«Նիզիփի պիստակի այգիները» գրեր էր այդ կինը, որովհետեւ չի գիտեր, որ իսկական պիստակի այգիները Հալէպի շրջակայքը կը գտնուին, չի գիտեր նաեւ, որ Հալէպի՛ պիստակն է նշանաւորը եւ ճիշդ այդպէս ալ կը ճանչցուի՝ pistach d’Alep, Հալէպի կարմիր հողին մէջ դարերով աճեցուած  ու նրբացած, այսօր հասած միջազգային շուկաներ, ուր սուղ ու կրակ գիներով կը վաճառուի:
Բայց իրենք «Նիզիփի պիստակի այգիները» կ’ըսեն ու կը կրկնեն, թէեւ չեն գիտեր, որ կրկնութիւնը մայրն է գիտութեան, բայց շատ լաւ գիտեն, որ կրկնութիւնը սուտերը կը լուայ, կը խաշէ, քլոր կը դնէ ու յետոյ արեւին տակ, ամէնուն աչքին առջեւ կը փռէ, առանց հոգալու արեան բիծերը, որոնք հակառակ քլորին դեռ հոն են եւ որոնք առանց ձայնի,- հագագ չունին կտրուած-մորթուած կոկորդներուն մէջ,- ճշմարտութիւնը կը պոռան:
Բայց իրենք ուրիշ շատ բաներ ալ գիտեն. օրինակ՝ la vrai verite n’existe pas (իսկական ճշմարտութիւն գոյութիւն չունի), եւ գիտեն, թէ «յաղթանակի պէս բան մըն է շատ ըլլալը», եւ գիտեն սարսափեցնելու դասեր տալ իրենց նորածին մանուկներուն, մինչ մեր արիւնը, սերունդէ սերունդ ահ ու սարսափ կը փոխադրէ:
Գիտեն նաեւ, որ տիրապետելու ամէնէն արագ միջոցը վախն է:
Եւ գիտեն, որ իրենց համար երկու գերագունութիւն կայ՝ հաւատք եւ սեռ, եւ այս երկուքը բաւարար են զիրենք տիրապետուած պահելու իրենց մեծերէն՝ «Ձեզի Ալլահն ու քածերը. ծառայեցէ՛ք առաջինին եւ վայելեցէ՛ք երկրորդը, եւ որպէս իսկական հաւատացեալներ արժանի կ’ըլլաք ճէննէթին»:
Այս բոլորը չէի գիտեր. արդէն իրենց հետ այնքան ալ հաղորդակցութիւն չունէինք. մեր թաղերուն մէջ խաղաղ կ’ապրէինք եւ կը հաւատայինք, որ Յիսուսը հայ է անշուշտ: Կ’ապրէինք սորվելով հայօրէն ապրիլ, եւ կ’ապրէինք սորվելով ստեղծագործել:
Այս բոլորին մասին մտածեցի դիտելով ոչ շատ հռչակաւոր քարթունզ մը՝ The story of Ferdinand, մանկական գիրքի մը հիման վրայ պատրաստուած:
Փոքրիկ սպանացի ցուլ մը, այնքա՜ն տարբեր մնացեալ ցուլերէն, որոնք կը սիրեն իրենց կոտոշները իրարու զարնել, կռուըտիլ … բայց ոչ Ֆերտինանտը. ան կը սիրէ ծառի մը տակ կենալ, վայելել տեսարանը եւ ծաղիկներէն հոտ քաշել:
Կեանքը սակայն այդպէս չէ դժբախտաբար. Ֆերտինանտի մանկութիւնը շատ արագ իր աւարտը կը գտնէ. զինք կը տանին արենա, ցլամարտի մասնակցելու:
Այնքա՜ն տարբեր մնացեալէն … արդեօ՞ք այստեղ է գաղտնիքը մեր բոլոր ձախողութիւններուն, սկիզբէն, էն գլխից, ինչպէս կ’ըսեն մեր արեւելահայ եղբայրները:
«Հայկը առաւ իր ընտանիքը եւ քաշուեցաւ բարձր լեռները Բէլին հետ պատերազմելէ ետք, որովհետեւ կ’ուզէր խաղաղութեամբ ապրիլ»:
Բայց ո՞վ պիտի ուզէ խաղաղութեամբ ապրիլ, եւ ինչո՞ւ խաղաղութեամբ ապրիլ, երբ կարելի է յարձակիլ, առնել, տիրել, քանդել, տէր դառնալ ամէն ինչի. եւ այս բոլորը այնքա՜ն դիւրին միջոցով՝ վախ սփռելով:
Կ’ըսուի թէ մարդոց կեանքը պատահարներու հիւսուածք մըն է: Արդեօ՞ք ասիկա ճիշդ է նաեւ ազգերու, ժողովուրդներու եւ երկիրներու պարագային: Ինչո՞ւ օրինակ Հայկը, Բէլին յաղթելէ ետք, լեռները քաշուեցաւ: Եթէ Հայկը մնար, տիրէր Բէլի ունեցուածքին, ամէն պահու զգացնէր իր գերակայութիւնը, թերեւս մեր երկրին, մեր հայրենիքին ուղին ամբողջովին տարբեր ըլլար այսօր:
Քանի մը տարի առաջ հայրենի մտաւորական մը, ամենայն համոզուածութեամբ կ’ըսէր.
«Մենք ուզում ենք մեր պախչէն նստենք, վանք սարքենք»:
Ո՞վ պիտի ըսէր հայրենի այդ մտաւորականին, թէ պախչէն նստելու եւ վանք սարքելու համար, նախ պէտք է խաղաղութիւն ապահովել, իսկ խաղաղութիւնը կ’ապահովեն ո՛չ թէ վանք սարքելով, այլ բերդ կառուցելով եւ բանակ պահելով:
Կը յիշէ՞ք Դերենիկը, որ լացակումած կու գայ մօրը.
«Գլուխս պատռեց դրացի Ալին»:
Եւ կը յիշէ՞ք մօր, ՀԱՅ մօր ապրումները.
«Քաջ մօրն հոգւոյն մէջ վիհեր կը բացուին
Լեցուած ամօթով. գըգուել կըրթի՞չ է
Սըրտին վրայ՝ յաղթուած ճակատն երկչոտին»:
Բայց յետոյ, միայն պահ մը տատամսելէ ետք կը յիշէ՞ք թէ ինչպէ՛ս կը գոռայ տղուն վրայ.
«Դուրս… մինչեւ որ յաղթած՝
Արիւններդ անոր արեամբ չըմաքրին,
Այսօր տուն չես գար: Մատնիչ՝ խնամքներուս,
Միթէ՞ վարսակի հացով սընար … Դուրս»:
Այսքան պարզ իրականութիւն մը, զոր իրենք շատ շատ լաւ հասկցեր են եւ սորվեր, այնքան լաւ, որ ոչ միայն ականջի օղ դարձեր է այդ իրականութիւնը, այլ անցեր է արեան մէջ, դարձեր է մասնիկ մը իրենց ծիներէն, եւ այսօր իրենց գերակայութիւնը կ’ապահովէ շատ յառաջադէմ երկիրներու վրայ:
Պիտի ըսէք՝ ասիկա գերակայութիւն չէ, այլ՝ քաղաքականութիւն, դիւանագիտութիւն: Գիտե՛մ: Բայց այդ ալ մաս կը կազմէ իրենց ծիներուն, այդ ալ մաս կը կազմէ իրենց զինանոցին:
Կ’երեւի պէտք է միայն ոյժի միջոցով ցոյց տալ մեր մշակութային գերակայութիւնը, որովհետեւ հակառակ ամէն բանի, մշակոյթի եւ արուեստի առումներով իրապէ՛ս գերակայութիւն ունինք, «մենք մեզ ո՛չ մէկից չենք գերադասում, բայց մեզ էլ գիտենք»: Մեր գիտնալը բաւարար չէ, բնա՛ւ բաւարար չէ, պէտք է մեր շուրջիններն ալ գիտնան, պէտք է մենք, ուժի զօրութեամբ գիտցնենք. այլապէս մեր գերակայութիւնը մեզ պիտի խեղդէ մեր գերակայութեան մէջ:
Մարուշ Երամեան