Հազար փառք ու գոհութիւն կ’առաքեմ առ Բարձրեալն Աստուած, որ այս տարի եւս մեզ արժանի պիտի դարձնէ ազգովին տօնախմբելու եւ յիշատակելու մեր Տիրոջ ու Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Պայծառակերպութեան կամ մեզի ծանօթ Վարդավառի տօնը։
Հոս կ’ուզեմ Պայծառակերպութեան դրուագը պատմել, որպէսզի վերյիշենք եւ վերաթարմացնենք զայն մեր մտապաստառներուն մէջ։ Աստուածորդին Իր տասներկու առաքեալներէն երեքը՝ Յակոբոսը, Յովհաննէսը ու Պետրոսը Իր հետ առնելով Թաբոր լեռ բարձրացաւ, որպէսզի անոնք առանձնանալով աղօթեն։ «Եւ մինչ կ’աղօթէր (Յիսուս), Անոր դէմքը այլակերպուեցաւ եւ հագուստը փայլուն սպիտակ գոյն առաւ» (Ղկ 9.29)։ Ինչ կը պատշաճի հոս յիշել Սաղմոսասացին հետեւեալ խօսքը. «Լոյս հագեր ես (ո՜վ Աստուած) վերարկուի պէս» (Սղ 104.2)։ Յանկարծ կ’երեւին օրէնքը ներկայացնող Մովսէսն ու մարգարէութիւնը ներկայացնող Եղիան, որոնք «Կը խօսէին Յիսուսի հետ՝ Իր մահուան մասին, որ պիտի պատահէր Երուսաղէմի մէջ» (Ղկ 9.31): Երբ Հին Կտակարանի ներկայացուցիչները կը մեկնէին, երանական ու երկնային պահը ապրող երեք առաքեալներէն մէկը՝ Պետրոս երկնահամ ուրախութեան զգացումը չկորսնցնելու համար Երկնապարգեւին՝ Քրիստոսի դառնալով կը բացագանչէ. «Տէ՜ր, ի՜նչ լաւ կ’ըլլայ որ հոս մնանք. եթէ կ’ուզես՝ երեք վրաններ շինենք, մէկը քեզի, մէկը Մովսէսի եւ միւսը Եղիայի համար» (Մտ 17.4): Տակաւին Պետրոս կը խօսէր, երբ լուսաւոր ամպ մը ծածկեց երկինքը եւ ձայն մը լսուեցաւ, որ կ’ըսէր. «Այս է Իմ սիրելի Որդիս, որուն Ես հաճեցայ, Անոր մտիկ ըրէք» (Մտ 17.5):
Այս աստուածակերտ դրուագին մէջէն «սրտիս կը խօսի» հետեւեալ համարը, որուն մասին կ’ուզեմ խորհրդածել. «Տէ՜ր, ի՜նչ լաւ կ’ըլլայ որ հոս մնանք» (Մտ 17.4):
Այսպիսի արտայայտութիւն մը կրնայ միայն ունենալ այն անձը, որ կը ճաշակէ Տիրոջ ներկայութեան քաղցրութիւնը. «Ճաշակեցէ՛ք եւ տեսէք՝ թէ ի՛նչքան քաղցր է Տէրը» (Սղ 34.8): Պետրոս առաքեալ յափշտակուած եւ վերացած վիճակի մը մէջ բարձրաձայնեց ու աղօթաձայնեց այս նախադասութիւնը, որովհետեւ ան ապրեցաւ այն աննկարագրելի, աներեւակայելի, խորախորհուրդ, զգայացունց, հոգեթրթիռ, փշաքաղող, սրտահեղեղ եւ երանելի պահը, որն է հողեղէն աչքերով տեսնել Քրիստոսի աստուածութիւնը։ Պետրոս առաքեալ իր արտայայտութեամբ կարծէք Սաղմոսերգուին հետ կ’ըսէր. «Ներկայութիւնդ (ո՜վ Տէր) զիս ցնծութեամբ կը լեցնէ եւ Քու մօտդ ըլլալը յաւէտ երջանկութիւն է» (Սղ 16.11):
Հակառակ այն իրողութեան, որ Պետրոս առաքեալ տարիքով առաքեալներէն ամէնէն երէցն էր, ինչ որ կը պարզէ, թէ ան աշխարհիկ կեանքի հաճոյքները եւ վայելքները կ’ապրէր ու կը վայելէր, սակայն երբ միայն ու սոսկ ՔԱՆԻ ՄԸ ՎԱՅՐԿԵԱՆ երկինքը վայելեց, ան երկիրը ամբողջութեամբ մոռցաւ եւ նոյնիսկ պատրաստուեցաւ վրաններ կանգնեցնելու (Մտ 17.4), որպէսզի անմասն ու անբաժին չմնայ երկնային երջանկութենէն՝ աստուածային ներկայութենէն։ Պետրոսի այս հոգեվիճակը հրաւէր մըն է բոլորիս հոգեւին երկիրը ձգելու եւ երկինք փութալու՝ ապրելու համար Աստուծոյ բերկրաբեր ներկայութիւնը. «Ինծի համար երանութիւն է մօտիկ ըլլալ Աստուծոյ» (Սղ 73.28):
Այսօր ի տարբերութիւն Յիսուսի երկրաւոր առաքելութեան ժամանակաշրջանէն, աւելի դիւրին եւ արագ է լեռ բարձրանալու գործընթացը, որովհետեւ գոյ են յատուկ ու արդիական գործիքներ եւ զգեստներ։ Սակայն Քրիստոսի Պայծառակերպութեան ժամանակ վիճակը այդպէս չէր։ Այս մէկը լաւապէս կարելի է փաստել, երբ նկատի ունենանք, թէ համատեսական աւետարաններուն՝ Մատթէոսի, Մարկոսի եւ Ղուկասու աւետարաններուն հեղինակները  յիշելէ ետք Քրիստոսի հետեւելու պայմանները անմիջապէս կ’արձանագրեն, թէ վեց կամ ութ օրեր ետք Քրիստոս ու երեք առաքեալները լեռ բարձրացան (հմմտ. Մտ 17.1, Մր 9.2 եւ Ղկ 9.28), առանց յիշելու, թէ անոնք ի՜նչ ըրին այդ  օրերուն ընթացքին։ Վստահաբար առաքեալները մեծ դժուարութեամբ լեռ բարձրացած էին, սակայն երբ անոնք տեսան «զփառս Որդւոյն Աստուծոյ», մոռցան իրենց յոգնաբեկ վիճակը եւ Պետրոս առաքեալին բերնով ըսին. «Տէ՜ր, ի՜նչ լաւ կ’ըլլայ որ հոս մնանք» (Մտ 17.4):
Երբ լաւապէս ուսումնասիրենք Պայծառակերպութեան լերան՝ Թաբոր լերան (ոմանք Պայծառակերպութեան լեռը Հերմոնը կը նկատեն) վիճակը, պիտի տեսնենք, թէ անիկա գիշերելու կամ զբօսնելու հաճելի վայր մը չէր, որովհետեւ քարքարուտ եւ լերկ լեռ մըն էր։ Սակայն Պետրոս առաքեալ եւ միւս երկու առաքեալները ա՛յնքան արբեցած էին Տիրոջ եւ Անոր սուրբերուն՝ Մովսէսի եւ Եղիայի ներկայութեամբ, որ չզգացին անգամ լերան տհաճ տեղ մը ըլլալը։ Նոյնը նաեւ մեզի կը վերաբերի սիրելի՛ ընթերցողներ. մենք կ’ապրինք աշխարհի մը մէջ, որ այդքան ալ հաճելի, հանգիստ եւ ցաւազուրկ վայր մը չէ, սակայն երբ ամենօրեայ դրութեամբ ապրեցնենք Տէրը մեր մէջ, արբենանք Անոր ներկայութեամբ եւ ապրինք իբրեւ երկնաքաղաքացիներ, այլեւս ո՛չ աշխարհի «քարքարուտ» վիճակը կը զգանք, ո՛չ ալ անոր տհաճութիւնը կ’ապրինք, այլ միայն Սաղմոսագիրին հետ կը բարձրաղաղակենք. «Միշտ Տէրը իմ դիմացս ներկայ ունիմ» (Սղ 16.8):
Իրականութեան մէջ, Պետրոս, Յակոբոս եւ Յովհաննէս առաքեալները ապրեցան այն վիճակը աւելի ճիշդ՝ վայելքը, որ վերապահուած է քրիստոնեաներուս համար երկինքին մէջ։ Մեր քրիստոնէական հաւատքին համաձայն,  անոնք որոնք այս աշխարհի մէջ կ’ապրին ու կ’աշխատին երկինքի համար, Աստուծոյ Արքայութեան մէջ ամենասուրբ Երրորդութեան եւ բոլոր սուրբերուն անմիջական ներկայութիւնը պիտի վայելեն. «Արդարները Աստուծոյ ներկայութեան պիտի ուրախանան ու ցնծան, ու հրճուանքով պիտի խայտան» (Սղ 68.3)։ Այս իմաստով, Պայծառակերպութեան դրուագը փաստը մը եւ նախաճաշակ մը ըլլալու կողքին, ան խրախուսիչ եւ մղիչ մըն է հաստատուն կամքով երկնայինին կառչած մնալու։
«Տէ՜ր, ի՜նչ լաւ կ’ըլլայ որ հոս մնանք»։ Այս սրտազեղ եւ ջերմաբարբառ խօսքը պէտք է դառնայ մեզմէ իւրաքանչիւրին կեանքին ամենօրեայ բնաբանը։ Աստուծոյ ներկայութիւնը մեր կեանքին վառելանիւթն է։ Ի՜նչ երջանկաբեր ու բերկրաբեր է, երբ ամէն Աստուծոյ օրը Աստուծոյ հետ կը սկսինք, Իր կողքին կ’ըլլանք, կը զգանք Անոր ներկայութիւնը, կը լսենք Անոր մեղրանոյշ ձայնը եւ կը խօսինք Անոր հետ։ Ի՜նչ սքանչելի բան է զԱստուած ապրիլ եւ ապրեցնել։ Այն ատեն մենք Պետրոս առաքեալին նման պիտի չգիտնանք, թէ ինչ կ’ընենք (հմմտ. Ղկ 9.33), բայց երբեք պիտի չուզենք դադրիլ այդ մէկը զգալէ։
Հետեւաբար, սիրելի՛ ընթերցասէրներ, Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնը մեզ կը հրաւիրէ պայծառակերպուելու, հոգեւին վերանալու այս աշխարհէն երթալու համար դէպի մեր հոգիներուն Թաբոր լեռը, ուր Յիսուս մեզ կը սպասէ, որպէսզի միասնաբար պայծառակերպուինք։ Ուստի աղօթքի մեր ցուպերը առած, սկսինք Պայծառակերպութեան լեռը մագլցիլ, որպէսզի Աստուծոյ եւ բոլոր սուրբերուն անմիջական ներկայութիւնը վայելենք եւ Պետրոս առաքեալին հետ «համարձակաձայն բարբառով» ըսենք. «Տէ՜ր, ի՜նչ լաւ կ’ըլլայ որ հոս մնանք» (Մտ 17.4):
Անթիլիաս, Լիբանան
Առաքել Աբղ. Գատեհճեան