Երևանի «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնի տարածքին տեղի ունեցած պայթումին հետեւանքով մահացած 16 քաղաքացիներէն 13-ին ինքնութիւնը պարզուած է: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին լրագրողներուն հետ զրոյցին ընթացքին յայտնեց Հայաստանի Արտակարգ Իրավիճակներու Նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Հայկ Կոստանեանը:
«Անոնց կարգին է նաեւ յղի կին մը եւ երախան: Այս պահուն անհետ կորածներու թիւը տասն է», ըսաւ Հայկ Կոստանեան:
 
Անոր համաձայն, այն հատուածներուն մէջ, ուր տեղեկութիւն կայ, որ կրնան մարդիկ ըլլալ, մեծ մեքենաներ չեն օգտագործուիր, հիմնական աշխատանքները ձեռքով կը տարուին՝ խնայելու մարդոց կեանքը: