ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան նորանշանակ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Նորա Արիսեանը:
Վարչապետը շնորհաւորած է դեսպան Արիսեանը դիւանագիտական առաքելութեան մեկնարկին առիթով եւ մաղթած արդիւնաւէտ գործունէութիւն՝ ի նպաստ երկու երկիրներու յարաբերութիւններու զարգացման:
«Հայաստան կարեւոր կը համարէ Սուրիոյ հետ համագործակցութիւնն ու պատմական կապերը: Մենք կը հետեւինք զարգացումներուն եւ կը մաղթենք, որ բարեկամ Սուրիան օր առաջ յաղթահարէ ճգնաժամը», յայտնած է Նիկոլ Փաշինեան: Վարչապետը անդրադարձած է ՀՀ կողմէ 2019-ին Սուրիա ղրկուած մարդասիրական առաքելութեան, որ ծաւալած է մարդասիրական ականազերծման, բնակչութեան հակա-ականային իրազեկման, բժշկական ծառայութիւններու մատուցման գործունէութիւն:
Դեսպան Նորա Արիսեան շնորհակալութիւն  յայտնած է ջերմ խօսքերուն համար եւ ընդգծած, որ իրեն համար՝ նաեւ որպէս սուրիահայու պատիւ է Հայաստանի մէջ դիւանագիտական ծառայութիւնը: Ան Սուրիոյ իշխանութիւններուն անունով երախտագիտութիւն յայտնած է ՀՀ իշխանութիւններուն՝ երկրին ցուցաբերուող մարդասիրական աջակցութեան  համար եւ յայտնած, որ կարելին ի գործ պիտի դնէ փոխյարաբերութիւններու յաւելեալ սերտացումին համար:
Զրուցակիցները կարեւոր համարած են սուրիահայ համայնքին դերը հայ-սուրիական կապերու ամրապնդման մէջ: Մտքեր փոխանակուած են համագործակցութեան օրակարգի եւ հեռանկարներու շուրջ: