Երեքշաբթի, 5 Յուլիս 2022-ին, «Ուաթան Անլայն» հաղորդեց, որ Թուրքիայէն ժամանած, թրքական ուժերուն ենթակայ զինուորական շարասիւն մը Հասիչէի Արուարձանի Ռաս ուլ-Այն քաղաքը խուժեց։
Աղբիւրը աւելցուց, որ թրքական ուժեր եւ անոնց ենթակայ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ կը շարունակեն իրենց ոտնձգութիւնները Հասիչէի արուարձանին մէջ, այլազան շրջաններու եւ գիւղերու վրայ իրարայաջորդ յարձակումներ գործելով։