Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փուտին Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի յայտարարութիւնը անճիշդ եւ անընդունելի համարած է։

«Ռուսիա միշտ անկեղծօրէն ձգտած է կարգաւորել տարբեր հակամարտութիւններ, այդ կարգին՝ ղարաբաղեանը», «Ռիա նովոստի»-ի հաղորդումով՝ ըսած է Փութին։

Յիշեցնենք, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն «France 2» պատկերասփիւռային ընկերութեան եթերով Ռուսիան մեղադրած է վերջերս նպատակաուղղուած սադրանքներով Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջև բախումներ հրահրելու համար, որուն նպատակը կովկասեան տարածաշրջանի, և այլ շրջաններու, ապակայունացումն է։ Այս մասին գրած էր «Ռոյթըրզ»-ը։