“Արմէնփրէս”._11 Յուլիսին ՀՀ վարչապետ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի հետ։ Հայաստանի վարչապետը շնորհաւորած է Թուրքիոյ նախագահը Ատհա տօնին առիթով, իսկ Թուրքիոյ նախագահը շնորհաւորած է Հայաստանի վարչապետը գալիք Վարդավառի՝ Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնին առիթով։ Ղեկավարները ընդգծած են կարեւորութիւնը իրենց երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման երկկողմ գործընթացին, որ պիտի նպաստէ նաեւ տարածաշրջանի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդման։ Անոնք ակնկալած են, որ 1 Յուլիսին իրենց երկիրներու յատուկ ներկայացուցիչներու հանդիպումի ընթացքին ձեռքբերուած համաձայնութիւնները շուտով կեանքի կոչուին: