Սուրիական Բանակի Հրամանատարութիւնը հանդէս եկաւ հաղորդագրութեամբ մը, ուր յայտարարեց, թէ թրքական ուժերուն ենթակայ զինուորական օդանաւ մը հրթիռակոծեց Հալէպի Արուարձանի զինուորական կարգ մը կեդրոններ, որուն հետեւանքով 3 զինուորներ նահատակուեցան եւ 6 վիրաւորներ արձանագրուեցան։
Սուրիական բանակին հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրին գրոհին եւ յարձակումը հակադարձեցին զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու համախմբումի կեդրոնները հրթիռակոծելով։
 
Հրամանատարութիւնը շեշտեց, որ այսուհետեւ սուրիական տարածքներու վրայ որեւէ յարձակումի անմիջապէս պիտի հակադարձէ փոխադարձ հարուածներով։