Հայերը միակ ժողովուրդն են, որ թարգմանիչներու համար տօն սահմանած են. եկեղեցի՛ն սահմանած է այդ տօնը, ինչ որ կը նշանակէ, թէ սրբացուած են թարգմանիչները՝ 5-րդ դարու թարգմանիչները, որոնց թարգմանած առաջին խօսքն էր՝ «Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ»:
Թարգմանուած այս առաջին նախադասութիւնը մեծ խորհուրդ կը պարունակէ իր մէջ եւ կը խտացնէ հայ մարդուն դաւանած արժէքները՝ իմաստութեան եւ խրատին կարեւորութիւնը մեր կեանքին մէջ, ապա լայնասիրտ մօտեցումը հանճարներու, բոլոր հանճարներու գործերուն, այն գիտակցութեամբ թէ հանճարներու գործերուն իմացումը կը խորացնէ իմացումը մեր կեանքին եւ անոր իմաստին:
Սրբոց թարգմանչաց վարդապետացն մերոց տօնը ազգային-եկեղեցական տօն է, որ կը նշուի Ս. Խաչի տօնին չորրորդ Կիրակիին յաջորդող Շաբաթ օրը, հետեւաբար կայուն թուական չունի եւ ամէն տարի թէեւ օրը նոյնը կը մնայ (Հոկտեմբերի երկրորդ Շաբաթ օրը), բայց ամսաթիւը կը փոխուի:
Հետաքրքրական երեւոյթ է այս սրբացումն ու տօնի սահմանումը: Ինչո՞ւ պէտք է թարգմանիչները սրբացուին, անոնց համար տօն նշանակուի եւ ամէն տարի Հոկտեմբեր ամսուն տօնուի, մանաւանդ դպրոցները փակելով այդ առիթով:
Առաջին պատճառը այն է, որ տօնը կը նշէ հայ դպրութեան սկիզբը:
Երկրորդ պատճառը այն է, որ մեծ թիւով կրօնական գրականութիւն թարգմանուած է հմուտ լեզուագէտներու կողմէ, որոնք ծանօթ էին այն ժամանակներու կարեւորագոյն երկու լեզուներուն՝ յունարէնին եւ ասորերէնին, որոնցմով արձանագրուած էր կրօնական ամէնէն հիմնական գրականութիւնը:
Երրորդ պատճառը կարելի է քաղաքական կամ դիւանագիտական կոչել, որովհետեւ նպատակ կար հայոց տկարացած պետականութիւնը զօրացնելու:
Չորրորդը՝ թարգմանչաց տօնը նաեւ հայ մշակոյթին տօնն է:
Այս տօնը գիրերու գիւտին, Աստուածաշունչին հայերէնի թարգմանութեան, հայերէն լեզուով ստեղծագործութիւններուն եւ հայ դպրոցներու կառուցման ընդհանուր տօնն է։ Ճիշդ է, որ այս բոլոր յիշուածները միանգամայն չեղան, բայց անոնք իրարմէ ծնունդ առին, որովհետեւ եթէ չըլլար գիրերու գիւտը, պիտի չըլլային թարգմանութիւնները, պիտի չըլլար հայ լեզուով ստեղծագործութիւն եւ անշուշտ պիտի չըլլային դպրոցները:
Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութիւնը կոչուած է «թագուհի թարգմանութեանց»  ֆրանսացի գիտնական Լա Քրոզի կողմէ (1661-1719):
Ծայր առած թարգմանական շարժումը նաեւ որոշ պետական շահեր կը հետապնդէր, այսինքն նաեւ քաղաքական որոշում մըն էր. հայոց գիրերու ստեղծումով Արշակունիներուն թուլցած գահին պաշտօնական գրագրութիւնը յունարէնէ եւ ասորերէնէ պէտք էր անցնէր հայերէնի, իսկ հայալեզու դպրոցն ու գրականութիւնը հայալեզու եկեղեցւոյ միջոցով պէտք էր նեցուկ դառնային հայոց պետականութեան ու ժողովուրդին ինքնութեան պահպանման։
5-րդ կամ Ոսկեդարու շրջանի թարգմանութիւնները շատ կարեւոր կը համարուին ոչ միայն հայոց համար, այլ նաեւ միջազգային մատենագրութեան համար, որովհետեւ կարգ մը կարեւոր մատեաններու բնագրերը անվերադարձ կերպով կորսուած են, իսկ պահպանուած հայերէն թարգմանութիւնը ստացած է բնագրային արժէք:
Ըսուած է, թէ զէնքի կողքին մշակոյթը եւս, իր բոլոր բաղադրիչներով, կարեւոր զէնք մըն է ինքնութեան պահպանումին համար: Սակայն վերջերս կարծես այնքան տարուած ենք մշակոյթով (դժբախտաբար՝ անոր աւելի մատչելի եւ որոշ չափով աժան ներկայացումով), որ մոռցած կը թուինք ըլլալ զէնքին անհրաժեշտութիւնը:
Թարգմանութիւնը բարեբախտաբար շարունակուեցաւ եւ զարգացաւ մանաւանդ 19-րդ դարուն եւ թափ առաւ Պոլսոյ մէջ, ուր թարգմանուեցան բազմաթիւ օտար հեղինակներու գիրքեր, որոնց կարգին նաեւ ժողովուրդը գրաւող վէպեր, որոնք մեծ սատար հանդիսացան ընթերցանութեան զարգացումին եւ տարածումին:
Այսօր եւս Հայաստանի մէջ կը շարունակուի թարգմանութեան աւանդութիւնը. իրապէ՛ս մեծ թիւով միջազգային գիրքեր, աշխարհի շատ տարբեր լեզուներով գրուած (մինչեւ իսկ թրքերէն) իրենց ճամբան կը գտնեն դէպի հայ ընթերցողը:
Իսկ Հալէպը միշտ ալ ունեցած է ոչ միայն արաբագիր հայ գրողներ (թէեւ փոքր թիւով), այլ նաեւ վերջին տասնամեակներուն արաբերէնի թարգմանութեան մեծ ալիք մը, որուն գլխաւոր անունները կը մնան Նիզար Խալիլի (†), տոքթ. Ալեքսան Քէշիշեան, Միհրան Մինասեան եւ դոկտ. Հուրի Ազէզեան:
Ժողովուրդ մը, որ գիտէ գիրին եւ մշակոյթին արժէքը, չի մեռնիր. Կը մնայ, որ վերյիշենք նաեւ զէնքին դերը, այսօրուան մեր պայմաններուն մէջ:
Մարուշ Երամեան