Երեքշաբթի, 16 Օգոստոս 2022-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ օմանեան «Ուաթան» թերթը դատապարտեց Սուրիոյ վրայ իսրայէլեան յարձակումները ըսելով. «Սուրիոյ ուղղուած իսրայէլեան վերջին գրոհը կը շեշտէ՝ սուրիական տագնապը երկարաձգելու Իսրայէլի մտադրութիւնը՝ իր հովանաւորութեան տակ գործող զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն աջակցութիւն ցլւցաբերելով եւ նման ուղղակի յարձակումներ իրագործելով»։
Թերթը դատապարտելով Սուրիոյ վրայ իսրայէլեան յարձակումները յայտնած է. «Իսրայէլեան ոտնձգութիւնները պիտի շարունակուին այնքան ատեն, որ միջազգային ընկերութիւնը կ՚անտեսէ Պաղեստինի եւ Սուրիոյ վրայ իսրայէլեան յարձակումները, հետեւաբար Իսրայէլ յաւելեալ ոճիրներ պիտի իրագործէ առանց պատիժի ենթարկուելու» ։