«Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած ողբերգական պայթումին համար Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ սգոյ օր կը յայտարարուի: Այս մասին Sputnik Արմենիային յայտնեցին կառավարութեան մամլոյ ծառայութենէն:
Սգոյ օրուան յստակ թուականը դեռ յայտնի չէ, կառավարութենէն յայտնած են, որ կը յայտարարուի մօտակայ օրերուն, հաւանաբար՝ փրկարարական աշխատանքներու աւարտէն ետք: