Ընտրութիւններու բարձրագոյն դատական յանձնաժողովի ղեկավար, դատաւոր խորհրդական Ճիհատ Մուրատ յայտարարեց, որ դատաւորներու առաջադրման յանձնախումբերը աւարտած են իրենց աշխատանքը Սուրիոյ բոլոր նահանգներուն մէջ եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն համար առաջադրուած բոլոր դիմումները սերտած են: Ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 18 Սեպտեմբերին։
Ընդունուած է 57354 դիմում, մերժուած՝ 10824: Իւրաքանչիւր նահանգի մէջ յայտարարուած է թեկնածուներուն անունները: