Չորեքշաբթի, 17 Օգոստոս 2022-ին, Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը հանդէս եկաւ հաղորդագրութեամբ մը, հերքելով ԱՄՆ գերատեսչութեան այն յայտարարութիւնները, ըստ որոնց սուրիական բանակին հսկողութեան տակ գտնուող շրջաններու մէջ Սուրիոյ կառավարութիւնը ամերիկացի քաղաքացիներ առեւանգած է, որոնց կարգին ԱՄՆ բանակի զինուոր Օսթըն Թայս, որ տարիներ առաջ, ԱՄՆ-ի պաշօնական աղբիւրներուն համաձայն, Սուրիա մտած էր ապօրինի միջոցներով։
Նախարարութիւնը աւելցուց. «Սուրիոյ Հանրապետութիւնը կը հերքէ նման յայտարարութիւններ եւ ԱՄՆ-ի հանրային կարծիքին ուշադրութիւնը կ’ուզէ հրաւիրել այն իրողութեան վրայ, որ ԱՄՆ խախտած է Վիեննայի հիւպատոսական եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու համաձայնութեան յօդուածները՝ երբ ամերիկացի քաղաքացիները քաջալերեց Սուրիա մտնել ապօրինի միջոցներով, առանց սուրիական կառավարութեան արտօնութեան, որպէսզի անոնք հասնին զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու բռնագրաւած շրջաններ» ։
Նախարարութիւնը եզրափակելով շեշտեց, որ ԱՄՆ պէտք է անմիջապէս դուրս հանէ իր ապօրինի ուժերը սուրիական հողերէն, դադրի սուրիական քարիւղային եւ գիւղատնտեսական հարստութիւնները թալանելէ, ինչպէս նաեւ վերջ տայ Սուրիոյ ժողովուրդին դէմ բանեցուած տնտեսական պատժամիջոցներու ճնշումին։