Ընտրուեցար, օրհնուեցար
Պատիւ, շնորհք դուն ստացար
Իւրայատուկ տեղ ունեցար
Երանութեան արժանացար
Տիրոջ կամքին յանձնուեցար
Աստուածամայր անուանուեցար
Վեհ կոչումով պայքարեցար
Ստուգապէս դուն սրբացար
Բարեխօս կոյս հռչակուեցար:
Եղար տրտմած, տագնապահար
Երբ ապերախտ մարդիկ տեսար
Յուզումնախառն եւ Վշտահար
Խաչի ճամբէն անխօս անցար
Որդւոյդ սէրը լաւ հասկցար
Գութի տիպար հանդիսացար
Կեցուածքովդ խաղաղարար:
Ո՜վ մայր գովեալ աղօթարար
Բարեխօսէ՛ մեզի համար:
Տիրոջ խօսքին վկան դարձար
Առաքինի կեանք ապրեցար
Տոկուն կամքով դուն դիմացար
Երբ քու որդիդ բազմաչարչար
Իր արիւնով սուրբ, քաւչարար
Եղաւ միակ զոհ հաշտարար:
Սիրտդ խոցուած ցաւակցաբար
Տէր Յիսուսին հետեւեցար
Երբ ամբոխն էր կոյր-անարդար:
Հաստատակամ դուն կանգնեցար
Մսուրէն խաչ արթուն կեցար
Գողգոթայով ջահդ անմար
Վեր բարձրացար վայելչաբար
Երկինքի մէջ բնակեցար:
Գովքի կանչեր մշտաբարբառ
Ըլլան ծաղկուն-մշտադալար
Բարեխօսէ՛ մայր անդադար
Որ սիրտերը խռովարար
Դառնան սիրոյ շեփորահար
Արքայութեան մանրանկար:
Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան