաշելու, անոր կարեւորութիւնը նսեմացնելու վտանգաւոր նախատրամադրութիւն մը: Միեւնոյն ժամանակ սակայն, հայկական դիւանագիտութիւնը չէ հրաժարած միջազգային հարթակներու վրայ Ցեղասպանութեան հարցով նախաձեռնութիւններէ: Առաւել, բնաւ հարցականի տակ պիտի չդնել որ հայրենի ժողովուրդին մօտ առկայ է Ցեղասպանութեան հարցին կենսական կարեւորութիւնն ու յանձնառութիւնը, եւ որ Ծիծեռնակաբերդի Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրը նուիրուած է հարցը հասարակական եւ ակադեմական ամէն ոլորտներու մէջ օրակարգի պահելու եւ այժմէականացնելու գործին:
Հայ-թրքական յարաբերութիւններու միջպետական բանակցութիւններու այս փուլին հետեւաբար, Սփիւռքի մէջ Հայ Դատի պահանջատիրութեան համար առաւելի կենսական կը դառնայ ցեղասպանութեան յղացքի միջազգային գործածութեան ամէն իրադարձութեան հետեւիլը, քաղաքացիական հասարակութեան ոլորտին մէջ ամրակայել հայրենի հողին վրայ անոր յանձնառու ժողովրդական թէ ակադեմական շրջանակներու հետ կապերը եւ ամրապնդել միջազգային բեմին վրայ ցեղասպանութեան կանխարգիլման հետամուտ բոլոր կազմակերպութիւններու հետ համագործակցութիւնը:
Հայ-թրքական յարաբերութիւններու թէկուզ եւ «նորմալացման» հեռանկարով զգոյշ պիտի ըլլալ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումն ու արդարահատոյցը հարցականի տակ դնող նոր փրոթոքոլէ:
Խ. Տէր Ղուկասեան