Եւ եթէ յանկարծ քո ճանապարհին
Նախապապերիդ դու չհանդիպես,
Ուրեմն՝սխալ ճամբով ես գնում,
Եւ ոչ մի հրաշք չի փրկելու քեզ։
Ռազմիկ  Դաւոյեան
Հողին  երազն է, որ սկսած է արեւի ճառագայթներու բարի ջերմութեան հովանիին տակ ծաղկիլ, բարգաւաճիլ։ Եղանակներու բոլոր վերիվայրումները, անձրեւները, ամպրոպն ու փոթորիկը  բնութեան գաղտնի եւ խորհրդաւոր միջոցներն են, ծիլն ու ծաղիկը, ոստն ու սաղարթը ամրապնդող, ցօղունը զօրացնող, հողին թարմ աւիշ պարգեւող, արտաքնապէս բիրտ, բայց  ի շահ հասակ առնող բոյսին ստեղծուած բարի բալասանը։Նոյննիսկ ձիւնածածկ տարածքներու վրայ, խաղաղ կարծուած սպիտակ մակերեսին տակ, կեանքի եւ գոյատեւման անդուլ պայքար կը մղուի։ Շատ չանցած ծիլ կու տան հողին տակ թաքնուած սերմերը, ու գարունը իր զարթօնքը կ’աւետէ։
Ամիսներ երկար, բնութիւնը իր  ձմրաքունին մէջ գարնան գալստեան  գեղեցիկ երազը կը հիւսէ։
Մարդը երբեք չի կրնար դադրիլ երազելէ։ Յաճախ կը կործանին կամ կը վիրաւորուին կատարելութեան տեսլականով հիւսուած   մարդկային երազները։ Հաւաքական, թէ անձնական մեր երազները կրնանք սպանել կամ հիասթափիլ անոնցմէ, բայց երբ կը դիտենք բնութիւնը, նոյնիսկ գարունը ուշացած, որ մեծ ուրախութիւն, խինդ եւ կեանք կը բերէ իր հետ՝ երկար սպասուած ցուրտ եւ գորշ օրերէ ետք ու կը պատրաստուի կրկին հեռանալ իր շրջանը կատարելու, մենք եւս կը լեցուինք ոգեւորութեամբ եւ յոյսով։
Օղակ մըն է շնչող կեանքը իր բոլոր երեւոյթներով։ Մարդն ալ իր ընթացքը կատարելէ ետք, կը վերադառնայ իր սկզբնաղբիւրին։
Քանի որ սահմանափակ է մարդու կեանքին տեւողութիւնը, ան պարտաւոր է իւրաքանչիւր օր ծաղկիլ, գարնան վերածուիլ, հակառակ հողմերուն  եւ  կեանքի բոլոր արհաւիրքներուն։ Մինչ  բնութեան համար միայն գարունը սահմանուած է ծաղկելու եւ պտուղ տալու՝ իբրեւ եղանակ։
Միայն գոյութիւն ունենալու համար ստեղծուած չենք։ Երկրագունդի վրայ իւրաքանչիւր շունչ ունեցող արարուած է նախախնամութեան երազներն ու նպատակները իրականացնելու համար։Ամբողջ ստեղծագործութիւնը  շարժման եւ պայքարի մէջ է։
Մեր դատարկ կարծած, անտես կամ աներեւոյթ տարածքները նոյնիսկ, որոնք շատ անգամ նշանակութիւն չունին մեզի համար, ստեղծուած են յատուկ նպատակով, որոնք  իրենց պարտականութիւնները կը կատարեն ամենայն բծախնդրութեամբ։ Բնութեան մէջ չկան  անիմաստ գոյութիւններ։
Ինչպէս  մեր մարմինին բոլոր բջիջները մեծ ներդաշնակութեամբ կը գործեն քունի ընթացքին, նոյնպէս ալ արեւը, լուսինը եւ բոլոր երկնային մարմինները ամենայն ճշգրտութեամբ ստեղծուած են մեր բարօրութեան համար։
Պէտք է միշտ գիտակցինք, որ մենք միայն այս կեանքին համար չէ որ գոյութիւն ունինք։
Մենք չէ, որ  կը խօսինք, այլ մեր նախահայրերը կը խօսին մեր միջոցով։ Անոնց ձայները երբեք  չեն անհետանար, կը շարունակեն ճամբորդել տիեզերական տարածքով։ Եթէ նոյնիսկ զանոնք գտնելու ճամբան կորսընցնենք, անոնց ձայնը կենդանի է եւ կ’ապրի. կը գտնենք մեր նախահայրերը, եթէ քալենք այդ ձայնին ուղղութեամբ: Անոնց կիսատ մնացած կամ բռնաբարուած երազները պարտաւոր ենք  իրականացնել՝ անկատար տենչերը կեանքի կոչելու։ Անոնց հոգին կենդանի է, իսկ  արեան հոսքը կը շարունակուի մեր երակներով։ Մեզի  յաջորդող  սերունդները  դարձեալ մեր մէջ ներկայ  են, իսկ անոնց սիրտերը կը բաբախեն մեր ընդմէջէն։
Անցեալն ու ապագան մեր մէջ են,մենք ենք ժամանակները իրար կապող օղակը, մեր ներկայի շնչառութեամբ եւ գիտակից գոյութեամբ։ Մեր դիմագիծերուն մէջ կը ժպտին, նաեւ կ’արտասուին մեր նախնիները։ Մեր ընդմէջէն  անոնք կ’ապրին եւ կը գոյատեւեն։
Անոնց հասցէն մեր մէջ է, անոնց լոյսը  կը լուսաւորէ մեր էութիւնը: Ուր որ ստուեր կայ, կայ նաեւ լոյս։ Անոնք կը ծաղկին մեր մէջ եւ կը սպասեն, որ ջրենք իրենց  հողը, մեր հողը։ Հողը մենք ենք հիմա…
Մեր մէջ կ’ապրին բանակներ՝ գացողներն ու  գալիքները։ Մեր մէջ է նաեւ աստղերու փոշին, այդ նոյն նիւթով ստեղծուած ենք նաեւ մենք՝այն միակին կողմէ, որ կեանքի կոչած է բոլորս։
Ինչպէս մեր արիւնը պարտաւորութիւն ունի մեր մարմինը ապրեցնելու,նոյնպէս ալ մենք պարտական ենք ապրեցնելու եւ իրականացնելու մեր նախնիներուն նպատակները ու կենդանի պահելու անոնց երազներն  ու բաղձանքը մեր եւ մեր յաջորդներուն մէջ։
Իբրեւ Եղեռնէն ճողոպրած, հրաշքով փրկուած հայու յաջորդներ, բնազդաբար մեր ներսիդին կը կրենք եւ կը զգանք  մեր նախապապերու տառապանքն ու յոյզերը։ Իրաւունք չունինք յուսահատելու, մոռնալու կամ անտեսելու անոնց եւ մեր դատը, մեր կորուսեալ  պապենական հողերը։
Մենք  նաեւ  մարդկութեան մեծ ընտանիքի մէկ բջիջն ենք, որ  նոյն  արարիչը  ունինք,այն արարիչը, որ մարդոց  ապրելու բնակութեան սահմաններ ճշդեց։ Ստեղծուած ենք իր պատկերով, մեր ձեռքերն ու ոտքերը անոր ծրագիրները  իրականացնելու համար պէտք է շարժին  եւ շարունակեն ծառայել անոր եւ իր կամքը կատարեն այս երկրին վրայ։
Այս գիտակցութեամբ եթէ ապրինք,օր ըստ օրէ պիտի փոխուին մեր պատմուճաններն ու դիմագիծերը, մինչեւ որ հասնինք կատարելութեան։
«Եւ եթէ հանդիպինք մեր  նախապապերուն, ուրեմն մօտ ենք արդէն մեր ապագային» Ռ.Դ.:
Մարիանա Պէրթիզլեան-Ղազարեան