Հինգշաբթի, 6 Հոկտեմբեր 2022-ին, Հալէպի մէջ իր մահկանացուն կնքեց հալէպահայ գրող, բեմադրիչ, դաստիարակ եւ կրթական մշակ Մանուէլ Քէշիշեան։

Հանգուցեալին յուղարկաւորութեան կարգը պիտի կատարուի Կիրակի, 9 Հոկտեմբերին, Հայ կաթողիկէ Ս. Երրորդութիւն (Զուարթնոց) եկեղեցւոյ մէջ։
Յետ թաղմանական արարողութեան, ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին Լազար Նաճարեան-Գալուստ Կիւլպէնկեան Կեդրոնական վարժարանի շրջափակին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 8։00։

Երկուշաբթի, 10 եւ Երեքշաբթի, 11 Հոկտեմբերին, հանգուցեալին հարազատները ցաւակցութիւններ պիտի ընդունին Հայ Կաթողիկէ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ «Աղաճանեան» սրահէն ներս, յետմիջօրէի ժամը 4։00-8։00։

«Գանձասար»-ի խմբագրակազմը ցաւակցութիւն կը յայտնէ հանգուցեալի հարազատներուն եւ բարեկամներուն։

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։ Ամէն։

ՀԱԼԷՊԱՀԱՅ ԲԵՄԱԴՐԻՉ, ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ ՄԱՆՈՒԷԼ ՔԷՇԻՇԵԱՆ ԻՐ ՄԱՀԿԱՆԱՑՈՒՆ ԿՆՔԵՑ