Կիրակի, 4 Յուլիս 2022-ին, Սուրիոյ Նախագահութեան պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ ընդունեց Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հուսէյն Էմիր Ապտուլլահեանը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը։
Կողմերը խորհրդակցեցան երկու երկիրներու անխախտ յարաբերութեան եւ տարբեր ոլորտներու մէջ գործակցութեան շուրջ։
Նախարար Ապտուլլահեան յայտնեց, որ Ասատի վերջին այցելութիւնը Թեհրան արդիւնաւէտ էր թէ՛ Սուրիոյ եւ թէ Իրանի համար։ Ան դիտել տուաւ, որ սուրիական հողերուն վրայ իսրայէլեան յարձակումները Սուրիոյ դէմ մղուած համաշխարհային ահաբեկչական պատերազմին պարունակին մէջ պէտք է դիտել,որովհետեւ անոնց նպատակն է Սուրիոյ  խաղաղութիւնը խախտել եւ տարածքային ամբողջականութիւնը քայքայել։
 Իր կարգին նախագահ Ասատ յայտնեց, որ թրքական ուժեր սուրիական տարածքներու վրայ կը յարձակին սուրիական բանակին կողմէ իւրաքանչիւր ձեռքբերուած յաղթանակէ ետք, շեշտելով, որ անոնք կը խախտեն միջազգային օրէնքները եւ բոլոր համաձայնութիւնները։
Կողմերը խորհրդակցեցան նաեւ միջազգային եւ տարածաշրջանային գետնի վրայ արձանագրուած վերջին զարգացումներուն շուրջ։