Գաղթաշխարհի հայ դպրոցի պատմութեան մէջ Ազգ. Սահակեան վարժարանը ունի իր ինքնուրոյն տեղը:
Մոռացութեան յանձնել զայն՝ կը նշանակէ ուրանալ այն արժէքները, որոնցմով կը կերտուի մեր մշակոյթը:
Կոտորածէ փրկուած եւ Սուրիա ապաստանած մեր հայրենակիցները առաջին հերթին կը մտածեն դպրոց ու եկեղեցի կառուցել, փրկելու համար հայկական հոգին, որ ունէր գեղեցկութեան հրաշքը: Կը հաւատար իր անմահութեան, իր մեծութեան եւ յառաջդիմելու կարողութեան: Այդ բոլորը զինք կը մղէին խորհելու, թէ ազգի զաւակներուն փրկութիւն կրնար գալ միայն մշակոյթի եւ դաստիարակութեան հնոցներէն՝ հայկական վարժարաններէն:
Ահա թէ ինչո՛ւ Հալէպի մէջ, յաջորդաբար, շինուեցան վարժարաններ, կազմելով պատմութիւնը հալէպահայ դպրոցներուն:
1927-ին Նոր Գիւղի մէջ կը հաստատուի Ազգ. Սահակեան վարժարանը, լայնատարած դաշտի մը մէջ, անձնուէր ազգայիններու լումաներով: Այդ քարաշէն դպրոցը կ’ըլլայ Սահակեան մանկապարտէզի շէնքը, որուն հողատարածքին վրայ հետագային կը կառուցուի Ազգապատկան «Սիս Համալիր»ը:
Սկիզբը մանկապարտէզ եւ նախակրթարան նոյն շէնքը օգտագործած են, ու հոն աշակերտած է օր.Հերմին Շահինեան: Ան 6-րդ կարգէն շրջանաւարտ եղած է  29 Յունիս 1947-ին, տնօրէն Եդուարդ Տասնապետեանի եւ դաստիարակ Նափոլէոն Հազրոյեանի շրջանին:
1952-ին օր. Հերմին արդէն իսկ ուսուցչուհի է՝ Սահակեան մանկապարտէզի բողբոջ դասարանի, տնօրէն ունենալով Արտաշէս Տէր Յովհաննէսեանը, իսկ դաստիարակ՝ Նափոլէոն Հազրոյեանը:
Այդ տարիներուն դպրոցը ունեցած է Շրջանաւարտից Միութիւն, որ նախաձեռնած է քառաձայն երգչախումբի մը կազմութեան, խմբավարութեամբ պրն.Վարդան Սերայտարեանի:
1947-ին այդ երգչախումբը, որուն մաս կազմած էր նաեւ ընկհ.Հերմին, ելոյթ կ’ունենայ մեծանուն քննադատ եւ դաստիարակ Յակոբ Օշականի յոբելինական հանդիսութեան:
Հետագային, շատ տարիներ վերջ, Ամերիկայի մէջ կը վերակազմուի Ազգ. Սահակեան վարժարանի Շրջանաւարտից Միութիւնը, որուն վարչակազմին մէջ կը տեսնենք նախկին ուսուցիչներ, տնօրէններ եւ աշակերտներ, ինչպէս՝ օր. Հերմինի եղբայրը՝ Օննիկ Շահինեանը: Անոնց օժանդակութիւնները կը փոխանցուին վարժարանի հոգաբարձութեան՝ առ ի օժանդակութիւն սաներու ուսման:
Հերմին Շահինեան յաջորդաբար գործած է Ազգ. Սահակեան մանկապարտէզէն ներս, մանկապարտիզպանուհիներ ունենալով.-
Նուարդ Միրասիտեան
Լուսին Բարսեղեան
Մարի Քիթիշեան
Պայծառ Սարաֆեան
Նուարդ Փամպուքեան
Վանուհի Իսաջանեան
Արփի Շահինեան
Հռիփ Կանանեան
Քնարիկ Լաքլաքեան
Զեփիւռ Էքմէքճեան
Տնօրէններ.-
Եդուարդ Տասնապետեան (1941-1950)
Արտաշէս Տէր Յովհաննէսեան (1951-1955)
Եդուարդ Էլոյեան (1956-1963)
Քրիստափոր Իֆատեան (1963-1965)
Նազարէթ Սապունճեան (1965-1969)
Մանուէլ Չարշաֆճեան (1969-1971)
Հրայր Մանուկեան (1971-1975)
Ասատուր Պօղոսեան (1975-1979)
Հայկազ Ասատուրեան (1979-1980)
Օգսէն Ադամեան (1980-1981)
Կարօ Իւզպաշեան (1981-1983)
Ժիրայր Րէիսեան (1983-2010)
Եթէ մեզմէ որեւէ մէկը նեղութիւն յանձն առնէ եւ պրպտէ հին թղթածրարները,  կարդայ փոշիներուն մէջ թաղուած տետրակները, հոն պիտի տեսնէ նուիրումի, զոհաբերութեան, անվհատ գործունէութեան սքանչելի ոգի մը, թերեւս քիչերու կողմէ ճանչցուած եւ քիչ անգամ արժանապէս գնահատուած:
Օր.Հերմին Շահինեան անոնցմէ մէկն էր: Երկար տարիներ եղած էր բարոյական ուժ կիրարկող եւ իր քրտինքով ընտանիքին վաստակը ապահովող դաստիարակ մը:
Հաւատքով շարունակած էր իր գործունէութիւնը, առաւելագոյնը ընծայաբերած էր անհուն նուիրումով, մոռնալով երիտասարդուհիի վայելքները: Օրինակ ծառայած էր ուրիշներուն՝ իր ճշմարիտ նուիրաբերումով եւ բարձր ոգիով:
Արդեօ՞ք ասոնք չէին հիմնական պատճառները իր 41 տարիներու աշխատանքին, երբ Հերմինը կանգնեցաւ ուսուցչութեան գեղեցիկ պատուանդանին վրայ:
Ազգային Սահակեան Մանակպարտէզը բախտաւորութիւնը ունեցաւ իր մէջ ունենալու այս հաւատաւոր դաստիարակը, որ ներքին մանրուկ վէճերը անտեսելով, իր տեսակէտը պարզելու լաւագոյն եւ համոզիչ ձեւը գիտէր:
Իր սորվեցուցած երգերն ու արտասանութիւնները ջինջ ու մաքուր էին իր հոգիին պէս:
Արտակարգ խանդավառութիւն ու ոգեւորութիւն կը ստեղծէր դասարանէն ներս, խաղաղ ու ստեղծագործ աշխատանքով: Սիրուած էր իր աշակերտներուն եւ ուսուցչական կազմին կողմէ՝ իր ջերմ, ընկերասէր բնաւորութեան շնորհիւ:
Այս բոլորը վերյիշելով այսօր կը սգանք իր մահը, առանց մոռնալու տակաւին ՍՕ Խաչէն ներս իր գործունէութիւնը:
Անդամակցած էր ՍՕ Խաչի Նոր Գիւղի մասնաճիւղին: Եղած էր արծուիկ խորհուրդի անդամ, թերեւս 1968-1980 թուականներուն: Յաջորդաբար քանի մը տարիներուն ընտրուած էր այժմու «Նայիրի» Մասնաճիւղի վարչական 1993-1996:
Տակաւին պաշտօն վարած էր ՍՕ Խաչի Աշխատանոցի, ապա Մանկամսուրի յանձնախումբերէն ներս: Մասնակցած էր մասնաճիւղի ընդհանուր ժողովներուն եւ Շրջանային Պատգամաւորական ժողովներուն:
Եւ յանկարծ այս բոլորը կանգ առին ու մեր կապը իր մահով ընդհատուեցաւ վերջնականապէս: Երախտապարտ ենք իրեն, որ բաժնեկից դարձաւ իր շրջապատի ուրախ եւ տխուր վայրկեաններուն ու կորով ներշնչեց բոլորիս:
Պիտի մնաս մեր բոլորին, նաեւ քու շունչով մեծցած հազարաւոր աշակերտներուդ մտքին ու սրտին մէջ:
Հռիփ Կանանեան