Չորս տարին անգամ մը կազմակերպուող Համա-ՀՄԸՄ-ական մարզախաղերը կը հանդիսանան ՀՄԸՄ-ական մարզիկներուն համար այն սպասելի եւ բերկրալի առիթը, որուն ընթացքին անոնք հայաբոյր մթնոլորտի մէջ իրենց մարզական կարողութիւնները ի յայտ կը բերեն, կը մրցակցին եւ տարբեր շրջաններէ ժամանած ՀՄԸՄ-ական քոյրերու եւ եղբայրներու հետ նոր բարեկամութիւններ կը հաստատեն:
 
Այս տարի, հակառակ երկրի տնտեսական ծանր վիճակին, ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ շրջանը 48 մարզիկներէ բաղկացած պատուիրակութեամբ կը մասնակցի Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ մարզախաղերուն, որոնք տեղի կ’ունենան 20 Յուլիսէն մինչեւ 30 Յուլիս 2022, Հայաստան:
ՀՄԸՄ-ական սուրիահայ մարզիկները իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն պասքեթի տղոց եւ աղջկանց խմբային եւ անհատական ձիրքերու մրցումներուն, ինչպէս նաեւ ֆութպոլի, ֆութսալի եւ ճատրակի մրցումներուն:
 
Սուրիահայ ՀՄԸՄ-ականները մասնակցութենէ չզրկելու եւ քաջալերելու համար, ԱՄՆ-ի, Քանատայի եւ զանազան շրջաններէ բարերարներ, յատկապէս քանատահայ բարերար տիար Մանուկ Չուխաճեան, իրենց նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւնը տրամադրեցին ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ մարզիկներուն, որուն համար մեր սրտագին շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը կը յայտնենք:
 
ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութիւն