Նախակրթարանի հայերէնի դասերէն մէկը Գեղարդի վանքին մասին էր: Այդ դասը տարբեր էր, հաւանաբար այն պատճառով, որ աւանդութիւն մը կը ներկայացնէր նաեւ:
Ուսուցչուհին այնքան մանրամասն եւ ոգեւորուած կը պատմէր, որ բոլորս լուռ մտիկ կ’ընէինք: Ամբողջ պատմութեան մէջ ամէնէն աւելի ուշադրութիւնս գրաւած էին օրհնուած ջուրը ու անկէ կազմուած փոքրիկ լճակը, ուր աշխարհի տարբեր անկիւններէն հայ եւ օտար զբօսաշրջիկներ մետաղադրամ նետելով մուրազ կ’ուզէին կամ երազանք կը պահէին: Այդ դասապահէն ի վեր լճակին մտովի խոստացած էի, որ երբ հայրենիք երթամ ու այցելեմ Գեղարդի վանքը «այսինչ» երազանքը պիտի պահեմ եւ դրամ նետեմ ջուրին մէջ:
Չորրորդ դասարանէն այդ երազանքս ամէն տարի կը փոխուէր եւ աստիճանաբար երազանքներու շարան մը կը գոյանար այդ լճակին համար:
Քանի մը օր առաջ, երբ այցելեցի Գեղարդն ու «Երազի լճակը», երկար տարիներու ընթացքին հիւսած երազներս  անհեթեթ թուեցան, նոյնիսկ այն երազները, որոնք Գեղարդ բարձրացած ճամբուն վրայ կը հիւսէի…
Անորոշ վիճակի մէջ էի: Չէի գիտեր ի՛նչ ուզել: Կը փորձէի երազանքներս զտել, բայց չէի յաջողեր, պէտք էր ելք մը գտնէի, որովհետեւ աւանդութեան համաձայն մէկ լումայ պիտի նետէի եւ մէկ երազանք պահէի:
Ի՞նչ ուզէի, կամ ինչպէ՞ս կրնայի այդ անձնական երազանքներս պահել, երբ քանի մը ժամ տեւող  ճամբուն հեռաւորութեան վրայ զինուոր մը իր կեանքը կը զոհէր, որպէսզի ես կարենայի հոն կանգնած ուրախ-զուարթ երազել: Ինչպէ՞ս կրնայի հայրենիքի մէջ մեր առած նոր քայլերուն կանաչ ճանապարհ մաղթել, երբ հայրենիքի դրախտային կանաչութիւնը կ’այրէր: Ինչպէ՞ս խաղաղութիւն երազէի, երբ այնքան հայրենի հող ունէինք ազատագրելու:
Շուշին կ’ուզէի, Բերձորը կ’ուզէի, Ամբողջական Հայրենիքի անվտանգութիւնը կ’ուզէի եւ դեռ շատ ու շատ երազանքներ իրականացած տեսնել կ’ուզէի:
Ո՞ր երազանքը պահէի, ո՞րը՝ զոհէի։
Ի վերջոյ հարցս լուծեցի Աստուծոյս հետ, երբ համաձայնեցանք, որ մէկ դրամ նետելով պիտի արտօնէր, որ հազար երազանք պահեմ…
Այդպէս ալ ըրի…
Արփի Գէորգեան