«Երկիր», – 14 Հոկտեմբերին Ասթանայի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի, Ռուսիոյ ու Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը։ Այս մասին կը յայտնեն Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութենէն։

Կողմերը քննարկած են 9 Նոյեմբեր 2020-ի, 11 Յունուար 2021-ի եւ 26 Նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութիւններով ձեռքբերուած համաձայնութիւններու կատարման ընթացքը, անդրադարձ կատարած են սահմանազատման և սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնաժողովներու շրջագիծէն ներս տարուելիք աշխատանքներուն, տարածաշրջանի տնտեսական կապերու եւ փոխադրութեան ենթակառոյցներու ապաշրջափակման գծով տարուող աշխատանքներուն եւ այլն։

Հանդիպման ընթացքին մտքեր փոխանակուած են Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագիրի մշակման եւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի կարգաւորման շուրջ:

Արարատ Միրզոյեան ընդգծած է ՀՀ ինքնիշխան տարածքէն ատրպէյճանական զօրքերուն դուրսբերման, բոլոր հայ ռազմագերիներու անյապաղ ազատ արձակման և հրադադարի կարգի անվերապահ պահպանման անհրաժեշտութիւնը։ Կարևոր համարուած է սահմանային իրավիճակի մշտադիտարկման ու վերահսկման միջազգային մեքանիզմներու ներդրումը՝ նոր յարձակումները կանխարգիլելու նպատակով։