Կարեւոր համարելով մշակոյթին դերը ազգի մը գոյատեւման եւ այլ ազգերու ճանաչելի դառնալու գործընթացին մէջ, Չորեքշաբթի, 28 Սեպտ.2022-ի յետմիջօրէի ժամը 6։00-ին, Դամասկոսի «Քաֆարսուսէ» արաբական մշակութային կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ դասախօսական ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին հանդէս եկաւ Սուրիոյ Խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեան։

Դասախօսութեան ներկայ էին Սուրիոյ Մշակոյթի Նախարարութեան ներկայացուցիչը, Հայաստանի Հանրապետութեան Արտակարգ եւ Լիազոր Դեսպան Տիգրան Գէորգեանը եւ դեսպանատան դիւանագիտական անձնակազմը, Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Առաջնորդ Արհ. Տ. Յովսէփ Եպս. Արնաութեանը, մշակութային կեդրոնի տնօրէնուհին, Սուրիոյ Պիոներական Շարժումի Կազմակերպութեան նախագահը, Սուրիոյ խորհրդարանի երկրի տարբեր քաղաքներէ երեսփոխաններու խմբակ մը, «Ա .Ահարոնեան» կեդրոնի պատասխանատու մարմինի ներկայացուցիչներ, ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութեան ներկայացուցիչ Քրիստին Սեդիկեան, ՍՕ Խաչի «Էրեբունի» Մասնաճիւղի Վարչութիւնը, Համազգային «Լեւոն Շանթ» Մասնաճիւղի Վարչութիւնը, լրատուական մարզի մէջ քաղաքական ծանօթ վերլուծաբաններ՝ Սարգիս Գասարճեան եւ դոկտ. Սարգիս Պուրունսուզեան։

Րէիսեան նախ բացատրեց մշակոյթ հասկացութեան գիտական բնորոշումը, Հայկական մշակոյթի ամփոփ պատմականը եւ տարբեր ճիւղերու հետ փոխադարձ կապը։ Ապա անցաւ ներկայացնելու
Հայկական երաժշտութիւնը անցեալէն մինչեւ օրս՝ պարարուեստի, գորգագործութեան, որմնանկարչութեան, մանրանկարչութեան, գեղանկարչութեան, քանդակագործութեա, հայկական մետաղագործութեան, նեռարեալ ոսկերչութեան ու արծաթագործութեան անդրադառնալով։ Ապա ան լուսարձակո տակ առաւ հայկական
ճարտարապետութիւնը և ասեղնագործութիւնը, յիշելով
իւրաքանչիւր բաժինի հիմնական դէմքերը եւ անոնց գործերը, որոնք մեծ պաստառի վրայ նաև տեղ գտան որպէս յաւելեալ բացատրութիւն։
ՍՕ Խաչը հաւատարիմ իր առաքելութեան՝ այս դասախօսական ձեռնարկը հարստացուց մասնակցութիւն բերելով հայկական արուեստի հարուստ ժառանգութենէն նմոյշներու կոկիկ ցուցահանդէսով,
կազմակերպութեամբ ՍՕ Խաչի «Էրեբունի» Մասնաճիւղի եւ Շրջ. Վարչութեան Ձեռարուեստի Յանձնախումբին։
Ներկաները մօտէն ծանօթացան հայկական ասեղնագործութեան, ինչպէս՝ Մարաշի, Ուրֆայի, Այնթապի, Վանի ու Սվազի, Մալաթիայի և Տիգրանակերտի ասեղներուն։
Ցուցադրուած նմոյշները մեծ հետաքրքրութեամբ և հիացումով դիտուեցան այցելուներուն կողմէն, որոնք իրենց բարձր գնահատանքը յայտնեցին Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի անդամներուն՝ ազգանուէր ու կամաւոր գործունէութեան համար։